Գաղութային

Պուրճ Համուտի Բարեզարդման Ճիգերու  Ծիրին Մէջ.  Ֆրանսական Քաղաքապետական Մեծ Պատուիրակութիւն Մը  Հանդիպում Ունեցաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Հետ

Պուրճ Համուտի Բարեզարդման Ճիգերու Ծիրին Մէջ. Ֆրանսական Քաղաքապետական Մեծ Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Հետ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երկուշաբթի, 10 յուլիս 2023-ի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ «2021-2031. Միասին յանուն աւելի լաւ ներկայի եւ ապագայի» ծրագիրի գործընկերներու կոմիտէին հետ: Հանդիպումը կը վարէին քաղաքապետ Պօղոսեան, հարաւային Ֆրանսայի քաղաքապետարաններու խորհուրդի փոխնախագահ (Փերվանս, Ալփ, Քոթ Տ՛Ազիւր) Ժան Փիեռ Քոլան: Հանդիպումին կը մասնակցէին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան միջազգային համագործակցութեան բաժանմունքի կցորդ Մաթիլտա Պոս եւ ֆրանսական յարակից միաւորներու պատասխանատուներ, ինչպէս...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Կաթողիկոս Ընդունեց Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Կաթողիկոս Ընդունեց Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը

Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս, սփիւռքագէտ դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան, Երեքշաբթի, 11 Յուլիս 2023-ին, այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Դոկտ․ Չիլինկիրեան մաս կը կազմէ «Սփիւռքի Տարի»ին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համախմբած փորձագէտներու խումբին, որոնք առցանց դրութեամբ իրերայաջորդ քննարկումներ ունեցան Սփիւռքի վերակազմակերպման տարբեր ուղիներ որոնող եւ առաջադրող խորհրդակցութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետին հետ վերոյիշեալ հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Սփիւռքի հիմնախնդիրներու մասնագիտական քննարկումները...

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական  Եկեղեցիներու Միութիւնը Ներկայացնող  Պատուիրակութիւն Մը Ցաւակցական Այցելութիւն  Տուաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Ցաւակցական Այցելութիւն Տուաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Երէկ` երկուշաբթի, 10 յուլիս 2023-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահի տեղակալ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ ընկերակցութեամբ վերապատուելիներ Րաֆֆի Մսըրլեանի եւ Նշան Պագգալեանի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի մահուան առիթով: Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Հինգշաբթի, 22 յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք.  Փանոսեանի, պետական դէմքերու, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան: Լիբանանի, Հայաստանի...

«Հայութեան Տեղաշարժերը Եւ Փոխակերպումները 20-րդ Դարուն Եւ 21-րդ Դարու Սկիզբին» Գիտաժողովը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

«Հայութեան Տեղաշարժերը Եւ Փոխակերպումները 20-րդ Դարուն Եւ 21-րդ Դարու Սկիզբին» Գիտաժողովը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 27 յունիս 2023-ի երեկոյեան ընթացք առաւ Հայկազեան համալսարանի եւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) գործակցութեան արդիւնք «Հայութեան տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին» գիտաժողովը, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Բարի գալուստի բացման խօսքին մէջ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ընդգծեց, որ` «Այս գիտաժողովը կը նպատակադրէ հայագիտութեան տարբեր մարզերու մշակները հրաւիրել, որ նորովի...

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Հարիւրամեայ Յոբելեանի Նշում` Տարբեր Նախաձեռնութիւններով

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Հարիւրամեայ Յոբելեանի Նշում` Տարբեր Նախաձեռնութիւններով

Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը հիմնուած է 1 մայիս 1923-ին, Պէյրութի մէջ, Յիսուսեան միաբանութեան կողմէ: Առ այդ, վարժարանի հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով, բարձր հովանաւորութեամբ եւ անմիջական աջակցութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նորակազմ Շրջանաւարտից միութիւնը արժանավայել շուքով նշեց իր սիրելի ճեմարանին հարիւրամեայ յոբելեանը` շարք մը նախաձեռնութիւններով: Արդարեւ, ուրբաթ, 26 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Ժամհուր...

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Ամավերջի Հանդէսը.  Յոյսի, Կամքի Եւ Երազի Պատգամ

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Ամավերջի Հանդէսը. Յոյսի, Կամքի Եւ Երազի Պատգամ

Չորեքշաբթի, 28 յունիս 2023-ը յիշատակելի օր մը պիտի մնայ «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի մեծ ընտանիքին համար: Օր մը, որ յատկանշուեցաւ կեդրոն յաճախող, դժուարութիւններ դիմագրաւող աշակերտներու ամավերջի հանդէսով, որ սովորական հանդէսէ մը անդին, դժուարութիւններ յաղթահարելու կամքի արտայայտութիւն էր, հաւատք, վճռակամութիւն, յոյս եւ ժպիտ ճառագայթող պատգամ: Արդարեւ, նախագահութեամբ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար դոկտ. Հեքթոր Հաժժարի, 28 յունիսին  «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի...

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Նախաձեռնութեամբ.  Բժշկական Անվճար Քննութիւններ Ճիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Նախաձեռնութեամբ. Բժշկական Անվճար Քննութիւններ Ճիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ

Լիբանանի ընկերա-տնտեսական եւ առողջապահական ծանր տագնապները  դիմագրաւելու եւ հայորդիներուն կարիքներուն ընդառաջելու նախանձախնդրութեամբ, հինգշաբթի,  6 յուլիս 2023-ին Ճիպէյլի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցան բժշկական անվճար քննութիւններ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00: Առողջապահական օրը  վայելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբին հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուեցաւ կեդրոնին տնօրէնութեան կողմէ` գործակցաբար ԼՕԽ-ի տեղւոյն «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան: Արդարեւ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի...

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակուի

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակուի

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 2 յուլիսին,  կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին «Արաքս» փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» ութերորդ նախաձեռնութեան բացումը: Օրուան հանդիսավար` Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, նաեւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը: «Մեր շուկան» նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին միութիւններ, հաստատութիւններ, նաեւ անհատներ: Սեղաններուն վրայ ցուցադրուած էին գիրքեր, զարդեղէններ, արուեստի գործեր, ձեռային աշխատանքներ, պայուսակներ, խաղալիքներ, յուշանուէրներ, անուշեղէն, ճաշատեսակներ, մանաւանդ...

Մեսրոպեանի 2022-2023 Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս

Մեսրոպեանի 2022-2023 Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս

2 յունիս 2023-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարանները յանձնեցին այս տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը` Մեսրոպեանի համար աւանդական դարձած խանդավառ եւ ոգեւորող հանդիսութեան մը ընթացքին: Հանդէսը կայացաւ հովանաւորութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ, Հայ կաթողիկէ վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանի: Շրջանաւարտներու բեմ հանդիսաւոր մուտքէն անմիջապէս ետք եւ յետ Լիբանանի,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 28-րդ Տարեդարձին Առիթով` Հայրապետական Մաղթանք

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 28-րդ Տարեդարձին Առիթով` Հայրապետական Մաղթանք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով 2 յուլիսին, Լիբանանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք: Արդարեւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ 28 տարիներ առաջ, մեր ազգին կամքով, մեզի շնորհեց այնպիսի հովուապետ մը, որ մեր միջավայրի...

Վերջին Հրաժեշտ` Անդրանիկ Մսըրլեանին

Վերջին Հրաժեշտ` Անդրանիկ Մսըրլեանին

Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան պաշտամունք նախկին քաղաքապետ եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի վաստակաւոր նախկին անդամ Անդրանիկ Մսըրլեանի` ներկայութեամբ պետական, կուսակցական, յարանուանական, քաղաքապետական եւ միութենական պատասխանատուներու ու ներկայացուցիչներու: Արարողութեան նախագահեց վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան, որ վեր առաւ Անդրանիկ Մսըրլեանի նկարագրային արժանիքները: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան յայտարարեց, որ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, գնահատելով Անդրանիկ Մսըրլեանի...

Մահացաւ Կուսակցական Եւ Հասարակական  Գործիչ Անդրանիկ Մսըրլեան

Մահացաւ Կուսակցական Եւ Հասարակական Գործիչ Անդրանիկ Մսըրլեան

Երէկ առաւօտ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ, 3 ժամանակաշրջանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետի պաշտօնը վարած եւ մեր համայնքի կեանքին մէջ օգտաշատ ներկայութիւն եղած Անդրանիկ Մսըրլեան: Անդրանիկ Մսըրլեան լիբանանեան պատերազմի իրերայաջորդ փուլերուն անդամակցած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տարբեր կազմերուն` ձեռնհասօրէն վարելով գանձապահի պաշտօնը: Անդրանիկ Մսըրլեանի անուան հետ անմիջականօրէն կապուած են երիտասարդական, միութենական, համայնքապատկան կազմակերպութիւններու հիմնադրութիւնը եւ շինարարական...

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան Այցելեց «Ազդակ»

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան Այցելեց «Ազդակ»

Հայկազեան համալսարանի մէջ կայացած  «Հայութեան տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին» խորագիրը կրող գիտաժողովին մասնակցելու համար Լիբանան գտնուող դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն: Ան սփիւռքագէտ է եւ կը վարէ Օքսֆորտի հայագիտական ուսմանց ամպիոնի դասախօսի պաշտօնը: Կը ղեկավարէ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւն ծրագիրը (ADS), որ, վիճակագրական եւ հարցախուզային տուեալներու հիման վրայ, կ՛ուսումնասիրէ տարբեր ոլորտներու վերաբերեալ սփիւռքեան կարծիքները: Աշխատանքները...

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու 2022-2023 Կրթական Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու 2022-2023 Կրթական Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, 27 յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2022-2023 կրթական տարեշրջանի 10-րդ դասարանի աւարտականներու հանդէս` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աւարտական դասարաններու վկայականներու եւ 7-րդ դասարանի վկայագիրներու բաշխում: Լիբանանի եւ...

Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Երեքշաբթի, 20 յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «1928-ին հիմնուած հայ լեզուն ու մշակոյթը պահպանող Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եղաւ 95 տարեկան: Մեր փոքրիկները իրենց առաջին քայլերը առին Համազգայինի Ճեմարանի...

Հայրապետական Մաղթանք` Արամ Ա. Կաթողիկոսի  Գահակալութեան 28-րդ Տարեդարձին Առիթով

Հայրապետական Մաղթանք` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 28-րդ Տարեդարձին Առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` Ս. եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ եւ Հայրապետական մաղթանքի կատարումով: Վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. պատարագի ընթացքին միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրացան ու Հայրապետական մաղթանք կատարեցին` ընթերցելով աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ ու մաղթելով երկար գահակալութիւն...

Համազգայինի Լիբանանի Կառոյցի  ԻԹ. Շրջանային Ժողովը Աւարտեց  Իր Աշխատանքները

Համազգայինի Լիբանանի Կառոյցի ԻԹ. Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Նախորդ շաբաթավերջին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային Լիբանանի կառոյցի ԻԹ. Շրջանային ժողովը` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու, Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին, «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէններուն, Համազգայինի Լիբանանի տարածքային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու պատգամաւորներու, հրաւիրեալներու, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու ներկայութեան: Ժողովականներուն ներկայացուեցան ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան եւ նիւթական տեղեկագիրները: Անոնք իրենց քննարկումներուն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սպանիոյ Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սպանիոյ Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Եղիա Թաշճեան այսօր` 3 յուլիս 2023-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ փոխդեսպան Հերմոկենես Լոփեզի հետ: Պատուիրակութիւնը իր շնորհաւորութիւնը փոխանցեց Սպանիոյ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնելուն առիթով: Փոխդեսպան Լոփեզ նշեց, որ մարմինը առաջինն է, որ այս առիթով կապ կը հաստատէ Սպանիոյ դեսպանատան հետ: Աւելի քան...

Page 84 of 365 1 … 83 84 85 … 365

Արխիւներ