Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գործունէութեան

May 13, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ի եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները ուրբաթ, 12 մայիս 2023-ին այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, ուր անոնք դիմաւորուեցան հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի կողմէ:

Հանդիպումը սկսաւ տպարան այցելութեամբ, ուր Յ. Հաւաթեան ներկայացուց տպարանի պատմութեան անցած տարբեր փուլերը:

Յ. Հաւաթեան նշեց, որ Համազգայինի տպարանը ամբողջ սփիւռքի կարիքները կը գոհացնէ, սակայն կացութիւնը հետզհետէ կը դժուարանայ:

Ան անդրադարձաւ տարբեր կառոյցներուն. ա) տպարան, բ) գրատարած, գ) գրախանութ, դ) «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ:

Ան նաեւ ներկայացուց հրատարակչատան դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւնները եւ անոնց ուղղութեամբ կատարուող քայլերը:

Յ. Հաւաթեան յայտնեց, որ տպարանը ընդմիշտ կը քաջալերէ նոր սերունդը գիրքեր պատրաստելու եւ կը ստանձնէ լաւագոյններուն հրատարակութիւնը:

Ապա մասնակիցները բարձրացան հրատարակչատուն, ուր տեսան տպագրական առաջին գործիքը, զոր Նիկոլ Աղբալեան առաջին աշխատցնողը եղած է:

Յ. Հաւաթեան «ապագայ լրագրողներ»-ուն ցոյց տուաւ տպարանին լոյս ընծայած տարբեր հրատարակութիւնները:

Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան այս ներկայացումին եւ ուղղեցին հարցումներ:

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան Գծով Վերապահ Ու Խանդավառ Մթնոլորտին Մէջ. Սերտ Ճիգեր` Երկրի Հրատապ Հարցերու Լուծման Գծով

Յաջորդը

Հայաստանը «Եւրատեսիլ-2023»-ի Աւարտականին Հասաւ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.