Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն Ուղղուած Կալուածատէրերուն Եւ Բնակիչներուն (Պուրճ Համուտի Մէջ Ոչ Լիբանանցիներու Ներկայութիւնը Կարգաւորելու Միջոցառումներուն Վերաբերեալ)

May 19, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ իր փոքր տարածութեան, Պուրճ Համուտի մէջ կ՛ապրին տարբեր շրջաններու, համայնքներու եւ Լիբանանի տնտեսական ու ընկերային տարբեր մակարդակի բնակիչներ:

Պուրճ Համուտը անցնող տարիներուն ընթացքին հիւրընկալած է մեծ թիւով բնակիչներ, որոնք տարբեր քաղաքացիութիւններէ են` արաբական, ափրիկեան, ասիական եւ այլն. անոնք բնակութիւն եւ աշխատանք որոնելու նպատակով ուղղուած են Պուրճ Համուտ` նկատի ունենալով իրենց երկիրներուն դիմագրաւած տագնապալի վիճակը:

Իսկ Պուրճ Համուտ հիւրընկալած է զանոնք մեկնելով մարդկային, պատասխանատուութեան եւ առանց խտրութեան այլ ժողովուրդներու զօրակցելու իր գիտակցութենէն:

2019-ին Լիբանանը հարուածած տնտեսական ծանր տագնապին պատճառով շատեր անգործ մնացին ոչ լիբանանցի աշխատաւորներու գոյութեան եւ ստեղծուած անհաւասար մրցակցութեան հետեւանքով:

Աւելի ուշ, Պուրճ Համուտ հասած մեծ թիւով ոչ լիբանանցի քաղաքայիններու գոյութիւնը պատճառ դարձաւ, որ շրջանին մէջ օրէնքներու խախտում արձանագրուի` նկատի ունենալով վարձակալութեան սկզբունքները, բնակարաններու, վաճառատուներու եւ գործարաններու իմաստով:

Հետեւաբար պէտք է հաշուի առնել, որ Պուրճ Համուտի մէջ տիրող այս կացութիւնը ապահովական, ընկերային եւ բարոյական քաոսի դռներ կը բանայ, որովհետեւ հոն կ՛ապրին լիբանանցիներ` տարբեր կրօններէ, համայնքներէ, յարանուանութիւններէ ու քաղաքական պատկանելիութիւններէ, ինչպէս նաեւ ոչ լիբանանցիներ:

Իսկ հիմնուելով ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան կողմէ նահանգապետներուն եւ անոնց ճամբով նաեւ գաւառապետներուն ու քաղաքապետներուն յղուած հրամանագիրին վրայ, որ երկրին գերագոյն շահերը պահպանելու համար կը յանձնարարէ իրենց շրջաններուն մէջ ոչ լիբանանցի քաղաքայինները արձանագրել եւ անոնց օրինական փաստաթուղթերը ստուգել, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր շրջանին մէջ որդեգրեց միջոցառումներ` հիմնուելով «Իւրաքանչիւր քաղաքացի ոստիկան է» սկզբունքին վրայ:

Այս բոլորը նկատի ունենալով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը 15 մայիս 2023-ին տուաւ թիւ 50 որոշումը, որուն համաձայն.

Ա) Պուրճ Համուտի մէջ իւրաքանչիւր կալուածատէր` բնակարանի, վաճառատան կամ գործարանի, պէտք է ներկայանայ քաղաքապետարան եւ քաղաքապետութեան ներկայացնէ, թէ որո՛նք են այն ոչ լիբանանցիները, որոնք կը զբաղեցնեն իրենց կալուածները` վարձակալական համաձայնագիրով, համաձայնաբար, թէ այլ փաստաթուղթի հիման վրայ:

Քաղաքապետարանը տեղեակ պահելու ժամկէտը մէկ ամիս է. անիկա կը սկսի չորեքշաբթի, 24 մայիս 2023-էն:

Իւրաքանչիւր կալուածատէր այս ժամանակաշրջանի ընթացքին պէտք է ներկայանայ քաղաքապետարան եւ հոն գործող յատուկ յանձնախումբին ներկայացնէ իր փաստաթուղթերն ու տեղեկութիւնները:

Նշենք, որ յանձնախումբը պիտի գործէ երեքշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00:

Բ) Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը տուգանքներ պիտի սահմանէ բոլոր այն կալուածատէրերուն նկատմամբ, որոնք չեն ընդառաջեր քաղաքապետութեան որոշումին եւ չեն գործակցիր անոր հետ` ներկայացնելով իրենց փաստաթուղթերը.

Տուգանքները պիտի ըլլան հետեւեալ ձեւով.

– 100 միլիոն լ. ոսկի իւրաքանչիւր բնակարանի կալուածատէրի համար, եթէ ան իր փաստաթուղթերը չէ ներկայացուցած:
– 200 միլիոն լ. ոսկի իւրաքանչիւր վաճառատան կալուածատէրի համար, եթէ ան իր փաստաթուղթերը չէ ներկայացուցած:
– 300 միլիոն լ. ոսկի իւրաքանչիւր գործարանի կալուածատէրի համար, եթէ ան իր փաստաթուղթերը չէ ներկայացուցած:

Տուգանքները վճարելու պարագային քաղաքապետարանը ճշդած է մէկ ամսուան ժամկէտ, իսկ իւրաքանչիւր օրուան ուշացումը 2 առ հարիւրի յաւելում կ՛ենթադրէ, ինչպէս նաեւ օրինական բոլոր միջոցառումներուն պիտի դիմուի, հասնելով մինչեւ օրաթերթերու մէջ կալուածներուն մասին յայտարարութիւններու հրատարակումն ու դատական իշխանութեան դիմումը` քաղաքապետարանի թիւ 50/2023 որոշումը խախտելու հետեւանքով:

Գ) «Իւրաքանչիւր քաղաքացի ոստիկան է» սկզբունքի գործնականացումը` բոլոր քաղաքացիներէն խնդրելով քաղաքապետութեան հետ գործակցիլ եւ զայն տեղեակ պահել ոչ լիբանանցիներու մասին, որոնք կը բնակին Պուրճ Համուտի սահմաններուն մէջ գտնուող այս կամ այն կալուածին մէջ, որպէսզի քաղաքապետութիւնն ու ապահովութեան ուժերը կարենան ճշդել անոնց ինքնութիւնը եւ Լիբանանի մէջ մնալու ու գործելու անոնց օրինականութիւնը:

Այս նպատակով քաղաքապետութիւնը տրամադրած է հեռաձայնային երկու թէժ գիծեր` 01-260155 եւ 01-256403, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան քաղաքացիներուն կողմէ ներկայացուելիք բոլոր տեղեկութիւնները արձանագրելու երեքշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նախորդը

Յ. Բագրատունի Այցելեց Բանակի Հրամանատարին

Յաջորդը

«Կովերու Պարտէզ»-ին Հարցով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Մէջ Մտահոգիչ Վիճակ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.