Գաղութային

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին.   22 Յուլիսի` «Հայ Մարզիկի Օր»-ուան Առիթով Արցախի Մարզիկներու Գնահատանքի Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. 22 Յուլիսի` «Հայ Մարզիկի Օր»-ուան Առիթով Արցախի Մարզիկներու Գնահատանքի Երեկոյ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յաձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարի մասնակիցներուն մասնակցութեամբ, երեքշաբթի, 22 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Երեւանի «Հոլիտէյ ին» պանդոկի «Արմաւիր» սրահին մէջ նշուեցաւ «Հայ մարզիկի օր»-ը: Անիկա հինգ տարի է ի վեր կը նշուի 22 յուլիսին` հայ մարմնակրթութեան մեծ ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեանը օրը: Այս տարի, սակայն, ան շուք եւ թելադրականութիւն ունեցաւ, նախ` Երեւանի մէջ եւս...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Վերապատուելի Հայտոսթեանի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վերապատուելի Հայտոսթեանի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի գլխաւորութեամբ, երեքշաբթի, 21 յուլիս 2026-ին այցելեց Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի: Պատուիրակութիւնը առաջին հերթին շնորհաւորեց Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակը` վեր առնելով անոր ազգային բազմակողմանի դերակատարութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի առանցք հանդիսացան Լիբանանի եւ հայութեան դիմագրաւած տագնապներն ու մարտահրաւէրները: Պատուիրակութիւնը ներկայացուց...

Համա-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Համագումարը Իր Աշխատանքները Կը Շարունակէ Երեւանի Մէջ

Համա-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Համագումարը Իր Աշխատանքները Կը Շարունակէ Երեւանի Մէջ

Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարը երէկ` երեքշաբթի, 21 յուլիսին, Երեւանի մէջ իր աշխատանքները շարունակեց երկու նիստով եւ երկու այցելութեամբ: Առաւօտեան, համագումարին մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուր եւ ներկայ գտնուեցան սկաուտական «Արարատեան» կարգի 61 մասնակիցներու փողկապներու տուչութեան: Եռաբլուրի Սրբոց Նահատակաց մատրան մէջ փողկապները օրհնեց Դադիվանքի նախկին վանահայր, մատրան հոգեւոր հայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանը: Ապա, համագումարի մասնակիցներն ու «Արարատեան» կարգի բարձրաստիճան սկաուտները ուղղուեցան Եռաբլուրի յուշապատին...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Զօրակցական Նամակ` Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Կիպրոս թրքական ներխուժման 52-ամեակին առիթով զօրակցական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաճիթէոտոսիուին: «Այս հանդիսաւոր ամեակը յարձակումի, բռնագրաւումի եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան շարունակական խախտման հետեւանքներու մասին յիշեցում կը կատարէ: Աւելի քան հինգ տասնամեակ ետք, տեղահանութեան, կղզիի բաժանման եւ հիմնարար իրաւունքներու ժխտման ցաւը կը մնայ չլուծուած, ինչ որ կ՛ընդգծէ արդարադատութեան,...

Համա-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Համագումարը Երեւանի Մէջ Սկսաւ Եռօրեայ Իր Աշխատանքներուն

Համա-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Համագումարը Երեւանի Մէջ Սկսաւ Եռօրեայ Իր Աշխատանքներուն

Երէկ` երկուշաբթի, 20 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Երեւանի «Հոլիտէյ ին» պանդոկին «Արմաւիր» սրահին մէջ սկսան համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարին աշխատանքները` մասնակցութեամբ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու քարոզչական պատասխանատուներու, կազմակերպիչ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներու եւ Կեդրոնական վարչութեան վեց անդամներու, ընդամէնը` 30 մասնակիցներ: Ծանօթ է, որ այս օրերուն Հայաստան դարձած է համա-ՀՄԸՄ-ական ձեռնարկներու ժամադրավայր: Համագումարին առընթեր, այսօր` երեքշաբթի, Աղվերանի մէջ...

ՀՄԸՄ-ի Առաջին Նաւապտոյտը Կը Պսակուի Մեծ Յաջողութեամբ

ՀՄԸՄ-ի Առաջին Նաւապտոյտը Կը Պսակուի Մեծ Յաջողութեամբ

ՀՄԸՄ-ի եւրոպական առաջին նաւապտոյտը, Դանուբ գետին վրայ, այսօր` երկուշաբթի, 20 յուլիսին իր աւարտին կը հասնի «Անապելլա» նաւուն Պուտափեսթ ժամանումով: Արդարեւ, երկուշաբթի, 13 յուլիսին, Գերմանիոյ Վիլշոֆըն քաղաքէն ճամբայ ելած նաւը, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Սլովաքիոյ վեց քաղաքները շրջելէ ետք, այսօր իր վերջին կանգառը կը դարձնէ Հունգարիոյ մայրաքաղաքը: Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին, նաւապտոյտը 130 մասնակիցներուն գեղեցիկ առիթը ընծայեց, ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ, ծանօթանալու...

Քիւրքճեան Արժանացած Է Ֆրանսայի  «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»-ի Շքանշանին

Քիւրքճեան Արժանացած Է Ֆրանսայի «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»-ի Շքանշանին

Ֆրանսահայ անուանի օծանելիքագործ (parfumeur), «Տիոր»-ի բուրմունքներու բաժանմունքի ստեղծագործական բաժինի տնօրէն եւ «Մեզոն Ֆրանսիս Քիւրքճեան»-ի հիմնադիր Ֆրանսիս Քիւրքճեան արժանացած է Ֆրանսայի պետական բարձրագոյն պարգեւին` «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»-ի շքանշանին: Այս մասին հաղորդեց «Նոր Յառաջ»-ը: Քիւրքճեան այս պատիւը ձօնած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Ֆրանսայի մէջ ապաստան գտած իր մեծ ծնողներուն` ընդգծելով, որ անոնց քաջութիւնն ու արժէքները խորագոյն իմաստը կու տան այս պարգեւին:...

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճարի Մէջ

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճարի Մէջ

Զ. Գ. Ղ. Այնճարի Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ, 14-րդ տարին ըլլալով, մշակութային ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան: 5 յուլիս 2026 երեկոյեան մշակութասէր անձերու ներկայութեան տեղի ունեցաւ  այս տարուան առաջին ձեռնարկը` նուիրուած տաղանդաւոր երաժիշտներ Կարա  Մուրզայի եւ Մակար Եկմալեանի: Օրուան դասախօսն էր բազմավաստակ երաժիշտ Զաքար Քէշիշեանը, որուն 8-րդ ելոյթն էր այս բակին մէջ : Զաքար Քէշիշեան դասախօսութիւնը սկսաւ ներկայացնելով նախ Կարա Մուրզան,...

«Ազդակ»-ի 89-րդ Առցանց Լսարան.  «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Աշխարհաքաղաքականութիւնը

«Ազդակ»-ի 89-րդ Առցանց Լսարան. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Աշխարհաքաղաքականութիւնը

Խորագիրով նշուած նիւթով «Ազդակ»-ի 89-րդ լսարանին դասախօսեց թրքագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. Վարուժան Գեղամեան: Լսարանավարն էր` «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նախ անդրադարձաւ այս նիւթին մասին տարի մը առաջ փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեանի եւ իր համահեղինակած «Թուրանի ճանապարհի հայկական սեպը` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հիմնահարցը» խորագիրը կրող գիրքի բովանդակութեան առանցքին, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համար «Զանգեզուրի միջանցք»-ի...

ՀՅԴ Բիւրոն Կը Ցաւակցի Քաթարի  Նախկին Իշխանին Մահուան Առիթով

ՀՅԴ Բիւրոն Կը Ցաւակցի Քաթարի Նախկին Իշխանին Մահուան Առիթով

Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատի հօր` նախկին իշխան Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի մահուան առիթով, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց Քաթարի դեսպանատուն, ուր յանուն ՀՅԴ Բիւրոյին Պէյրութի մէջ Քաթարի դեսպանին ներկայացուց ցաւակցութիւններ միաժամանակ անոր փոխանցելով Քաթարի իշխանին ուղղուած յատուկ ցաւակցագիր: Բագրատունի վեր առաւ Քաթարի հանգուցեալ իշխանին հայրական վերաբերումը Լիբանանի նկատմամբ, ոչ միայն հովանաւորելով...

Ցաւակցագիր

Ցաւակցագիր

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հետեւեալ ցաւակցագիրը յղեց Քաթարի իշխանին` նախկին իշխանին մահուան առիթով. Քաթարի պետութեան վսեմաշո՛ւք իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խոր վիշտով ստացաւ ձեր հօր` իշխան շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի մահուան լուրը: Լիբանանցիները մեծ գնահատանքով կը յիշեն ի նպաստ Լիբանանի հանգուցեալ իշխանին արտայայտած դիրքորոշումները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, մարդասիրական ու բարգաւաճման...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի 63-րդ Պատգամաւորական  ժողովը գումարուեցաւ ուրբաթ 10 եւ շաբաթ, 11 յուլիս  2026-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Սիրան Ամպարճեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ  Լիզա Ժիլիպեռի եւ ժողովականներուն: Երկու օրերու ընթացքին ժողովը քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան 30 ամսուան բազմաճիւղ գործունէութիւնը` տալով իր արժեւորումը: Ապա ներկայացուեցան առաջարկներ` կազմակերպական, կրթական, ընկերային, առողջապահական, քարոզչական,...

ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» Դարմանատան Նորոգուած Սպասման Սրահի Բացում

ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» Դարմանատան Նորոգուած Սպասման Սրահի Բացում

 ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի դարմանատան սպասման նորոգուած սենեակի բացման ու անոր անուանակոչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 2 յուլիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին կեդրոնի սրահին մէջ: ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս երգեցողութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Լալիկ Խոշեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ այս ծրագիրը իրականացած է առատաձեռն նուիրատուութեամբ արժանաւոր բարերար ամոլին` տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ...

Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Մէջ  Ընդունեց Հոգեւոր Տէրը

Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Մէջ Ընդունեց Հոգեւոր Տէրը

Ուրբաթ, 10 յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ այցելութիւնը: Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ քննարկումները ընդգրկեցին երկու եկեղեցիներու գործակցութեան, վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին հետ առնչուած հարցեր:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Պասքեթպոլի  Ախոյեան Խումբը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեան Խումբը

Հինգշաբթի, 9 յուլիս 2026-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը: Պատուիրակութեան կ՛ընկերանային ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը, խումբին անդամները, մարզիչներու կազմը, վարչական պատասխանատուներն ու գլխաւոր հովանաւոր Շանթ Շէկեանը` գլխաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ճորճ Սապունճեանի: Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան` աւելցնելով, որ անիկա ոչ միայն մարզական եւ սկաուտական շարժում մըն է, այլ նաեւ մարդակերտումի...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ուժանիւթի  Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարին

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարին

Հինգշաբթի, 9 յուլիս 2026-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան այցելեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Սըտիի` ընկերակցութեամբ երկրաչափ Յակոբ Սիմոնեանի եւ փաստաբան Սերժ Մելքոնեանի: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը նախարարին ներկայացուց «Սեն Ժաք Փլազա» բնակարանային ծրագիրի պատմութիւնը եւ բնոյթը: Ներկայացնելէ ետք այս ծրագիրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր իրագործումը, քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը նախարարէն պահանջեց օգնել ելեկտրական հոսանք հասցնել բնակարանային...

Գեղամ Արք. Խաչերեան Այցելեց «Ազդակ»

Գեղամ Արք. Խաչերեան Այցելեց «Ազդակ»

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան 10 յուլիսի առաւօտուն այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ։ Սրբազանին հետ ծաւալած զրոյցը կը վերաբերէր «Ազդակ»-ի 100-ամեակին ընդառաջ ծրագրուուղ եւ ի գործ դրուած աշխատանքներուն, յատկապէս արխիւի մատենագիտութեան պատրաստութեան, գրեթէ հարիւրամեակ մը առաջ մեկնարկած թերթօններու հաւաքման ու հրատարակութեան եւ այլ ձեռնարկներու։ Սրբազանը յատուկ կերպով անդրադարձաւ իրենց շրջանին մէջ «Ազդակ»-ի հետեւորդներու մեծ լսարանին՝ ընդգծելով...

Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Խնամակալութիւնը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Խնամակալութիւնը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Չորեքշաբթի, 8 յուլիս 2026-ին Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան` գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի: Խնամակալութիւնը վեհափառ հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց բուժարանին մէջ կատարուող աշխատանքները` տնտեսական, յարաբերական, բժշկական եւ այլ մարզերու առնչուած: Ան նաեւ զեկուցեց բուժարանին առնչուած ծրագիրներու մասին: Այս ծիրին մէջ կարեւոր անդրադարձ կատարուեցաւ յատուկ ծրագրի մը, որուն մասին մեր ժողովուրդին աւելի...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Հինգշաբթի, 25 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները, որոնք հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ: Հանդէսը սկսաւ Կայէլ Ատուրեանի «Աչքդ գոցէ բաց» սրտի խօսքով, որուն ընկերակցեցաւ Լիզա Ժագմագեան մատնախօսութեան լեզուով:...

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Շաբաթ, 4  յուլիս 2026-ին սկիզբ առին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Ուսանողական հաւաքի (ֆորում) աշխատանքները, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 16 յուլիս: Ուսանողական հաւաքին բացումը տեղի ունեցաւ 5 յուլիսին «Պանդոկ Երեւան» ճաշարանին մէջ, ուր ազգային երգերու եւ պարերու շուրջ  երիտասարդները ծանօթացան իրարու եւ երէց համազգայնականներու: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն ներկայ էին` Արեւիկ Գաբրիէլեանը, Արա Գէորգեանը եւ Արտաշէս Շահբազեանը, նաեւ` Հայաստանի գրասենեակի...

Page 7 of 364 1 … 6 7 8 … 364

Արխիւներ