Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատայի Հայոց Թեմ
Ինչպէս ծանօթ է, Արամ Ա. կաթողիկոսը 2023 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի Բ.- ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում»: Այս շրջագիծին մէջ վեհափառ հայրապետը ձեռնարկած է հովուապետական այցելութիւններու` նպատակ ունենալով սփիւռքի մեր գաղութներու վերակազմակերպումը, մեկնելով «Հզօր սփիւռք` հզօր Հայաստան եւ հզօր Արցախ» տեսլականէն ու յանձնառութենէն: Արդարեւ, երեքշաբթի, 31 մայիս 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Քանատա` ընկերակցութեամբ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի եւ...




















