Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտօնական Բացումը Կատարուեցաւ Պիքֆայայի Վանքի Եպիսկոպոսաց Նորակառոյց Շէնքին

Յուլիս 25, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ կառուցուած եպիսկոպոսաց շէնքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յուլիս 2023-ի առաւօտուն, ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի այրիին` Անահիտի եւ զաւակներուն` Գարինի, Արամի եւ Անիթայի:

Յայտնենք, որ շէնքին շինութիւնը աւարտած էր 2019 թուականին, սակայն համաճարակին եւ Գառնիկ Եագուպեանի մահուան պատճառով, այս տարի միայն առիթ ստեղծուեցաւ պաշտօնապէս կատարելու շէնքին բացումը, որուն ներկայ էին Կիլիկեան ուխտի միաբան հայրեր, կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, շէնքին ճարտարապետները, հայկական երեք կուսակցութիւններու, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ եպիսկոպոսաց շէնքի մուտքին «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, որմէ ետք, գլխաւորութեամբ վեհափառ հայրապետին, Անահիտ Եագուպեան հատեց ժապաւէնը, ապա երգուեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգը, որուն յաջորդեց շէնքին մէջ շրջագայութիւն` նախքան ներկաներուն ուղղուիլը դէպի դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահ, ուր վեհափառ հայրապետը արտասանեց իր պատգամը:

Արդարեւ, վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ վեր առաւ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին կատարուած բարերարութեանց կարեւորութիւնը: Առ այդ, հայրապետը ընդգծեց Անահիտ Եագուպեանի հօր` Գէորգ Չաթալպաշեանի բարերարութիւնը Անթիլիաս մայրավանքի վեհարանի կառուցման, որ իր աւարտին հասած էր 1968 թուականին, եւ անդրադարձաւ Չաթալպաշեան բարերարին ազգային արժանիքներուն: Վեհափառ հայրապետը նաեւ խօսեցաւ, թէ ինչպէ՛ս Եագուպեան ընտանիքը, գլխաւորութեամբ հանգուցեալ Գ. Եագուպեանի, հետեւելով իրենց հօր եւ աներոջ օրինակին, ստանձնեց Պիքֆայայի վեհարանին վերանորոգման եւ ընդլայնման (2014), ինչպէս նաեւ սոյն եպիսկոպոսաց շէնքին կառուցման (2019) բարերարութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր վստահութիւնը յայտնեց, որ Եագուպեան ընտանիքը իր բարերարութիւնը վերանորոգ ոգիով պիտի շարունակէ ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հանգուցեալ Գ. Եագուպեանի հոգին լուսաւորէ եւ զայն հանգչեցնէ երկնային լոյս խորաններուն մէջ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Նարեկ» աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագիրին կրկնօրինակը նուիրեց Անահիտ Եագուպեանին:

Կարեւորութեամբ նշենք, որ Գ. Եագուպեան բազմաթիւ բարերարութիւններ կատարած է Սուրիոյ, Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ եւ իրողապէս արժանացած է ազգային բարերար կոչումին:

Յիշենք, որ 2014 թուականին, վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանով զարդարած էր հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի կուրծքը:

Նախորդը

Ազգային Վարժարաններու Երթը Ապահովելու Հաւաքական Եւ Ամբողջական Յանձնառութիւն

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա-1». Մաքս Վերսթափենի 7-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025
Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց  Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?