Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեպանը

Երկուշաբթի, 31 յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ,  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Վեհափառ հայրապետը դեսպանը տեղեակ պահեց միջեկեղեցական աշխարհին ճամբով, յատկապէս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ Արցախի գծով կատարուելիք յայտարարութիւններուն մասին: Դեսպանը, իր կարգին, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ներկայացուց վեհափառ հայրապետին Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի մէջ վերջին օրերուն...

Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի.  Պարմանուհիներու Եզակի Եւ Արգասաբեր Համագումար

Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի. Պարմանուհիներու Եզակի Եւ Արգասաբեր Համագումար

«Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն, որպէսզի իր ծերութեան ատեն անկէ չխոտորի» ԱՌԱԿ.22:6 Երկրի եւ ժողովուրդի մը ապագան երիտասարդութիւնը եւ անոր նախորդող պարման-պարմանուհիները կը կազմեն: Արդ, մանկութենէն պատանեկութիւն, ապա երիտասարդութիւն շղթայաձեւ օղակը ամենարժէքաւոր եւ ամենաբեղմնաւոր տարիներն են: Մարդիկ շատ յաճախ կը լուսանցքայնացնեն կամ նուազ կ՛արժեւորեն անոնց արժանիքները, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ երիտասարդները աշխուժութեան, նորարար միտքերու, հասարակութեան դէմ ծառացած խնդիրները...

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Անձնուէր Արարքին 40-Ամեակը

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Անձնուէր Արարքին 40-Ամեակը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կազմակերպութեամբ 27 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ լիբանանահայութիւնը խուռներամ շարքերով ոգեկոչեց իր ծոցէն ծնունդ առած, իրեն ծառայութեան մէջ երբեք չզլացած, բայց եւ այնպէս համայն հայութեան սրբազան Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ իրենց եսը զոհած, մենքը առաջնակարգ նկատած 5 հերոսներուն` Սեդրակ Աճէմեանի, Սիմոն Եահնիեանի, Արա Քըրճըլեանի, Վաչէ Տաղլեանի եւ Սարգիս Աբրահամեանի անձնազոհական արարքին 40-ամեակը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ...

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակին  Նուիրուած Երիտասարդական Հսկում

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երիտասարդական Հսկում

26 յուլիս 2023-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ` Լիզպոնի վերանորոգուած պանթէոնին շուրջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին նուիրուած երիտասարդական հսկում: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով խօսք առաւ Վարանդ Կիրակոսեան, որ անդրադարձաւ 40 տարի առաջ 5 հերոսներուն` Սեդրակին, Սիմոնին, Սագոյին, Արային եւ Վաչէին դիմած քայլին եւ դիտել տուաւ, որ անոնց համար դանակը հասած էր...

«ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններ  Եւ Դաշնակցական Գործը Այսօր» Խորագիրով  Եռօրեայ Խորհրդաժողովի Մեկնարկ

«ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններ Եւ Դաշնակցական Գործը Այսօր» Խորագիրով Եռօրեայ Խորհրդաժողովի Մեկնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով 27-29 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ «ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնները եւ դաշնակցական գործը այսօր» խորագիրով եռօրեայ խորհրդաժողով, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը եւ ներկայացուցիչներ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միւթիւններէն` Արցախի երիտասարդական (ԱԵՄ) (առցանց), Հայաստանի երիտասարդական (ՀԵՄ), Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական (ՆԱՈՄ), Սուրիոյ երիտասարդական (ՍԵՄ), Քրիստափոր ուսանողական (ՔՈՄ), Ֆրանսայի երիտասարդական «Նոր Սերունդ», Արեւմտեան...

«Անմահների Ժամանակը» Վաւերագրական  Ժապաւէնը Լիբանանի Մէջ

«Անմահների Ժամանակը» Վաւերագրական Ժապաւէնը Լիբանանի Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին հրաւէրով, երէկ` երեքշաբթի, 25 յուլիսին, Լիբանան հասաւ հայրենի բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեան: Թադէոսեան հեղինակն է Պռօշեան համայնքի քսան զոհուած կամաւորներու սխրանքը ներկայացնող «Անմահների ժամանակը» վաւերագրական ժապաւէնին, որուն ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 28 յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ «Կամաւորական շարժում» գումարտակի երկրորդ վաշտի առաջին դասակի մարտիկները, որոնք...

Լուրեր` Թրիփոլիի Հայութեան Առօրեայէն

Լուրեր` Թրիփոլիի Հայութեան Առօրեայէն

Վերջերս Թրիփոլիի Սուրբ Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդէն անդամներ եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան կատարեցին ծանօթացման այցելութիւններ Թրիփոլիի հոգեւոր հեղինակութիւններու` մարոնի համայնքի Թրիփոլիի առաջնորդ Եուսեֆ Սուիֆ եպիսկոպոսին, յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էտուար Տահեր եպիսկոպոսին եւ յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Աֆրամ Քիրիաքոս եպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ ալաւիներու համայնքապետ Շաապան Համտանին: Հանդիպումները ընթացան ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ, քննարկուեցան Լիբանանը, համայնքներն ու...

Յայտարարութիւններ (16 Յուլիս 2022)

Յայտարարութիւն

Ազգային Յառաջ - Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարեն, թէ վարժարանի վաստակաշատ նախկին տնօրէն պարոն Յովհաննէս  Գարագաշեանն ու անոր տիկինը, վարժարանի  նախկին ուսուցչուհիներէն Մարի Գարագաշեանը, վարժարանին կը նուիրեն իրենց պապենական թիւ 3029 բնակարանը: Ազնուական այս նուիրաբերումը կու գայ խորացնելու վարժարանի մեծ ընտանիքին երախտագիտութիւնը անոնց հանդէպ` ոչ միայն իբրեւ վաստակաշատ նախկին կրթական մշակներ, այլ նաեւ իբրեւ վարժարանի...

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ – Գ.- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները` Այնճարի Մէջ

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ – Գ.- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները` Այնճարի Մէջ

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը շարունակեց իր ձեռնարկած անվճար ծառայութիւններու արշաւը, որուն երրորդ փուլը եղաւ Այնճար հայաւանը: Ուրբաթ, 21 յուլիս 2023-ին կեդրոնի բժշկական պատուիրակութիւն մը այցելեց Այնճար եւ տեղւոյն «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատան  մէջ կատարեց բժշկական անվճար քննութիւններ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00: Առողջապահական օրը վայելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբին հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուեցաւ կեդրոնին տնօրէնութեան...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց «Ազդակ»

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց «Ազդակ»

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան 25 յուլիս 2023-ին այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Սրբազանը ներկայացուց սուրիահայութեան այսօրուան իրավիճակը, դիմագրաւած խնդիրները, ընկերային եւ տնտեսական հարթութեան վրայ գոյութիւն ունեցող պայմանները եւ այդ բոլորին մէջ սուրիահայութեան կազմակերպ ու աշխուժ կեանքի շարունակութեան երեւոյթները: Մակար եպս. Աշգարեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ «Ազդակ» իր սիւնակներն ու էջերը լայն բացած է սուրիահայ համայնքի...

Պաշտօնական Բացումը Կատարուեցաւ Պիքֆայայի  Վանքի Եպիսկոպոսաց Նորակառոյց Շէնքին

Պաշտօնական Բացումը Կատարուեցաւ Պիքֆայայի Վանքի Եպիսկոպոսաց Նորակառոյց Շէնքին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ կառուցուած եպիսկոպոսաց շէնքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յուլիս 2023-ի առաւօտուն, ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի այրիին` Անահիտի եւ զաւակներուն` Գարինի, Արամի եւ Անիթայի: Յայտնենք, որ շէնքին շինութիւնը աւարտած էր 2019 թուականին, սակայն համաճարակին եւ Գառնիկ Եագուպեանի մահուան պատճառով, այս տարի միայն առիթ ստեղծուեցաւ պաշտօնապէս...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Ազգային Վարժարաններու Երթը Ապահովելու Հաւաքական Եւ Ամբողջական Յանձնառութիւն

18 յուլիս 2023-ին, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին հրաւէրով տեղի ունեցաւ «Ազգային վարժարանները այսօր եւ վաղը» խորագրեալ ընդլայնուած խորհրդակցութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներու, Ազգային երեսփոխաններու, թաղական կազմերու դիւաններու, Ազգային վարժարաններու տնօրէնութիւններու, խնամակալ մարմիններու, տիկնանցի, շրջանաւարտից միութիւններու անդամներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու: Իր տեսակին մէջ աննախընթաց այս խորհրդակցութիւնը բացուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքով եւ Ազգային...

«Շահումեանի Արծիւ» Խորագրեալ Ձեռնարկը`  Նուիրուած ԼԵՄ-ի 50-Ամեակին  Եւ «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղի 20-Ամեակին

«Շահումեանի Արծիւ» Խորագրեալ Ձեռնարկը` Նուիրուած ԼԵՄ-ի 50-Ամեակին Եւ «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղի 20-Ամեակին

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղին, երկուշաբթի, 10 յուլիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Շահումեանի արծիւ» ձեռնարկը` նուիրուած ԼԵՄ-ի 50-ամեակին եւ մասնաճիւղի 20-ամեակին: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ քայլերգներէն ետք, բացման խօսքը կատարեց Յարութ Մավեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց հիմնադրութեան յաջորդած տասնամեակներու աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ շեշտեց դաշնակցական երիտասարդին  կարեւորութիւնը մեր իրականութեան մէջ:...

Վարդավառի Տօնի Նշում` Լէյլաւանի Մէջ

Վարդավառի Տօնի Նշում` Լէյլաւանի Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Վարդավառի տօնին առիթով, կիրակի, 16 յուլիսին Ֆանարի ս. Երրորդութիւն մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լէյլաւանի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ սրբազան հօր, որմէ ետք, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ, թափօրը ուղղուեցաւ մատուռ, ուր մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը բացատրեց,...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ազգային Բարերար Հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի Ընտանիքը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ազգային Բարերար Հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի Ընտանիքը

Երեքշաբթի, 18 Յուլիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի տիկնոջ՝ Անի Եագուպեանի, իր զաւակներուն ընկերակցութեամբ՝ Արամի եւ Անիթայի։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Եագուպեան եւ Չաթալպաշեան ընտանիքներուն անցեալի եւ ներկայի բարերարութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին, հայրենիքին եւ առ հասարակ մեր ազգին։ Այս ծիրէն ներս Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեց տիկին...

Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) տօնը Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ եկեղեցական տօնախմբութեամբ հանդիսաւորապէս կը նշուի սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ, իսկ ազգային առումով` Վարդավառի ժողովրդային տօնով: Առ այդ, օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, կիրակի, 16 յուլիս 2023-ին կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան...

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ – Բ.                                     ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները  Զահլէի Մէջ

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ – Բ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Զահլէի Մէջ

Լիբանանի հեռակայ հայաշատ շրջաններու հայութեան առողջապահական կարիքները գոհացնելու համար ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը ձեռնարկած է անվճար ծառայութիւններու արշաւի մը, որուն երկրորդ հանգրուանը եղաւ Զահլէն: Հինգշաբթի, 13 յուլիս 2023-ին կեդրոնի բժշկական պատուիրակութիւն մը այցելեց Զահլէ եւ տեղւոյն Հայ կեդրոնին մէջ կատարեց բժշկական անվճար քննութիւններ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00: Առողջապահական օրը  վայելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի...

Բազմաձայն Զրոյց` «Հայ Դատի Հոլովոյթը. Իրադարձութիւններ  Եւ Տեսլականներ» Խորագիրով

Բազմաձայն Զրոյց` «Հայ Դատի Հոլովոյթը. Իրադարձութիւններ Եւ Տեսլականներ» Խորագիրով

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Հ. Մարուխեան» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հ. Մարուխեան» կոմիտէի քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբին,  հինգշաբթի, 6 յուլիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմաձայն զրոյց` «Հայ դատի հոլովոյթը. իրադարձութիւններ եւ տեսլականներ» խորագրով: Նախքան ձեռնարկի մեկնարկը` ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետ, հանգուցեալ ընկեր Անդրանիկ Մսըրլեանի յիշատակը, ապա Վարդան Ազնաւուրեան կազմակերպիչ յանձնախումբին...

«Ազգային Երգերու Համերգ»`  Կատարողութեամբ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» Երգչախումբին

«Ազգային Երգերու Համերգ»` Կատարողութեամբ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» Երգչախումբին

Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնամուրի վրայ Համբիկ Մարտիրոսեանի եւ «Կիլիկիա» նուագախումբին, իր 50-ամեակին նուիրուած զանազան ձեռնարկներու շարքին, կիրակի, 2 յուլիս 2023-ի երեկոյեան, ազգային երգերու համերգով մը բեմ բարձրացաւ «Լիքաա» հանդիսասրահին մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով սկիզբ առաւ ձեռնարկը, որմէ ետք բացման խօսք արտասանեցին երգչախումբի անդամներէն Թամար Գուճանեան-Նազարեանն ու Շողիկ Եփրեմեանը:...

Հայկազեան Համալսարան.  Կարպետ Հիւսելու Աշխատանոց

Հայկազեան Համալսարան. Կարպետ Հիւսելու Աշխատանոց

7 յուլիս 2023-ին սկիզբ առաւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց բաժանմունքին նախաձեռնած հայկական կարպետ հիւսելու դասընթացը: Ծրագիրը արդիւնքն է Հայաստանի Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան  ժողովրդական արուեստներու թանգարանի հետ Հայկազեան համալսարանի հաստատած գործակցութեան: Դասընթացի իրականացման համար հրաւիրուած են երեք մասնագէտներ` վերոյիշեալ թանգարանէն: Աշխատանոցը պիտի տեւէ 10 օր, որոնց ընթացքին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ պիտի սորվին կարպետ հիւսել: Դասընթացի աւարտին պիտի կազմակերպուի ցուցահանդէս` աշակերտներուն...

Page 83 of 365 1 … 82 83 84 … 365

Արխիւներ