Լիբանանի հեռակայ հայաշատ շրջաններու հայութեան առողջապահական կարիքները գոհացնելու համար ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը ձեռնարկած է անվճար ծառայութիւններու արշաւի մը, որուն երկրորդ հանգրուանը եղաւ Զահլէն:
Հինգշաբթի, 13 յուլիս 2023-ին կեդրոնի բժշկական պատուիրակութիւն մը այցելեց Զահլէ եւ տեղւոյն Հայ կեդրոնին մէջ կատարեց բժշկական անվճար քննութիւններ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:
Առողջապահական օրը վայելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբին հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուեցաւ կեդրոնին տնօրէնութեան կողմէ` գործակցաբար ԼՕԽ-ի տեղւոյն «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան:
Արդարեւ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընդհանուր մարմինի բժիշկը, հիւանդապահուհիներն ու ընկերային ծառայողները ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէութեան ակումբին մէջ ընդունեցին ներկայացող պարագաները եւ առողջապահական խնամք մատուցեցին անոնց: Կատարուեցան ընդհանուր մարմինի, ճնշումի եւ շաքարի քննութիւններ, որոնց արդիւնքներու լոյսին տակ յառաջիկայ օրերուն պիտի կատարուին համապատասխան հետապնդումներ:
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայողները կատարեցին նաեւ տնային այցելութիւններ` շրջանին մէջ բնակող հայորդիներու:
Յիշեալ նախաձեռնութիւնը, ՀՅԴ կոմիտէներու եւ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու հետ գործակցաբար, յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի շարունակուի նաեւ հայաշատ հեռակայ այլ շրջաններու մէջ: Ուրբաթ, 21 յուլիսին կեդրոնի բժշկական պատուիրակութիւնը իր անվճար ծառայութիւնները պիտի մատուցէ Այնճարի հայութեան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ