Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտութեան Վերջին Շրջանի Աշխատանքները

Մայիս 15, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիսի սկզբնաւորութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտները մասնակից դարձան գաղութին մէջ կազմակերպուած տարբեր նախաձեռնութիւններու, ինչպէս նաեւ ունեցան իրենց աշխատանքները, որոնցմէ կը ներկայացնենք հիմնականները:

– Մայիս 6-ի կէսօրէ ետք, Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` «Շաղզոյեան» կեդրոնէն մինչեւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ: Այս քայլարշաւը առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը, ինչպէս նաեւ անոր մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:

– Շաբաթ, 6 մայիսին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան պարմանուհի ճիւղի աշխատանքը, Այնճարի մէջ:

Առաւօտեան ժամը 7:00-ին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի եւ Անթիլիասի մասնաճիւղներու պարմանուհիները մեկնեցան Այնճար` միանալու Այնճարի մասնաճիւղի իրենց քոյրերուն: Բացման արարողութենէն ետք մասնակիցները բաժնուեցան տասնեակներու, ընտրեցին իրենց տասնապետները, եւ նշանակուեցան փոխտասնապետները: Ապա անդամները ունեցան ծանօթացման խաղ եւ դասախօսութիւն` հետազօտական արշաւ¬ բանակումի եւ քարտէսագիտութեան մասին: Անկէ ետք, իբրեւ գործնական աշխատանք, սկիզբ առաւ քարտէսի գործածութեամբ ռալի փէյփըր արշաւը, որուն միջոցով անդամները ծանօթացան Այնճարին` այցելելով յատկանշական վայրեր եւ ունենալով հետախուզական արշաւ, հեծելարշաւ, լեռնարշաւ:

Աւարտին «Սօսէ Մայրիկ» տասնեակը ստացաւ «Լաւագոյն տասնեակ»-ի վկայագիր:

– Պատրաստուելու համար այս տարի կայանալիք Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնակցող անդամներուն համար տեղի ունեցաւ սեմինար մը կիրակի, 7 մայիսին, Պէյրութի ակումբին մէջ` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային խմբապետութեան:

Դրօշակի արարողութենէն ետք Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Չպլաքեան բացատրեց բանակումի կարեւորութիւնը, Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մասնակիցներուն ուսերուն դրուած պարտաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց` լաւագոյնս ներկայացնելու ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտութեան կերպարը` տարբեր շրջաններէ համախմբուած ՀՄԸՄ-ականներուն մէջ:

Խօսք առաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապագեան, որ քաջալերական խօսքեր ուղղեց եւ յաջողութիւն մաղթեց պատուիրակութեան:

Անկէ ետք Շրջանային խմբապետ Լոռի Պիլալեան մասնակիցները բաժնեց խմբաւորումներու եւ յանձնախումբերու, որոնք սկսան աշխատանքի: Ճաշէն ետք կատարուեցաւ գոյքերու ստուգում եւ այլն:

Սեմինարը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արարատին

Յաջորդը

Այցելութիւն «Ազդակ» Օրաթերթի Խմբագրատուն

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?