Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Աւագ Շրջանաւարտներու Մեծարանքի Երեկոյ

May 19, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇՈՂԻԿ ԶԱՔԱՐԵԱՆ-ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի (ԿԲՎ) հիմնադրութեան 101-րդ տարեդարձը նշուեցաւ իւրայատուկ ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ 13 մայիս 2023-ին, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, մեծարելու համար Լիբանանի մէջ գտնուող հնարաւորինս հասանելի 1950-1970 տարիներու շրջանաւարտները:

Վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Աստուծոյ փառք կու տանք, որ այս վարժարանը ձեր մէջ սերմանած է ազգային եւ հոգեւոր հունտեր, որոնց շնորհիւ իւրաքանչիւրդ իր ներդրումը ունեցած է լիբանանահայ գաղութին մէջ: Սիրելի՛ աւագ շրջանաւարտներ, մենք հպարտ ենք ձեզմով»:

Պատրաստուած էր աշակերտական գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը: Ելոյթ ունեցան վարժարանի երգչախումբը` ղեկավարութեամբ յայտնի երգչուհի Շողիկ Թորոսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Համեստ Պոյաճեանի, ապա Սելլա Սվաքճեան (ջութակ)` Ալեքս Մանոր Հալլաճեանի (դաշնակ) ընկերակցութեամբ, Տեսիլ Լօշխաճեան (մեներգ)` Հրակ Օհանեանի (դաշնակ) ընկերակցութեամբ, արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին:

Շրջանաւարտներուն կողմէ սրտի խօսք արտասանեց 1959-ի շրջանաւարտ Սօսի Պալեան, որ վարժարանին հակիրճ պատմականը ընելէ ետք ներկայացուց դպրոցական օրերէն մերթ զուարթ եւ մերթ յուզումնալից դէպքեր` նշելով 1 ապրիլ 1960-ի ահաւոր արկածը: Ան գնահատանքով խօսեցաւ ԿԲՎ-ի շրջանաւարտներու իրագործումներուն մասին` տեղական, թէ միջազգային մակարդակով:

Օրուան մեծարանքի բաժինով տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմենճեան ներկաներուն խանդավառ ծափերուն ընդմէջէն բեմ հրաւիրեց իւրաքանչիւր ներկայ աւագ շրջանաւարտ եւ զայն մեծարեց յատուկ յուշանուէրով մը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ, վերապատուելի Հրայր Չոլաքեանի օրհնութեան աղօթքով:

Ներկաները հիւրասիրութեան ընթացքին հաճելի եւ մտերմիկ զրոյցներով, յիշատակելի օրուան մը գոհունակութեամբ եւ խանդավառ տրամադրութեամբ մեկնեցան` արտայայտելով իրենց գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը:

17 մայիս 2023

Նախորդը

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Յաջորդը

Յակոբ Պարոնեանին Հետ

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ

November 6, 2026
Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին.   «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին
Գաղութային

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին. «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.