Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Վարժարաններու Երթը Ապահովելու Հաւաքական Եւ Ամբողջական Յանձնառութիւն

Յուլիս 25, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

18 յուլիս 2023-ին, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին հրաւէրով տեղի ունեցաւ «Ազգային վարժարանները այսօր եւ վաղը» խորագրեալ ընդլայնուած խորհրդակցութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներու, Ազգային երեսփոխաններու, թաղական կազմերու դիւաններու, Ազգային վարժարաններու տնօրէնութիւններու, խնամակալ մարմիններու, տիկնանցի, շրջանաւարտից միութիւններու անդամներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու:

Իր տեսակին մէջ աննախընթաց այս խորհրդակցութիւնը բացուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքով եւ Ազգային ուսումնական խորհուրդի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետներուն` Վիգէն Աւագեանի եւ Գրիգոր Արսլանեանի խօսքերով: Ապա, Ազգային վարժարաններու տնօրէններ` Անի Բագրատունի, Արմէն Թաշճեան եւ Գօգօ Էքմեքճեան ներկայացուցին Ազգային վարժարաններու դիմագրաւած մերօրեայ մարտահրաւէրները, որոնց լոյսին տակ ներկաները կատարեցին անհրաժեշտ քննարկումներ:

Այս առիթով, կատարուեցան հետեւեալ հաստատումները.-

Ա) Հակառակ Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապալի պայմաններուն, Ազգային չորս վարժարանները կը մնան կենսունակ եւ աշխուժ, շնորհիւ վարժարաններու տնօրէնութիւններու եւ անոնց շուրջ բոլորուած մարմիններու ժրաջան աշխատանքին:

Բ) Արտագաղթը եւ ուսուցիչներու երկրէն հոսքը պատճառ չեն դարձած Ազգային վարժարաններու մակարդակի նահանջին, որուն իբրեւ հակառակ ցուցանիշ, պետական քննութիւններուն Ազգային վարժարանները շարունակած են արձանագրել պատուաբեր յաջողութիւններ:

Գ) Ազգային իշխանութեան մարմիններ` Ազգային վարչութիւն եւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդ, ի տես լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման եւ տնտեսական կացութեան վատթարացման, անցնող հանգրուանին կրցած են մնայուն խորհրդակցութիւններով եւ հաւաքական ճիգով, Ազգային վարժարաններու անձնակազմերուն թոշակները վերատեսութեան ենթարկել քանի մը առիթով` պատշաճեցնելու համար զանոնք օրուան պահանջներուն եւ պայմաններուն:

Դ) Ազգային վարժարանները երբեք առանձին չեն մնացած իրենց տագնապին մէջ: Լիբանանէն ներս թէ դուրս գտնուող անհատ բարերարներ եւ կառոյցներ շնորհակալ գործ կատարած են` նիւթապէս սատար կանգնելով Ազգային վարժարաններու պահպանման ճիգին:

Ե) Ազգային վարժարաններ շարունակած են «նիւթականի պատճառով ոեւէ աշակերտ հայ դպրոցէն չզրկելու» իրենց քաղաքականութիւնը եւ ամէն ձեւի դիւրութիւններ ընծայած են ուսումնատենչ կարիքաւոր աշակերտներու կրթութիւնը ապահովելու համար:

Յիշեալ հաստատումներէն ետք, ընդլայնուած խորհրդակցութեան մասնակիցները իրենց քննարկումներով ընդգծեցին հետեւեալները.

– Հարկ է շարունակել Ազգային վարժարաններու աջակցութեան բոլոր ծրագիրները, այդ ծրագիրներու յաջողութեան համար, համադրուած ճիգով, զօրաշարժի մատնելով թեմի Ազգային բոլոր մարմինները եւ խորհուրդները:

– Հարկ է զարկ տալ երիտասարդ հայ ուսուցիչներու ներգրաւման աշխատանքին` նախանձախնդիր մնալով Ազգային վարժարաններու հայեցի դիմագիծին եւ մթնոլորտին պահպանման:

– Մասնաւոր աշխատանք տանիլ ոչ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտները դէպի հայկական վարժարան ուղղելու եւ ձուլման վտանգէ փրկելու համար զանոնք:

– Յաւելեալ թափ տալ Ազգային վարժարաններու քարոզչական աշխատանքներուն` որդեգրելով ժամանակակից արդիական, ազդու նոր մեթոտներ:

– Օգտուիլ Ազգային վարժարաններու 121 տարուան կենսափորձէն, վարժարաններու շուրջ համախմբելով շրջանաւարտներ, որոնք կը կազմեն անգնահատելի հարստութիւն: Լիբանան թէ արտասահման գտնուող շրջանաւարտները, իրենց օրինակով, նիւթական թէ բարոյական աջակցութեամբ, կրնան մեծապէս օգտակար դառնալ Ազգային վարժարաններու առաքելութեան շարունակման:

– Միջոցներ գտնել հայաշատ հեռակայ շրջաններու հայութեան զաւակները առաջնորդելու հայկական վարժարաններ` այս աշխատանքին կազմակերպման լծելով ծխական մարմիններ, ազգային կառոյցներ եւ վարժարաններու տնօրէնութիւններ:

Ազգային վարժարաններու ներկան եւ ապագան քննող խորհրդակցութեան աւարտին, փակման եզրափակիչ պատգամով հանդէս եկաւ առաջնորդ սրբազան հայրը` շեշտելով, որ լիբանանեան մերօրեայ կեանքի արտասովոր պայմաններուն թելադրութեամբ, հաւաքուած ենք լուսարձակի տակ առնելու մեր Ազգային վարժարաններուն գործունէութիւնը, որպէսզի անդրադառնանք, թէ բախտորոշ այս փուլին, անհրաժեշտ է յաւելեալ ճիգ զետեղել հայ դպրոցի աշխատանքներուն մէջ: Սրբազան հայրը յիշեցուց նաեւ, որ յատկապէս այսօր, պարտաւոր ենք ճշգրիտ տուեալներով քննել ու վերլուծել մեր վարժարաններուն ունեցած հարցերն ու խնդիրները, որպէսզի նախ կարենանք միացեալ գործակցութեամբ ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը պաշտպանել ու նաեւ մեր հաւաքականութեան ցոյց տալ, թէ մենք, պատրաստ ենք միահամուռ մասնակցութեամբ մեր ունեցածը թարմացնել եւ առաւել եւս զօրացնել:

Խորհրդակցութիւնը աւարտեցաւ դրական տրամադրութիւններով, ներկայացուած առաջարկները եւ քննարկուած ծրագիրները կրթական յառաջիկայ վերամուտի սեմին հաւաքական ու ամբողջական յանձնառութեամբ ի գործ դնելու կամքով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

 

Նախորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Յաջորդը

Պաշտօնական Բացումը Կատարուեցաւ Պիքֆայայի Վանքի Եպիսկոպոսաց Նորակառոյց Շէնքին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց  Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

Մայիս 12, 2025
Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Ժիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ Եւ Այցելութիւն Ցեղասպանութեան «Արամ Պեզիքեան» Թանգարան
Գաղութային

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Ժիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ Եւ Այցելութիւն Ցեղասպանութեան «Արամ Պեզիքեան» Թանգարան

Մայիս 12, 2025
Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?