ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին նախաձեռնած սեմինարը եւ նորագիրներու ուխտի արարողութիւնը տեղի ունեցան շաբաթ, 15 ապրիլ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Սեմինարը սկսաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով: Բացման խօսքով կազմակերպական յանձնախումբի ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան ողջունեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղերու անդամներն ու նորագիրները:
Ան բացատրեց, որ այս սեմինարը կազմակերպուեցաւ յատուկ նորագիրներուն համար` զանոնք ծանօթացնելու ԼՕԽ-ի պատմութեան, կառոյցին եւ առաքելութեան, պատրաստելու ԼՕԽ-ի կանոնագիրով զրահաւորուած, նպատակասլաց ԼՕԽ-ականներ, բծախնդիր գործունէութեամբ, դառնալու բարի օրինակ թէ՛ իրենց շրջապատին եւ թէ՛ ապագայ սերունդներուն:
Սեմինարին առաջին նիւթն էր «ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի պատմականը», զոր ներկայացուց Մարալ Յովհաննէսեան փաուըր փոյնթով: Ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի ծննդոցին, որ կայացաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող կամաւոր հայուհիներու մէկտեղումով եւ դաշնակցական գործիչ Էտկար Ակնունիի աշխատանքով: Նշեց, որ Նիւ Եորքի մէջ 1910-ին կը հիմնուի այսօրուան ՀՕՄ-ը, որ այդ օրերուն կը կոչուէր Հայ կարմիր խաչ: Ան ներկայացուց ՀՕՄ-ը` իբրեւ ինքնավար, ոչ կառավարական եւ ոչ դաւանական մարդասիրական կազմակերպութիւն մը, որ կը ծառայէ հայ ժողովուրդին եւ կը ձգտի պահպանել հայութեան մշակութային ինքնուրոյնութիւնը, ան դիտել տուաւ, որ միութեան գործունէութիւնը ամէնուրեք կ՛ընդգրկէր` նիւթական օժանդակութիւն, տարագիրներու փոխադրութիւն, արհեստանոցներու հիմնում, հանդերձահաւաք, քիւրտերու, թուրքերու եւ արաբներու տուներէ հայ որբերու հաւաք եւ այլն:
Մարալ Յովհաննէսեան յայտնեց, որ 2019-ի տուեալներով, աշխարհի չորս ծագերուն ՀՕՄ-ը ունի 221 մասնաճիւղեր եւ կը հաշուէ շուրջ 12.190 անդամ: Անդրադառնալով ՀՕՄ-ի կառոյցին` ան պատկերացուց զայն որպէս բուրգ, որուն հիմքի քարերը կը կազմեն աշխարհատարած մասնաճիւղերու անդամները, մէջտեղի քարերը` շրջանային եւ մեկուսի վարչութիւնները, իսկ գագաթը` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը: Ան շեշտեց, որ աշխարհատարած հայութեան մէջ ՀՕՄ-ի կամաւորներու հսկայ բանակը կը մնայ պատնէշի վրայ` ըլլալով միշտ հաւատարիմ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իր իսկ կարգախօսին:
Յաջորդ բաժինով Մարալ Յովհաննէսեան խօսեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` ԼՕԽ-ի մասին, որ ՀՕՄ-ի միաւորներէն մին է, եւ որ` գոյացած է ազգին կարիքներէն, յետեղեռնեան տառապանքի արհաւիրքէն փրկելու հայ գաղթականները, տեղաւորելու, խնամատարական, առողջապահական, սննդաբաշխման եւ կրթական աշխատանքներ տանելու: Ան յայտնեց, որ 1918-1930 Սուրիա եւ Լիբանան, պետական մէկ միաւոր ըլլալով, Լիբանանը մաս կը կազմէր Սուրիահայ օգնութեան խաչին: 1930-ին Լիբանան ժամանող գաղթականներու թիւը հսկայ յաւելում կ՛արձանագրէ, եւ կ՛որոշուի Լիբանանահայ օգնութեան խաչը անջատել Սուրիահայ օգնութեան խաչէն, տեղեկացնելով, որ 1935-ին ԼՕԽ-ը պետական ճանաչում կը ստանայ, ան նաեւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ տուաւ ԼՕԽ-ի բազմաբնոյթ աշխատանքներւն մասին:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Սեդա Ճուպանեան, որ խօսեցաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան (կառոյց) մասին` նշելով, որ այսօր ան կը գործէ 25 մասնաճիւղերով եւ 14 յանձնախումբերով`կազմակերպական, դաստիարակչական, ընկերային, քարոզչական, կրթական, հաշուեքննիչ, յարաբերական, առողջապահական, կալուածոց, ձեռարուեստի, «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի, «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի, արխիւային, որոնցմէ իւրաքանչիւրը լծուած է իրեն վստահուած գործունէութեան յաջողութեան:
Երրորդ մասով Սիւզի Նաշալեան փաուըր փոյնթով ամփոփ կէտերով ներկայացուց ԼՕԽ-ի կանոնագիրը, որ ստեղծուած է 1930-ին` նպատակ ունենալով ծառայել հայ ժողովուրդին եւ պահպանել հայ մշակոյթը: Ան նշեց պայմանները, զորս ամբողջացնողը կրնայ մաս կազմել միութեան, նաեւ անդրադարձաւ մասնաճիւղերուն տարած լայնածիր գործունէութեան: Ան մանրամասն անդրադարձաւ դիւանի պարտականութիւններուն, բացատրեց ԼՕԽ-ի խորհրդանիշը, այնուհետեւ հակիրճ ակնարկով թուեց կարգապահական օրէնքներն ու պատժամիջոցները:
Յաջորդ փուլին Շողիկ Խաչատուրեան ներկայացուց ԼՕԽ-ի ժողովները, ըսաւ, որ ՀՕՄ-ը ունի 3 գլխաւոր եւ տարբեր մակարդակի ժողովներ` մասնաճիւղային ժողով, Շրջանային պատգամաւորական ժողով, ՀՕՄ-ի Համահայկական պատգամաւորական ժողով: Ան խօսեցաւ ժողովական կարգապահութեան մասին:
Վերջին զեկուցաբերն էր Սալբի Աննայեան, որ ներկայացուց «ԼՕԽ-ականի տիպարը»: Նախ խօսեցաւ լաւագոյն ղեկավարի մասին` նշելով, որ ան պէտք է կարենայ թէ՛ կառավարել եւ թէ՛ հնազանդիլ, ըլլայ զուսպ եւ հաւասարակշռուած: Ան նշեց կարեւորութիւնը ճշդապահութեան, անդրադաձաւ հանդուրժողութեան, ներողամտութեան, ինքնազսպումի, նուիրաբերումի եւ ծառայասիրութեան մասին, որ հիմնական առաքելութիւնն է ՀՕՄ-ականին: Ան նշեց, որ ժողովներու ընթացքին կարծիքներու փոխանակումը շատ կարեւոր ու շինիչ է: Յանձնարարեց ԼՕԽ-ականներուն 100 տոկոսով ստանձնել միութենական պատասխանատուութիւնները, ըլլալ գաղտնապահ եւ ունենալ տեղեկանալու ու տեղեկացնելու համեստութիւնը:
Նախքան ուխտի արարողութիւնը` Մարալ Յովհաննէսեան ծանօթացուց օրուան կնքամայր Յասմիկ Մկըրեանը, որ եղած է ճեմարանաւարտ եւ անդամակցած ԼՕԽ-ին: 26 տարի շարունակաբար գործած է իր շրջանի մասնաճիւղի վարչութեան մէջ: Եղած է հաւատաւոր դաշնակցական եւ մաս կազմած` կոմիտէութեանց աշխատանքներուն:
Երդման արարողութեան ներկայ էր ՀՕՄ-ի Միջին Արեւելքի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան: Նորագիրները կատարեցին իրենց ուխտը` խոստանալով հաւատարիմ մնալ ՀՕՄ-ին ու ԼՕԽ-ին, ապա Մարալ Յովհաննէսեան կազմակերպական յանձնախումբին կողմէ հայկական ձեռագործ մը նուիրեց կնքամօր:
Յասմիկ Մկըրեան շնորհաւորեց նորագիրները եւ յորդորեց հատարիմ մնալ իրենց ուխտին եւ սրտանց ծառայել, որպէս թէ` Աստուծոյ:
Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Իսկուհի Գաբլանեան, որ շնորհաւորեց նորագիրները եւ յայտնեց, որ անոնցմէ կ՛ակնկալուի` գործել կամաւորաբար, ծառայել ազատ կամքով, յարգել եւ սփոփել կարօտեալները, ըլլալ հանդուրժող ու ներողամիտ, պահպանել հայ օճախի սրբութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները, հաւատարիմ մնալ տուած ուխտին եւ անվարան քայլերով լծուիլ ԼՕԽ-ի սրբազան առաքելութեան:
Ապա Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան բեմ հրաւիրեց նորագիրները, ԼՕԽ-ի նշանակը կրող զարդասեղներ նուիրենց անոնց, բարի երթ եւ յաջողութիւն մաղթելով` փակուեցաւ սեմինարը: