Չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2026-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Վենեզուելայի դեսպան Խոսէ Կրեկորիօ Պիոմորկի, իր խորհրդականներուն ընկերակցութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Վենեզուելայի հայոց հոգեւոր տեսուչ Պետրոս եպս. Մանուէլեան:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ եղաւ լայնօրէն անդրադառնալու վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Վենեզուելայի հետ աղերս ունեցող հարցերուն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին:
Դեսպանը, որ նախապէս եղած է Վենեզուելայի տնտեսութեան նախարար, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին` Միջին Արեւելքի հետ Վենեզուելայի ունեցած քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութեանց առնչուած զարգացումներուն շուրջ:
Ապա, հանդիպման միացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի նախկին նախարար Արթուր Նազարեան:
Դեսպանը վեհափառ հայրապետը հրաւիրեց պաշտօնական այցելութիւն տալու Վենեզուելա:
Յունաստանի Դեսպանին Հետ Հանդիպումը
Երեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2026-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլուի:
Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին քննարկումները ընդգրկեցին, բնականաբար, Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր, Լիբանանի նախագահին վերջերս Յունաստան տուած այցելութիւնը, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետզհետէ աճող ներկայութիւնը շրջանին մէջ եւ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու լոյսին տակ Յունաստանի իւրայատուկ դերը:
Յիշեալ նիւթերուն առընթեր, վեհափառ հայրապետը նաեւ արծարծեց Ազրպէյճանի կողմէ մեր պատմամշակութային ու կրօնական կառոյցները իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն ներկայացնելու եւ հայկական ներկայութիւնը Արցախի մէջ ջնջելու շարունակուող ճիգը:


