Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

September 18, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, Մուսա Լերան Ազգագրական թանգարանի յանձնախումբին  կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Մովսէս Աւագ քահանայ Շրիգեանի` վերջերս հրատարակուած «Յուշեր» հատորի գինեձօնը, խմբագրութեամբ` Վարուժան արք. Հերկելեանի:

Բացման խօսքին մէջ երեկոյի հանդիսավար Հիլտա Տումանեան նախ յոտնկայս  հրաւիրեց ներկաները յարգելու յիշատակը վերջերս մահացած Մեսրոպ Քենտիրճեանին, որ երկար տարիներ նուիրումով եւ անձնազոհութեամբ վարած էր  Մուսա Լերան Ազգագրական թանգարանի յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը` իր արժէքաւոր ծառայութիւնը մատուցելով մեր պատմական ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ փոխանցման սուրբ գործին:

Ապա  Տումանեան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ նոր հրատարակուած «Յուշեր»-ուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց  «Գառնի» մատենաշարի հիմնադիր եւ խմբագիր Վարուժան արք. Հերկելեանին:

Ապա ընթացք առաւ ձեռնարկը  Մովսէս Ա. քահանայ Շրիգեանի յիշատակի աղօթքով մը: Անկէ ետք մեներգով ելոյթ ունեցաւ Վիքթոր Գէորգեան, իսկ նոր հրատարակուած հատորէն հատուած մը ընթերցեց Դուին Հերկելեան:

Գիրքը ներկայացուց Եսայի Հաւաթեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ծանօթացուց հատորի հրատարակութեան նախապատրաստութիւնն ու իրագործման փուլերը` թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ՛ արժէքաւոր նկատելով տէր Մովսէսին յուշերը, որոնք կը պարունակէ բացառիկ տեղեկութիւններ մուսալեռցիներու ապրած շուրջ 100 տարիներու կեանքին ու պատմական անցուդարձերուն մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վարուժան սրբազանին այս իրագործումին համար, ինչպէս նաեւ մեկենասներ Գէորգ եւ Սարգիս Շրիգեաններուն:

Հաւաթեան շեշտեց, որ այս գիրքի ծննդոցին մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունեցաւ Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանին, որ այս յուշերը յանձնեց իրենց:

Նուագով յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վիքի Հաւաթեան` շուիով եւ Մարք Քէնտիրճեան` թմբուկով:

Գինեձօնի արարողութեան մասնակցեցան գիրքի մեկենասները,  հոգեւոր հայրերը, Այնճարի քաղաքապետը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ թանգարանի յանձնախումբի ատենապետը:

Իբրեւ երախտագիտութիւն` թանգարանի յանձնախումբի անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան մեկենասներուն եւ Եսայի Հաւաթեանին, նաեւ` Վարուժան սրբազանին:

Ձեռնարկի աւարտին գիրքի խմբագիր Վարուժան արք. Հերկելեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց այս առիթով եւ ըսաւ.  «Քաջալերելի է մեծաթիւ հայրենակիցներուն ներկայութիւնը այս ձեռնարկին, մանաւանդ որ ընթերցասիրութիւնը շատ նուազած է, ինչպէս նաեւ` գիրքի հանդէպ հետաքրքրութիւնը»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրի հրատարակութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցողներուն:

Երեկոն աւարտեցաւ «Մուսա Լերան գիւղերէն» խմբերգով, գիրքի մակագրութեամբ ու բաշխումով:

Նախորդը

Դիմակայելու Ժամանակը

Յաջորդը

«Սեւ Քարտ»-ը` Ֆութպոլի Մէջ

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան»  Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի  60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան» Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի 60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն

November 2, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռուսիոյ  Նախկին Վարչապետ Սերկէյ Սթեփաշինը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռուսիոյ Նախկին Վարչապետ Սերկէյ Սթեփաշինը

November 2, 2026
Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Գաղութային

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.