Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով 27-29 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ «ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնները եւ դաշնակցական գործը այսօր» խորագիրով եռօրեայ խորհրդաժողով, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը եւ ներկայացուցիչներ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միւթիւններէն` Արցախի երիտասարդական (ԱԵՄ) (առցանց), Հայաստանի երիտասարդական (ՀԵՄ), Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական (ՆԱՈՄ), Սուրիոյ երիտասարդական (ՍԵՄ), Քրիստափոր ուսանողական (ՔՈՄ), Ֆրանսայի երիտասարդական «Նոր Սերունդ», Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երիտասարդական (Արեւմտեան ՀԵԴ), Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երիտասարդական (Արեւելեան ՀԵԴ),
Քանատայի երիտասարդական (ՔԵՄ), իսկ Լիբանանէն` Զաւարեան ուսանողական (ԶՈՄ) եւ Լիբանանի երիտասարդական (ԼԵՄ) միութիւններէն:
«Յիսնամեայ պողպատեայ կամքով» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին նպատակն է ՀՅԴ երիտասարդութեան հզօրացումը եւ յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան առաջադրանքներուն ճշդումը:
Խորհրդաժողովին մեկնարկը 27 յուլիսի առաւօտեան տրուեցաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքէն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Լիլիթ Նահապետեան, որ անդրադարձաւ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան, անոր առաքելութեան եւ անցած ուղիին` շեշտելով, որ իր հիմնադրութեան առաջին օրէն միութեան տարած աշխատանքները մաս կը կազմեն Հայ դատի գործունէութեան, ենթաբաժանումներն են Հայ դատի հետապնդման գործին: «ԼԵՄ-ը հիմնադրութեան օրէն իսկ, դաստիարակչական միաւոր ըլլալով, կը ստանայ ազգային կրթութիւն, որով կը կերտուի հայ գիտակից երիտասարդը: Միեւնոյն ժամանակ, թափ կը տրուի կազմակերպական գործին կը յառաջանան ԼԵՄ-ի մասնաճիւղեր են կորիզներ», ըսաւ ան` լուսարձակի տակ առնելով ԼԵՄ-ի բազմաճիւղ գործունէութիւնը: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ԼԵՄ-ը նաեւ իր ուսերուն կ՛առնէ հայահոծ շրջաններու հայութեան պաշտպանութեան գործը, որուն կը յաջորդէ Արցախի ազատագրական նորագոյն պայքարը, որմէ անմասն չի մնար նաեւ ԼԵՄ-ը` բերելով իր գործօն մասնակցութիւնը հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ամրապնդման գործին:
Ապա Լ. Նալպանտեան անդրադարձաւ այսօրուան աշխարհի զարգացումներուն` նշելով, թէ ԼԵՄ-ը եւս անմասն չէ այդ վերիվայրումներէն, բայց քաջ կը գիտակցի, որ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունի քայլ պահելու միջազգային բոլոր զարգացումներուն ու տագնապներուն հետ` մէկ կողմէ պահելով ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութիւնն ու արժէքները, հետապնդելով Հայ դատի աշխատանքները, միւս կողմէ պատեհ առիթ փնտռելով միջազգային քաղաքականութիւնը ծառայեցնելու Հայ դատին: «Այս հաւատքով է, որ կը գործէ ԼԵՄ-ը` իրագործելու իր վրայ դրուած պարտաւորութիւնները` ա.- Ապահովել հայապահպանումը` գիտակից հայ երիտասարդներ պատրաստելու ջահը փոխանցելով յաջորդ սերուդին, բ.- Հետապնդել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները, գ.- Տէր կանգնիլ Հայաստանի անվտանգութեան եւ Արցախի գոյութեան: Եւ այս բոլորը` ընկերային ու տնտեսական առողջ միջավայրի մէջ», եզրափակեց ան:
Անկէ ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, որ դիտել տուաւ, թէ հայութիւնը այսօր կ՛ապրի օրհասական պահեր` Հայաստանի, Արցախի մէջ թէ աշխարհի տարածքին: Ան աւելցուց, որ այս մթութեան մէջ 40 տարի առաջ իրենց նահատակութեամբ լոյս վառած տղոց արարքը փարոսի դեր կրնայ խաղալ եւ մեզ առաջնորդել դէպի ազգային ազատագրական պայքար, որուն մեկնարկը անյետաձգելի ու հրամայական է բոլորին համար` ունենալով երկու հիմնական նպատակ` ազատագրել հայ մարդը այսօրուան անտարբերութենէն, թուլամորթութենէն, իսկ երկրորդ` ազատագրել մեր հողերը: Յ. Տէր Գէորգեան այս նպատակներու իրագործման համար նշեց 4 նախապայմաններ, որոնց մասին երիտասարդութիւնը պէտք է տեղեակ ըլլայ եւ անոնցմով առաջնորդուի: Առաջինը հաւատքն է, որ տակաւին ամէն բան վերջացած չէ եւ կարելի է ելքեր գտնել, նոր յաղթանակներ արձանագրել, երկրորդ` քաջութիւնը, որ կարեւոր է մերժելու պարտադրուածը եւ նոր քայլերու նախաձեռնելու, երրորդ` զոհողութեան գիտակցութիւնը, որ կ՛ենթադրէ ամէն ինչ զոհելու պատրաստ ըլլալ` գերագոյն նպատակներու ի խնդիր, իսկ չորրորդ` գործը. «Մենք այնքան դժուար կացութեան մէջ ենք, որ եթէ չգործենք տքնաջան, ծրագրուած, կազմակերպուած, այսօր մեզի ընձեռուած բոլոր կարելիութիւններով, չենք կրնար այս կացութենէն դուրս գալ»:
Յովսէփ Տէր Գէորգեան հաստատեց, որ մեր երիտասարդութիւնը, դաշնակցական երիտասարդական միութիւնները կը հանդիսանան այն կորիզները, որոնք ունին ուժականութիւնն ու կարողականութիւնը ճամբան ցոյց տալու եւ մեր իրավիճակը հիմնովին փոխելու` հայութեան արժանապատիւ ապագայ շնորհելով:
Ապա, երիտասադներուն իր պատգամը ուղղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Նախ եւ առաջ, ան բարձր գնահատեց խորհրդաժողովը կազմակերպողները եւ անոր մասնակից երիտասարդները, որոնք ի մի խմբուած են քննարկելու յատկապէս երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր` Հայ դատի պաշտպանութեան, պահանջատիրութեան եւ հայապահպանման մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց երիտասարդութեան դերն ու տեղը հայ կեանքին մէջ եւ վերահաստատեց` ըսելով, որ երէց սերունդի պատկանողները երիտասարդութեան մասին պէտք չէ խօսին, այլ երիտասարդութեան հե՛տ պէտք է խօսին, որովհետեւ մարդկային մեր կեանքը հիմնուած է փոխյարաբերութեան ու երկխօսութեան վրայ. ուստի, պէտք է երիտասարդներուն մասին խօսելու մենախօսութենէն դուրս գալ եւ ստեղծել անոնց հետ խօսելու երկխօսութեան մթնոլորտը:
Ապա, վեհափառ հայրապետը համապարփակ կերպով անդրադարձաւ Հայ դատին, պահանջատիրական պայքարին եւ հայապահպանման, ներկայ աշխարհի արհեստագիտացած եւ յարափոփոխ ու մշտափոփոխ պայմաններու լոյսին տակ: Ան ըսաւ, որ մեր ազգի պահանջատիրական պայքարի երթը պէտք է վերատեսութեան ենթարկել եւ զայն յարմարեցնել այսօրուան աշխարհաքաղաքական պայմաններուն, սակայն առանց խաթարելու մեր պատկանելիութիւնը, սկզբունքները եւ արմատները: Այսօր մեր ուսերուն վրայ դրուած պարտականութիւնները աւելի ծանր կը կշռեն, քան անցեալին մեր առջեւ ծառացած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: Հետեւաբար, այս յանձնառութեամբ, երէց ու նոր սերունդները, օգտուելով միմեանց փորձառութիւններէն, ձեռք-ձեռքի տուած պէտք է դիմակայեն մեր ազգին առջեւ ցցուած քաղաքական, ներքաղաքական, համայնքային, միութենական եւ այլ տեսակի մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Աւարտին, Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով Ս. Աստուածածին վանքին մէջ բարձրացած հայ ժողովուրդին յարութիւնը խորհրդանշող յուշարձանին հովանիին տակ յիշատակի խմբանկար մը առնուեցաւ: