Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Aurora՛s Sunrise» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

May 20, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ «Metropolitan cinema association»-ի «Real screen»-ի յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, չորեքշաբթի, 17 մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւնը Մարդկային իրաւունքներու շարժապատկերի փառատօնի մեծագոյն մրցանակին տիրացած «Aurora՛s Sunrise» ժապաւէնին, որ բեմադրուած է Իննա Սահակեանի կողմէ եւ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Արշալոյս Մերտիկանեանի պատմութիւնը:

Արդարեւ, երբ գործադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Արշալոյս Մերտիկանեան` Օրօրան, 14 տարեկան էր եւ ինք ալ այլոց նման առեւանգուեցաւ, վաճառուեցաւ, սակայն երկու տարի ետք յաջողեցաւ փախուստ տալ դէպի Նիւ Եորք: Ան չլռեց, չընկճուեցաւ իր վերապրած սարսափներէն, որովհետեւ պէտք էր աշխարհը հաղորդակից դարձնէր հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան մասին եւ այդ առաքելութիւնը ան կատարեց փայլուն կերպով: Միացեալ Նահանգներու մէջ շաբաթական դրութեամբ հրատարակուեցաւ անոր յուշագրութիւնը, որ հետագային վերածուեցաւ գիրքի` «Ravished Armenia» խորագիրով: 1919-ին «Auction of Souls» ժապաւէնը դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող առաջին ժապաւէնը, որուն գլխաւոր դերակատարն էր Արշալոյս Մերտիկանեան, նոյնինքն` Օրօրան: Անիկա բացառիկ յաջողութիւն գտաւ Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Պոսթընի, Լոնտոնի, Փարիզի, Սիտնիի, Պուէնոս Այրեսի, Հաւանայի մէջ` ունենալով աննախընթաց թիւով դիտողներ, եւ անոր հասոյթը ամբողջութեամբ տրամադրուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի որբերու կենսաապահովման:

«Յ. Տէր Մելքոնեան»-ի մէջ, նախքան ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, խօսք առաւ «Metropolitan cinema association»-ի եւ «Real screen»-ի յանձնախումբի անդամ Հրակ Թումայեան, որ բացատրեց յիշեալ միութեան առաքելութիւնը, որն է` յառաջ տանիլ եւ զարգացնել ժապաւէնի աշխարհը: Ան բացատրեց, որ այս միութեան նախաձեռնութիւններէն մէկն է «Real screen»-ի փառատօներ կազմակերպել.  ներկայիս 18-րդ փառատօնն է, որ կը կազմակերպուի, եւ «Aurora՛s Sunrise» ժապաւէնը իրենց զատած ժապաւէններու շարքին է:

Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին «Aurora՛s Sunrise» ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէր ցեղասպանութենէ վերապրած Արշալոյս Մերտիկանեանի` Օրօրայի պատմութիւնը գծանկարային (animation) ձեւով: Հոն կային Օրօրայի խաղցած «Auction of Souls» ժապաւէնէն բաժիններ, ջարդէն տեսարաններ, նաեւ հարցազրոյցներ, որոնք կատարուած էին նոյնինքն Օրօրայի հետ` նախքան անոր մահանալը:

Նախորդը

Նժդեհ Մերտխանեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ

Յաջորդը

Յինանց Կիրակիներ. Երկրորդ Ծաղկազարդ

RelatedPosts

վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՀՄԸՄ-ի  լիբանանի շրջանային նորընտիր վարչութիւնը
Գաղութային

վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՀՄԸՄ-ի լիբանանի շրջանային նորընտիր վարչութիւնը

February 25, 2026
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ
Գաղութային

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ

February 25, 2026
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.