«Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն,
որպէսզի իր ծերութեան ատեն անկէ չխոտորի»
ԱՌԱԿ.22:6
Երկրի եւ ժողովուրդի մը ապագան երիտասարդութիւնը եւ անոր նախորդող պարման-պարմանուհիները կը կազմեն: Արդ, մանկութենէն պատանեկութիւն, ապա երիտասարդութիւն շղթայաձեւ օղակը ամենարժէքաւոր եւ ամենաբեղմնաւոր տարիներն են: Մարդիկ շատ յաճախ կը լուսանցքայնացնեն կամ նուազ կ՛արժեւորեն անոնց արժանիքները, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ երիտասարդները աշխուժութեան, նորարար միտքերու, հասարակութեան դէմ ծառացած խնդիրները լուծելու վճռակամութիւն եւ ներուժ ունին: Արդ, եթէ կ՛ուզենք մեր ազգին ապագան պայծառ տեսնել, առաջին հերթին մեր ծնողները տան մէջ հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեամբ եւ կենդանի օրինակով սատար հանդիսանալու են ապագայատեսիլ այս ծրագիրին, իսկ միւս կողմէ` մեր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները զանազան նախաձեռնութիւններով եւ արհեստագիտական արդի միջոցները օգտագործելով` օժանդակեն առողջ երիտասարդութիւն մը ունենալու տեսլականին ու նուիրական առաքելութեան:
Ահա «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Միացեալ Նահանգներու գրասենեակը, ի պատիւ «Ճինիշեան»-ի Լիբանանի գրասենեակի նախկին վաստակաշատ տնօրէնուհի Փոլին Սաղըրեանի 27-ամեայ վաստակին եւ իր պաշտօնավարութեան աւարտին, ձեռնարկեց լիբանանահայ պարմանուհիներու յատուկ համագումարի մը կազմակերպման, որ կայացաւ 13-18 յուլիս 2023-ին, Այնճարի Հայ կաթողիկէ գիշերօթիկ վարժարանի շրջափակին մէջ: Համագումարին մասնակցեցան 52 պարմանուհիներ: Սոյն եզակի նախաձեռնութեան իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեամբ սատար հանդիսացան` «Ճինիշեան»-ի Միացեալ Նահանգներու գրասենեակը, Այնճարի քաղաքապետութիւնը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, ճաշարան «Արեւ»-ը, Այնճարի Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, վեր. Յակոբ Ագպաշարեանը եւ իր կինը, ՀՄԸՄ «Այնճար»-ի մասնաճիւղը, «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը եւ անհատ նուիրատուներ: Կասկածէ վեր է, որ սոյն համագումարը զոհուող անձնակազմ ու մարդուժ կ՛ենթադրէ յաջողութեամբ պսակուելու համար: Արդ, վեցօրեայ համագումարին իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը մատուցեց «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տինամիք անձնակազմը, որոնք բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ յայտագրի գործադրութեան` պարմանուհիներուն գոհունակ եւ ուրախ տրամադրութիւն պարգեւելու միտումով:
Համագումարի Մեկնարկ
Վեցօրեայ այս համագումարը ընթացք առաւ Պէյրութէն: Արդարեւ, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան աղօթքով օրհնեց մասնակից պարմանուհիները, եւ մեկնարկը կատարուեցաւ համագումարին: Ապա անոնք ուղղուեցան Ազունիէի Ազգային բուժարան, հոն մօտէն ծանօթացան ապաստանած պատսպարեալներուն եւ լիցքաւորուեցան անոնց կեանքով ու հաւատքով: Այնուհետեւ մասնակիցները ուղղուեցան Այնճար եւ ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ ճաշեցին: Այս հաւաքին միացաւ նաեւ Նանոր Ագպաշարեանը, որ ոգեւորեց ներկաները իր աղօթքով ու շինիչ թելադրանքներով:
Դասախօսութիւն Եւ
Աշխատանքային Սեմինարներ
Այս համագումարը յատկանշուեցաւ դասախօսական այժմէական նիւթերով եւ աշխատանքային աշխուժ սեմինարներով, որոնք ձեռնհասօրէն վարեցին գաղութիս մէջ գործող մասնագիտացած անձեր` մասնակիցները մերթ ներգրաւելով նիւթերուն մէջ եւ մերթ նոր գիտելիքներով հարստացնելով անոնց մտապաշարը: Առ այդ, կը ներկայացնենք դասախօսներն ու անոնց ներկայացուցած նիւթերը.
Ա.- Նաթալի Քենտիրճեան, նիւթ` «Փառասէր նպատակակէտը»,
Բ.- Մարալ Քէչէճեան, աշխատանքային սեմինար, նիւթ` «Սէր եւ ընկերասիրութիւն»,
Գ.- Մէյրի Ղազարեան, նիւթ` «Զգացական խելացութիւն»,
Դ.- Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, նիւթ` «Կին կերպարը Աստուածաշունչին մէջ եւ անոր դերը հասարակութեան մէջ»,
Ե.- Արաքս Խօշեան, աշխատանքային սեմինար, նիւթ` «Կնոջ ուժականութիւնը»,
Զ.- Մելիսա Մարտիկեան, նիւթ` «Body image Issues»,
Է.- Թամար Իբրաճեան, նիւթ` «Մարտահրաւէրներ, որոնք կը դիմագրաւեն պատանիները»:
Այցելուներ, Ընկերային Պահեր
Համագումարին երկրորդ օրը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Այնճարի հայ երեք յարանուանութիւններու պատասխանատու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, որոնց ի պատիւ` ներկայացուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր, որ ընդգրկեց երգ եւ ազգագրական պարեր, որուն յաջորդեց ընթրիք` ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ: Իր ներկայութեամբ սոյն ընթրիքը պատուեց Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան:
Երրորդ օրը իր այցելութեամբ յայտագիրը ճոխացուց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը (ՀԵՀՈՄ): ՀԵՀՈՄ-ի անդամները դասախօսութեամբ, հայկական պարի ուսուցումով աշխուժութիւն բերին համագումարին: Այցելուներուն միացաւ նաեւ Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը: Այնուհետեւ անոնք այցելեցին Թանայէլի ագարակը, իսկ վերադարձին ՀՄԸՄ Այնճարի մարզիչ Յակոբ Քէշիշեան զանազան մարզական խաղերով խրախուսեց մասնակիցները:
Չորրորդ օրը համագումարին մասնակիցները երեք խումբերու բաժնուեցան եւ մասնակցեցան կիրակնօրեայ պատարագի արարողութեան եւ պաշտամունքի` Այնճարի հայ երեք յարանուանական եկեղեցիներուն մէջ: Ապա անոնք ուղղուեցան Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի շրջափակը, ուր ջրախաղեր կազմակերպուեցան հայկական Վարդավառի տօնին առիթով: Անոր յաջորդեց այցելութիւն` Ուատի Զահլէ եւ Այնճարի ՀՄԸՄ-ի բանակավայր:
Հինգերորդ օրը, դասախօսութենէն ետք, մասնակիցները ուղղուեցան «Շամըս փալաս» լողաւազան, ուր հաճելի ժամեր անցուցին: Ճաշէն ետք «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէնուհի Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան կատարեց համագումարի արժեւորման պահ, որուն ընթացքին պարմանուհիները արժեւորեցին անցնող հինգ օրերու իրենց ստացած գիտելիքները, պատմեցին քաղցր յիշատակներու մասին ու հրճուեցան հաստատուած նոր բարեկամութիւններով:
Համագումարին վերջին օրը ընթացք առաւ Այնճարի հայ կաթողիկէ Ս. Տիրամայր եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Մեսրոպ վրդ. Թօփալեանի աղօթքով: Այնուհետեւ Այնճարի Հայ աւետարանական գիշերօթիկ վարժարանի տնօրէն Նանոր Ագպաշարեան գօտեպնդեց պարմանուհիները եւ շեշտեց, որ համագումարէն իրենց ստացած գիտելիքները հարկ է փոխանցել նաեւ ուրիշներուն: Ապա մասնակիցները ուղղուեցան Ալէյ «էքի քլապ», ուր արկածախնդրական խաղերով յիշատակելի օր մը անցուցին:
Արժեւորում
Այսքան հարուստ, սերտուած նախաձեռնութեան մը յաջողութիւնը նախ կը կայանայ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի զոյգ գրասենեակներու տնօրէնութեանց անխափան հաւատքին, տածած սիրոյն եւ ծառայութեան վրայ` հանդէպ հայ ածուին արժանընտիր զաւակներուն, ապա` մեր բարերարներու նեցուկին, որոնք իրենց լուման ներդրեցին ոգեւորելու համար մեր պարմանուհիները: Իսկ մասնակիցները կեանքի փորձառութեան իրենց առաջին նախաքայլերը հարստացուցին նմանօրինակ դաստիարակիչ եւ հոգեգրաւ համագումարով, որուն արձագանգները երկար պիտի տողանցեն անոնց առօրեային եւ մտահորիզոնին մէջ:
Վարձքը կատար «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ բոլոր նուիրատուներուն: