Կարտինալ Աղաճանեանի Բարերարութեամբ Կառուցուած Դպրեվանքի 60-Ամեայ Յոբելեանի Հանդիսութիւն
ՏԻՐԱՑՈՒ ՆՇԱՆ ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ Հինգշաբթի, 17 օգոստոս 2023-ի, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Զմմառու մայրավանքի Փոխման Սուրբ Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի կարտինալ Աղաճանեանի կողմէ կառուցուած դպրեվանքի 60-ամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսութիւն` հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, նախաձեռնութեամբ Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան դպրեվանքի տեսչութե-ան, կազմակերպութեամբ համանուն կրթօճախի ժառանգաւորներուն, ներկայութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի, ընտրական ժողովի...




















