Վերջերս Թրիփոլիի Սուրբ Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդէն անդամներ եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան կատարեցին ծանօթացման այցելութիւններ Թրիփոլիի հոգեւոր հեղինակութիւններու` մարոնի համայնքի Թրիփոլիի առաջնորդ Եուսեֆ Սուիֆ եպիսկոպոսին, յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էտուար Տահեր եպիսկոպոսին եւ յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Աֆրամ Քիրիաքոս եպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ ալաւիներու համայնքապետ Շաապան Համտանին:
Հանդիպումները ընթացան ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ, քննարկուեցան Լիբանանը, համայնքներն ու յատկապէս Թրիփոլին յուզող հարցեր:





