Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսմանեան Կայսրութեան Կողմէ Ասորիներու, Հայերու Եւ Այլ Քրիստոնեաներու Դէմ Գործուած Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Նշում

May 6, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Ասորական միութիւն կուսակցութեան, շաբաթ, 29 ապրիլին Զահլէի մէջ ոգեկոչուեցաւ 108-ամեակը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած հաւաքական սպանդին` ասորիներուն, հայերուն եւ ընդհանրապէս արեւելքի ու յատկապէս Լեռնալիբանանի մարոնիներուն նկատմամբ:

Քաղաքական եւ հոգեւոր պաշտօնական անձնաւորութիւններու կարգին, «Արարատ լեռէն եւ երկու գետերէն մինչեւ Լեռնալիբանան` մէկ սուր» խորագիրը կրող ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէի անդամներ եւ Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

Այս առիթով արտասանուեցան խօսքեր` ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին, Մարոնիական ասորական միութեան, Ասորական միութիւն կուսակցութեան կողմէ: Բոլորն ալ հաստատեցին, որ միեւնոյն թուրը ճօճուեցաւ Արարատ լեռէն մինչեւ Լեռնալիբանան` պարտադրելու մէկ ինքնութիւն եւ մէկ կրօն,  դիտել տալով, որ թրքական պետութիւնը տակաւին կը շարունակէ ժխտել իր կատարած ոճիրները, որոնց վերաբերող բազում փաստեր գոյութիւն ունին, եւ զորս ընդունած են բազմաթիւ մեծ պետութիւններ: Խօսք առնողները հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն իրենց պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիա ընդունի իր յանցագործութիւնը եւ հատուցում կատարէ, որպէսզի մարդկային պատմութեան մէջ գործուած ահաւոր ցեղասպանութիւնը չկրկնուի:

ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին անունով Խաժակ Բալուլեան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ ազգաջինջ քաղաքականութիւնը, որուն թիրախ դարձան շատեր, յատկապէս` հայեր, ասորիներ, քաղդէացիներ եւ այլն: Ան շեշտեց, որ այս բոլորին նպատակը մէկ է` ազգերը բնաջնջել եւ անոնց գոյութեան վերջ տալ, բայց եւ այնպէս թրքական ոճրային ծրագիրը ձախողեցաւ, եւ 108 տարիներ ետք այդ ազգերը ոչ միայն պահած են իրենց գոյութիւնը, այլ նաեւ` իրենց մշակոյթը, կրօնը, լեզուն եւ ազգային արժէքները:

Խ. Բալուլեան նշեց, որ ժամանակի թաւալումին հետ իրերայաջորդ սերունդներ կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց Դատին, իսկ կատարուած սպանդները կը մնան դաջուած մարդկութեան ճակատին` իբրեւ ամօթի նշան: Ան շեշտեց, որ ժամանակը եկած ու անցած է նոյնիսկ արդար պատիժը տալու ոճրագործին, որպէսզի ապագային նման սպանդներ չկրկնուին:

Մերօրեայ իրադարձութիւնները լուսարձակի տակ առնելով` ան ըսաւ, որ Թուրքիա այսօր եւս իր դրացի եւ դաշնակից Ազրպէյճանի հետ կը շարունակէ նոյն ոճրային քաղաքականութիւնը` Արցախի մէջ ոճիրներ գործելով, մեծաթիւ արցախցիներ զրկելով իրենց պապենական հողերէն, ամիսներ շարունակ Արցախը շրջափակուած պահելով եւ մարդկային աղէտի պատճառ դառնալով: Սակայն կրկին, ցաւ ի սիրտ, միջազգային ընտանիքը կը բաւարարուի յայտարարութիւններով, առանց ազդու քայլերու դիմելու:

Խաժակ Բալուլեան շեշտեց, որ հակառակ ամէն ինչի` չենք յուսահատիր, չենք յանձնուիր, իսկ ասոր փաստը այն է, որ կը շարունակուին ոգեկոչման ձեռնարկները, պահանջատիրական արտայայտութիւններն ու նախաձեռնութիւնները: Ըստ անոր, նման հաւաքներ առիթ են վերանորոգելու գոյատեւման ուխտը, վերահաստատելու, որ հատուցման պահանջը կը շարունակէ առկայ մնալ, այնքան ատեն որ կան իրաւատէրեր, որոնք չեն զիջած:

Խօսքեր առին նաեւ Ասորական միութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Լէյլա Լըթէյ, Մարոնիական ասորական միութեան նախագահ Ամին Սքանտար եւ Ասորական միութիւն կուսակցութեան միջազգային նախագահ Իպրահիմ Մրատ:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում` Ժիպէյլի Մէջ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Պոսթըն Սելթիքս Եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ Հաւասարեցուցին Արդիւնքը` 1-1

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.