Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբը Ներկայացուց «Թումանեան` Երէկ Եւ Այսօր»-ը

Մայիս 10, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 7 մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը ներկայացուց «Թումանեան` երէկ եւ այսօր» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Սիլվա Սողոմոնեանի:

Արդարեւ, «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը մշակոյթի եւ արուեստի ճամբուն վրայ` խանդավառելով եւ քաջալերելով պատանիները` մտնելու թատրոնի աշխարհ:

Ամենայն Հայոց բանաստեղծ եւ մանկական գիրքերու հեղինակ Յովհաննէս Թումանեանի մահուան 100-ամեակին առիթով «Արեգ»-ը ներկայացուց Թումանեանի հեքիաթներէն 10 երկեր. «Շունն ու կատուն», «Տէրն ու ծառան»,  «Կաթիլ մը մեղր», «Ոսկիի կարասը», «Անբան Հուրին», «Կիկոսին մահը», «Սուտասանը», «Բարեկենդանը», «Անխելք մարդը», «Պոչատ աղուէսը»: Տասնամեակներ առաջ գրուած Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներուն նիւթերը հարազատ են մեզի այսօր, որովհետեւ կ’արծարծեն մարդկային արժէքներ եւ ապրումներ: Թումանեանի հեքիաթներով միացուած էին երէկը եւ այսօրը, ուր ձեւը փոխուած էր, բայց մարդկային զգացումները, ներաշխարհն ու պոռթկումները մնացած էին նոյնը:

«Թումանեան երէկ եւ այսօր» թատերախաղին մէջ դերեր ստանձնած են` Ալթունեան Լալիկ, Այվազեան Կարին, Աշգարեան Քամի, Արսլանեան Ֆիմի, Գարկայեան Կալիա, Խաչատուրեան Կալիա, Կարապետեան Սեւանայ, Կարապետեան Վանայ, Կէօվլէքճեան Անճելա, Ղազարեան Քրիսթին, Ճապաղջուրեան Ալիք, Ճապաղջուրեան Փաթիլ, Մարտիկեան Մարիա, Մելիքսեթեան Մարքասթիա, Յարութիւնեան Էմմա, Չափարեան Ալպերթօ, Պորոյեան Վան, Սահակեան Հայարի, Սահակեան Սոնիա, Սիւմպիւլեան Սէրլի, Սիւմպիւլեան Արմէն, Սոլաքեան Լոռի, Վարդանեան Համբիկ, Վարդանեան Փաթիլ, Տեմիրճեան Լիլիթ, Տեմիրճեան Օլիվըր, Տեմիրճեան Վայգ, Քենտիրճեան Լիմ, Քերքեզեան Արման, Օղկասեան Յարութ: Բեմայարդարումը, որ կը ներկայացնէր հին եւ նոր կեանքը միասնաբար, կատարած էր Թալին Դաւիթեան-Լախեան, որ նաեւ պատասխանատուն էր գոյքերու եւ տարազներու: Բեմավարներն էին Թինա Թաշճեան եւ Կասիա Գարկայեան: Դիմայարդարումը կատարած էր Ալեակ Լատոյեանը, լուսաւորումը եւ երաժշտութեան ընտրութիւնը` Սուրէն Խտըշեանը, ընդհանուր թեքնիք պատասխանատուն էր Մարալ Լատոյեանը, իսկ որմազդը գծած էր Տարիա Խտըշեանը:

Արդարեւ, շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ, «Արեգ» թատերախումբի 8-14 տարեկանի միջեւ տարուբերող դերասաններու ինքնավստահ, համարձակ տպաւորիչ ու խոստմնալի խաղարկութիւնը խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ` ուրախացնելով բոլոր մանուկներն ու ներկաները:

Բեմադրիչ Սիլվա Սողոմոնեան անգամ մը եւս յաջողած էր իր առաքելութեան մէջ` իր շուրջ համախմբելով աշակերտները, որոնք լաւապէս մարմնաւորեցին իրենց ստանձնած դերերը` արժանանալով հանդիսատեսներու բարձր գնահատանքին:

Արդարեւ, նոր սերունդին մէջ կան արժանաւորներ, շնորհալիներ, սակայն պէտք է գտնել զանոնք, ապա` քաջալերել եւ առաջ մղել, վստահիլ ու գուրգուրալ անոնց վրայ, եւ այս մէկը ակնյայտ է Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ Գեղարուեստի դպրոցներու «Արեգ» թատերախումբին մէջ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Նորագիրներու Սեմինար Եւ Ուխտի Արարողութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?