Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազգային Երգերու Համերգ»` Կատարողութեամբ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» Երգչախումբին

July 14, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնամուրի վրայ Համբիկ Մարտիրոսեանի եւ «Կիլիկիա» նուագախումբին, իր 50-ամեակին նուիրուած զանազան ձեռնարկներու շարքին, կիրակի, 2 յուլիս 2023-ի երեկոյեան, ազգային երգերու համերգով մը բեմ բարձրացաւ «Լիքաա» հանդիսասրահին մէջ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով սկիզբ առաւ ձեռնարկը, որմէ ետք բացման խօսք արտասանեցին երգչախումբի անդամներէն Թամար Գուճանեան-Նազարեանն ու Շողիկ Եփրեմեանը: Անոնք ըսին, որ ազգային երգերը ներշնչման աղբիւր են մեր քաջարի հայորդիներուն համար, եւ հարկ է վառ պահել այդ շունչը` հակառակ օտար ազդեցութիւններուն: Թէկուզ ներկայիս վերիվայրումներ կ՛ապրի մեր հայկական ներկան, սակայն պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայը միշտ ալ կարողացած է իր գոյութիւնը պահել. անոնք շարունակեցին` ըսելով, որ անկախութիւնը կը վերահաստատուի շնորհիւ պայքարի ոգին արթուն պահող երիտասարդներու: Վերջապէս, կարեւոր նկատեցին հայկական մշակոյթին պահպանումն ու շարունակականութեան ապահովումը, որուն համար «Շնորհալի»-ն այս համերգին հանդէս կու գայ փունջ մը ազգային երգերով:

Յստակ էր հանդիսատեսներուն խանդավառութիւնը` հնչած երգերով, որոնց շարքին էին «Կամաւորի երգ»-ը` Ղազար Քէօշկէրեանի մեկնաբանութեամբ, «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»` Յովիկ Թաֆրանեանի կատարողութեամբ եւ «Ձայն մը հնչեց»` Արման Տէր Պետրոսեանի երգեցողութեամբ:

Նկատի ունենալով, որ նոյն օրը առաւօտուն հանդիսաւոր ս. պատարագով եւ յատուկ տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Արամ Ա. վեհափառին կաթողիկոսական օծման 28-րդ տարեդարձը, «Շնորհալի» երգչախումբը կաթողիկոսին պատրաստած էր անակնկալ մը, որ բանաստեղծութիւն մըն էր` ձօնուած Արամ Ա. Կիլիկիոյ հայրապետին. զայն արտասանեց Վարդի Սալխանեանը:

Վերջապէս, կաթողիկոսը բեմ բարձրացաւ ու իր գնահատանքը յայտնեց «Շնորհալի» երգչախումբի անդամներուն եւ «Կիլիկիա» նուագախումբին, ինչպէս նաեւ` խմբավար հայր սուրբին: Յիշեցման համար ըսաւ, որ ազգային երգերը սովորական երգեր չեն, այլ անոնց մէջ կը բաբախէ հայկականութիւն` իր երկունքներով եւ թռիչքներով: Հայութիւնը իր հարազատ էութեամբ, գոյութենական պայքարով, անցեալով, ներկայով եւ ապագայի տեսլականով մեր երգերուն մէջ են: Հետեւաբար սովորական արուեստի իմաստով պէտք չէ երգենք մեր երգերը, այլ պէտք է ապրինք զանոնք, ըսաւ ան: Հայրապետը քաջալերեց, որ հայ ընտանիքներուն մէջ, մանաւանդ` երիտասարդներուն մէջ, մեր ազգային երգերը մնայուն ներկայութիւն ըլլան, որպէսզի անոնց շունչով մենք ապրինք ու մեր հայութիւնը աւելիով ամրապնդենք, եզրափակեց իր խօսքը:

Աւարտին բոլոր ներկաները միասնաբար, յոտնկայս երգեցին «Կիլիկեան ուխտի» հայրապետական մաղթերգը:

Յայտնենք, որ համերգը ուղղակիօրէն հեռարձակուեցաւ կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի Facebook-ի եւ Youtube-ի էջերուն միջոցով:

 

Նախորդը

Յիշելով Բազմերախտ Գիտնականը (Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Թենիս. «Ուիմպըլտըն». Սապալենքա, Ժապեր, Ալքարաս Եւ Մետվետեւ Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.