7 յուլիս 2023-ին սկիզբ առաւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց բաժանմունքին նախաձեռնած հայկական կարպետ հիւսելու դասընթացը: Ծրագիրը արդիւնքն է Հայաստանի Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանի հետ Հայկազեան համալսարանի հաստատած գործակցութեան:
Դասընթացի իրականացման համար հրաւիրուած են երեք մասնագէտներ` վերոյիշեալ թանգարանէն:
Աշխատանոցը պիտի տեւէ 10 օր, որոնց ընթացքին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ պիտի սորվին կարպետ հիւսել: Դասընթացի աւարտին պիտի կազմակերպուի ցուցահանդէս` աշակերտներուն հիւսած կարպետներով:
Աշխատանոցին կը մասնակցին` Հայ աւետարանական քոլեճի, Ազգային Միացեալ, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ, ՀԲԸՄ եւ Վահան Թէքէեան վարժարաններու 45 աշակերտներ: