Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդավառի Տօնի Նշում` Լէյլաւանի Մէջ

Յուլիս 21, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Վարդավառի տօնին առիթով, կիրակի, 16 յուլիսին Ֆանարի ս. Երրորդութիւն մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լէյլաւանի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ սրբազան հօր, որմէ ետք, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ, թափօրը ուղղուեցաւ մատուռ, ուր մատուցուեցաւ ս. պատարագ:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը բացատրեց, որ Վարդավառը հայ ժողովուրդի նախաքրիստոնէական շրջանէն մեզի հասած գեղեցիկ ու փառաւոր յիշատակ մըն է, որուն մասին միայն փոքրիկ նշմարներ պահուած են եկեղեցւոյ մօտ, որ զանոնք միացնելով Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին հետ` մասնաւոր հանդիսաւորութեամբ կը նշէ, որպէսզի մենք անդրադառնանք, թէ մեր ազգային-եկեղեցական դարաւոր փորձառութեան մէջ կան առիթներ, որոնք եթէ յիշատակուին բարեպաշտութեան շունչով ու գիտակցօրէն, այսօր ալ կրնան պայծառութիւն բերել մեր կեանքին:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Վարդավառի տօնին առիթով աշխարհահաւաք կը կատարուէր Արածանի գետի ափին, ուր Հայաստանի ամբողջ ազգաբնակչութիւնը` թագաւորով, իշխանական տուներով, կրօնաւորներով  ու ազնուականներով,  ժողովուրդին հետ տօնական պերճանքով կը հաւաքուէր Բագրեւանդի մէջ, աւելցնելով, որ Այլակերպութեան տօնը յիշատակն է Թափօր լերան վրայ Յիսուսի ունեցած աղօթքի գերագոյն այն առիթին, ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ, երբ Յիսուս իր երեք աշակերտներուն դիմաց լուսաւոր կերպարանք ստացաւ, դէմքը ողողուեցաւ լոյսի ճառագայթներով, եւ հագուստները ձիւնի սպիտակութեան փայլք ստացան ու նաեւ լուսաւոր ամպի մը մէջէն լսուեցաւ Աստուծոյ ձայնը, որ կ՛ըսէր, «Այս է իմ սիրելի Որդիս… անոր մտիկ ըրէք» (Մտթ. 17): Սրբազան հայրը հաստատեց, որ պայծառակերպութեան այս դէպքը հազուադէպ այն առիթներէն էր, ուր երկրաւորն ու երկնայինը Քրիստոսի մէջ իրարու միացած` յայտնապէս ճառագայթեցին Թափօր լերան վրայ, եւ Յիսուս աղօթքի  խորացումի մէկ պահուն պայծառակերպուելով` երկրաւոր պայմաններու մէջ աստուածային փառքն ու վայելչութիւնը ճառագայթեց, աւելցնելով, որ քրիստոնեային հաւատքի ուղեւորութիւնը կը սկսի աղօթական կեանքով: Աղօթքով ոչ միայն կարելի է Աստուծմէ խնդրել եւ ստանալ ամէն բան, այլեւ` գործել նաեւ այն, ինչ որ անհնար է մարդկային բնութեամբ:  «Աղօթելը մեզի առաջարկուած միջոց մըն է, որպէսզի մեր մէջ կարենանք կերտել կատարեալ այն մարդը, որ Քրիստոսի օրինակով կրնայ Աստուծոյ յանձնուիլ եւ այդպիսով նաեւ կրնայ երկրաւոր պայմաններու մէջ լոյս բերել իր կեանքին ու շրջապատին», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յայտնեց, որ ամէն մարդ կը հիանայ հրաշալիքներուն վրայ ու նաեւ ամէն մարդ կը ցանկայ, որ մեր ապրած կեանքի պայմաններուն մէջ հրաշալիքները դառնան մնայուն վիճակ, նկատել տալով, որ սովորական կեանքի պայմաններէն դուրս, ամէն երեւոյթ հիացում կը պատճառէ մարդուն, որ բնութեամբ միշտ կը ձգտի հասնիլ այս աշխարհէն անդին գտնուող իրականութիւններուն եւ ճանչնալ մարդկային փորձառութիւններէն աւելի տարբեր սքանչելիքներ: Սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ սովորականէն աւելի վեր ու աւելի բարձր փորձառութիւններ կրնան պարզուիլ մեզի միայն այն ատեն, երբ մենք հաւատքով մասնակից ենք աստուածային գործին:

«Այլակերպութեան տօնը մեզի կը յուշէ, որ այս աշխարհի հարցերն ու խնդիրները լուծելու համար նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք  քրիստոնէական մեր պարտականութիւններուն նկատմամբ, մասնաւորապէս պայծառատես հաւատքով պէտք է շարունակենք աղօթական մեր կեանքը, որպէսզի կարենանք երկնային լոյսով փարատել աշխարհի մթին հարցերը եւ մնալ պայծառատես», հաստատեց սրբազան հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը` շեշտեց, որ պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ չի բաւեր աւետարանական պատմութիւնները գիտնալը, պէտք է այդ պատմութիւններով պայծառանալ, անոնց պատգամներով մեր կեանքը յեղաշրջել եւ այդպիսով ձգտիլ բարձրանալ ու հասնիլ Աստուծոյ շնորհած փառքին: Արդարեւ, Յիսուս կ՛ուզէ մեր մէջ հաւատարիմ բարեկամ մը տեսնել, որ ոչ միայն ծանօթ է Աւետարանի խօսքերուն, այլեւ հաւատարմօրէն կը հետեւի իր օրինակին եւ կը գիտակցի, որ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելով եւ անկէ ուժ ու զօրութիւն ստանալով` ոչ միայն կրնանք տոկալ կեանքի փորձութիւններուն, ցաւերուն ու տառապանքներուն, այլեւ հոգեպէս վեր բարձրանալով` նաեւ մօտենալ Աստուծոյ եւ այդպիսով այլակերպիլ ու պայծառանալ:

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Յաջորդը

«Շահումեանի Արծիւ» Խորագրեալ Ձեռնարկը` Նուիրուած ԼԵՄ-ի 50-Ամեակին Եւ «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղի 20-Ամեակին

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած
Գաղութային

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?