Երեքշաբթի, 16 մայիս 2023-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնի եկեղեցւոյ Ռայի պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչը` Փոլ Սայահ արքեպիսկոպոսը:
Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցին վրայ: Արքեպիսկոպոսը վեհափառ հայրապետին զեկուցեց անցնող շաբթուան ընթացքին Պքերքէի ունեցած խորհրդակցութիւնները յիշեալ հարցին գծով: Որոշուեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ պատրիարքին միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակել:


