Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

May 11, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց
Պապական Նուիրակը

Շաբաթ, 6 մայիս 2023-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը:

Վեհափառ հայրապետին եւ պապական նուիրակին միջեւ խորհրդակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանի ներքին կացութեան եւ մասնաւորաբար նախագահական ընտրութեան վրայ: Այս ծիրին մէջ եղան տեղեկութիւններու ու տեսակէտներու փոխանակում` կարեւորութեամբ շեշտելով շուտափոյթ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամայականը:

Յայտնենք, որ պապական նուիրակը Ֆրանչեսքոս պապին կողմէ նամակ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց
Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Կիրակի, 7 մայիս 2023-ին  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան` Լիբանան-Վատիկան յարաբերութիւնները, Լիբանանի ներկայ տագնապալի իրավիճակը եւ նախագահական ընտրութեան հետ առնչուած հարցեր:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Բերիոյ Հայոց
Թեմի Առաջնորդ Մակար Եպս. Աշգարեանը

Երկուշաբթի, 8 մայիս 2023-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանը:

Առաջնորդ սրբազանը կաթողիկոսին զեկուցեց թեմին կատարած աշխատանքները, յատկապէս` երկրաշարժին պատճառով ստեղծուած դժուար պայմաններուն մէջ: Արամ Ա. գոհունակութեամբ հաստատեց, որ առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ, Ազգային իշխանութիւնը եւ քոյր կազմակերպութիւններու մարմինները հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանք կը կատարեն օգտակար հանդիսանալու համար մեր ժողովուրդի կարիքներուն: Հայրապետը միաժամանակ յիշեցուց, որ յատուկ կարեւորութիւն անհրաժեշտ է տալ Քեսապի, Լաթաքիոյ, Ճէզիրէի եւ այլ շրջաններու մեր ժողովուրդի կարիքներուն` միշտ նկատի ունենալով առաջնահերթութիւնները:

Այս առիթով կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն դարմանման ծիրին մէջ Սուրիոյ հայութեան կատարուող օժանդակութիւններուն` թեմերու, կազմակերպութիւններու ու ազգայիններու կողմէ եւ յիշեցուց, որ երբ մեր ազգին մէկ մասը կարիքը ունի օգնութեան, անհրաժեշտ է համազգային ճիգով օգտակար հանդիսանալ անոր:

 

 

Նախորդը

Մեր Կառոյցները

Յաջորդը

Պարսելոնա Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Թոքիոյի Մէջ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.