ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին հրաւէրով, երէկ` երեքշաբթի, 25 յուլիսին, Լիբանան հասաւ հայրենի բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեան: Թադէոսեան հեղինակն է Պռօշեան համայնքի քսան զոհուած կամաւորներու սխրանքը ներկայացնող «Անմահների ժամանակը» վաւերագրական ժապաւէնին, որուն ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 28 յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Ժապաւէնը կը ներկայացնէ «Կամաւորական շարժում» գումարտակի երկրորդ վաշտի առաջին դասակի մարտիկները, որոնք 44-օրեայ պատերազմին Վարանգաթաղի մարտագիծին վրայ բացառիկ սխրանքով կասեցուցին ազրպէյճանցի գրոհայիններու լայնածաւալ յարձակումը` թոյլ չտալով անոնց Մարտակերտ եւ Եղնիկներու պաշտպանական գօտի թափանցել: Այդ հերոսական կռիւին զոհուած 24 մարտիկներէն 20-ը Պռօշեան համայնքէն էին: