Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յուլիս 18, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) տօնը Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ եկեղեցական տօնախմբութեամբ հանդիսաւորապէս կը նշուի սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ, իսկ ազգային առումով` Վարդավառի ժողովրդային տօնով: Առ այդ, օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, կիրակի, 16 յուլիս 2023-ին կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ Քրիստոսի Այլակերպութեան յիշատակը տօնուեցաւ: Անթիլիասի մայրավանքի մայր տաճարին ս. պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ «Տէ՜ր, բարւոք է մեզ աստ լինել» (Մատթէոս 17.4) Պետրոս առաքեալի խօսքով, որ արտասանած էր Թափօր լերան վրայ` որպէս փափաք ընդմիշտ մնալու Քրիստոսի Պայծառակերպութեան ներկայութեան. եւ խօսելով տօնի պատգամին եւ խորհրդանիշերուն մասին` եզրակացուց նո՛յն խօսքին իմաստը պարզելով ներկայ դարաշրջանի պայմաններու լոյսին տակ:

Քրիստոս, Իր երկրային կեանքի վերջին փուլը թեւակոխելէ առաջ, երեք առաքեալներուն` Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ առանձնացաւ` Թափօր լեռ բարձրանալով: Լեռը Աստուծոյ բնակարանին խորհրդանիշն է, ըսաւ սրբազանը: Հոն անոնց երեւցան Մովսէս մարգարէն, որ Հին կտակարանին մէջ օրէնքի խորհրդանիշն է, եւ` Եղիա մարգարէն, որ մարգարէները կը խորհրդանշէ: Այս դիտել կու տայ, որ Յիսուս անոնցմէ մէկը չէր, այլ անոնց Տէրն էր: Քարոզիչ սրբազանը ապա նշեց, որ Քրիստոսի աստուածութեան երկրորդ խորհրդանիշը ամպն էր` Աստուած մարդոց հետ կը հաղորդակցի ամպերուն ընդմէջէն, իսկ երրորդը Պայծառակերպութեան ճամբով առաքեալներուն յայտնաբերելն էր գալիք օրերու չարչարանքներն ու խաչելութիւնը, որպէսզի առաքեալները ընկալէին աստուածային կամքը այս բոլորին մէջ: Առ այդ, սրբազանը յորդորեց հաւատացեալները Աւետարանը կարդալու ո՛չ թէ «մարդկային ակնոցով», այլ «աստուածային ակնոցով»:

Անդրադառնալով մեր ժողովուրդին Պայծառակերպութեան տօնը Վարդավառ ազգային տօնի ճամբով նշելուն` Գեղամ արքեպիսկոպոս վերյիշեցուց Հայ եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցի ըլլալու յատկանիշը, որուն միջոցով հայ ազգը կը պահէ իր ինքնութիւնը: Ուստի, եզրափակելով իր քարոզը, ան դարձեալ մէջբերեց Պետրոս առաքեալին խօսքը եւ քաջալերեց հաւատացեալները` մնալու Հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ, այն վայրին մէջ, ուր կը պահուին մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը ամրապնդող ազդակները, մանաւանդ` ներկայ դարուս ծայրայեղ յոռի երեւոյթներուն դիմաց եւ ըսաւ. «Տէ՜ր, բարւոք է մեզ աստ լինել»:

Նախորդը

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ – Բ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Զահլէի Մէջ

Յաջորդը

Համազգային Ուսանողական Հաւաքը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?