Գաղութային

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Յատուկ Նիստ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Յատուկ Նիստ

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայացուցիչները գումարեցին յատուկ նիստ, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 6 յուլիս, 2026-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։ Ժողովականները հանգամանօրէն քննարկեցին տարածաշրջանային, լիբանանեան, հայաստանեան եւ համայնքային խնդիրներ, որոնց ուղղութեամբ ճշդեցին նաեւ ուղենշային կէտեր։ Ա․ Լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտը կը դիմագրաւէ հերթական դժուար փուլ՝ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներու, դիւրաբեկ հրադադարի, Լիբանան-Իսրայէլ համաձայնութեան ընդառաջ ընթացող բանակցութիւններու առումներով։ Այս փուլին...

Բագրատունի Այցելեց Մխիթարեան  Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւոր`  Հայր Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեանի

Բագրատունի Այցելեց Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւոր` Հայր Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեանի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Մխիթարեան միաբանութեան Միջին Արեւելքի մեծաւոր` հայր Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեանի, Պիքֆայայի Մխիթարեան դպրեվանքին մէջ: Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, երկու կողմերը լայնօրէն անդրադարձան Մխիթարեան միաբանութեան ներկայ առաքելութեան, կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ միաբանութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն: Զրոյցին ընթացքին...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ծրագիրներու Զօրակցութեան Երեկոյ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ծրագիրներու Զօրակցութեան Երեկոյ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի,  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ տնտեսական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 28 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պէյրութի «Եախթ քլապ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցութեան երեկոն, որուն նպատակն էր քաջալերել ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի գործունէութիւնը, աշխատանքներն ու ապագայ ծրագիրները: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լիզա Մանտալեան, որ նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ի հիւրերուն...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Երեքշաբթի, 23 յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Հանդէսը սկսաւ Կանաչ դասարաններու տեսերիզով, ուր փոքրիկները ներկայացուցին մանկապարտէզը եւ իրենց առօրեան: Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան տեսերիզի աւարտին բարի երթ մաղթեց աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Այսօր մեր փոքրիկները` քիչ մը յուզուած, քիչ մը ուրախ, մնաս բարով պիտի...

«Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հայագիտական Հիմնարկը Իր Տարեշրջանը Կը Փակէ Երկու Նոր Շրջանաւարտներով

«Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հայագիտական Հիմնարկը Իր Տարեշրջանը Կը Փակէ Երկու Նոր Շրջանաւարտներով

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երկուշաբթի, 29 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Խորէն Ա. Կեդրոն»-ի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան սրահին մէջ Հայագիտական հիմնարկը իր ամավերջի հանդէսն ու շրջաւարտներու վկայագիրներու բաշխումը կատարեց: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան, որ անդրադարձաւ հիմնարկի առաքելութեան, այս տարեշրջանի ձեռքբերումներուն եւ ապագայի տեսլականներուն: Այս առիթով ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր հայրապետական...

Աւետիս Կիտանեան. «Լիբանանի Փրկութեան  Միակ Ուղին Ազգային  Երկխօսութիւնն Ու Համախոհութիւնն Է»

Աւետիս Կիտանեան. «Լիբանանի Փրկութեան Միակ Ուղին Ազգային Երկխօսութիւնն Ու Համախոհութիւնն Է»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2026-ին, «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքի «Հաքի Նեթ» յայտագիրին հիւրն էր: Հաղորդավար Սթեֆանի Իսհաքի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական եւ անվտանգային ներկայ իրավիճակին, շրջանային զարգացումներուն, արտաքին ազդեցութիւններուն, պետական հաստատութիւններու դերին, ազգային երկխօսութեան հրամայականին եւ երկիրը ներքին բախումներէն հեռու պահելու անհրաժեշտութեան: Կիտանեան ընդգծեց, որ Լիբանանի քաղաքական փորձառութիւնը...

Համազգայինի Ռ. Եւ Ա. Արսլանեան Մանկամսուրի Ամավերջի Հանդէս

Համազգայինի Ռ. Եւ Ա. Արսլանեան Մանկամսուրի Ամավերջի Հանդէս

Ուրախութեամբ, հպարտութեամբ եւ մանկական անմեղ ժպիտներու գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ, ուրբաթ, 19 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00- ին Համազգայինի Ռ. եւ Ա. Արսլանեան մանկամսուրի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը: Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նապիկ դասարանի 38 փոքրիկները, որոնք երգերով ու պարերով ներկայացուցին տարուան ընթացքին իրենց սորված ու ապրած ուրախ պահերը: Անոնց ինքնավստահ քայլերը, անմեղ ժպիտներն ու անկեղծ արտայայտութիւնները ստեղծեցին...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան 250-Ամեակին Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Շնորհաւորական Նամակը` Դեսպան Իսային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 250-ամեակին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսային` նշելով. «Այս պատմական փուլը կու գայ նշելու ազատութեան, ժողովրդավարութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, արդարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան անսասան սկզբունքներու վրայ հիմնուած պետութեան մը ստեղծման 250-ամեակը: Այս գաղափարները աշխարհի վրայ սերունդներ ներշնչած են եւ կը շարունակեն իբրեւ յոյսի փարոս ծառայել անոնց,...

Դպրեվանքի 2025-2026 Ուսումնական-Կրթական Ամավերջի Հանդէսը Կատարուեցաւ Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Դպրեվանքի 2025-2026 Ուսումնական-Կրթական Ամավերջի Հանդէսը Կատարուեցաւ Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա.  կաթողիկոսին, դպրեվանքի 2025-2026 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը կատարուեցաւ կիրակի, 21 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մօտ: Դպրեվանքի քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ ամավերջի հանդէսին գեղարուեստական յայտագիրը: Առաջին հերթին, աւարտական դասարանին անունով ուղերձ կարդաց նոյն օրը առաւօտուն աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած Նորայր աբղ. Պայտունեան: Ան գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ...

«Տունս Քաղցր Ա» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը` Յիշողութիւն Արցախի Մասին

«Տունս Քաղցր Ա» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը` Յիշողութիւն Արցախի Մասին

23 յունիս 2026-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տունս քաղցր ա» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը հանդիսատեսը տեղափոխեց Արցախի կեանքի ուրախ եւ տխուր էջերը` սկսելով խաղաղ հարսանիքի տեսարաներով եւ հասնելով դաժան պատերազմի ու տեղահանութեան իրականութեան: Ժապաւէնը կը ներկայացնէր ընտանիքի մը պատմութիւնը, որուն միջոցով կը բացայայտուէր ամբողջ Արցախի ժողովուրդի ճակատագիրը: Հերոս Վրէժին հայրը, որ ականատես եղած էր երկու պատերազմներու, իսկ մեծ...

Բագրատունի. «Լիբանանի Մէջ Հրադադարը  Տակաւին Չի Նշանակեր Յարձակումներու Դադար»

Բագրատունի. «Լիբանանի Մէջ Հրադադարը Տակաւին Չի Նշանակեր Յարձակումներու Դադար»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «ԱլֆաՆիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ շրջանին մէջ հրադադարի ընկալումը այսօր փոխուած է. Լիբանանի մէջ հրադադարը տակաւին չի նշանակեր յարձակումներու լիակատար դադար: «Հրադադար ըսելով` մենք կը հասկնայինք փոխադարձ յարձակումներու եւ թիրախաւորումներու դադրեցում, սակայն, ըստ երեւոյթին, այժմ նոր ընկալում ձեւաւորուած է. նոյնիսկ հրադադարի պայմաններուն մէջ յարձակումները կը...

Մայրավանքին Մէջ Նշուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ  Հայրապետին Կաթողիկոսական  Ընտրութեան Եւ Օծման 31-Ամեակը

Մայրավանքին Մէջ Նշուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կաթողիկոսական Ընտրութեան Եւ Օծման 31-Ամեակը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 31-րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանին վայելող աշխարհատարած բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ, կիրակի, 28 յունիս 2026-ին մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք` Հայրապետական մաղթանք` շնորհազարդ Հայրապետին առողջութեան, արեւշատութեան եւ արդիւնաւոր ծառայութեան համար: Յաւուր պատշաճի քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց...

Համա-ՀՄԸՄ-ական Ձեռնարկներու Աշխուժ Եռուզեռով Ամիսներ

Համա-ՀՄԸՄ-ական Ձեռնարկներու Աշխուժ Եռուզեռով Ամիսներ

ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքը աշխուժ եռուզեռի մէջ է: Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Հայաստան, Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններն ու մասնաճիւղերը կը պատրաստուին իրենց մասնակցութիւնը բերելու ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական, քարոզչական, կազմակերպչական եւ ընկերային բնոյթի հինգ մեծ ձեռնարկներուն: Ձեռնարկներուն շարքը կը սկսի 13 յուլիսին` Գերմանիայէն, ուրկէ ընթացք կ՛առնէ ՀՄԸՄ-ի առաջին նաւապտոյտը` Դանուբ գետին վրայ: Եօթնօրեայ նաւապտոյտը կը համախմբէ ՀՄԸՄ-ի բարեկամներ եւ բարերարներ,...

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 180-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսաւոր Պաշտամունք

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 180-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսաւոր Պաշտամունք

Հանդիսաւոր պաշտամունքով կիրակի, 21 յունիս 2026-ի երեկոյեան Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը նշեց Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ 180-ամեակը: Միջեկեղեցական ներկայացուցիչներ, հայ եւ այլ, մասնակցեցան պաշտամունքին, որ նաեւ ծառայեց իբրեւ ՄԱՀԱԵՄ-ի 79-րդ տարեկան համաժողովի պաշտօնական բացումը: Պաշտամունքի թեման էր` «Խղճի ազատութիւն եւ հաւատքի յանձնառութիւն» (Գաղատացիս 5.1): Միութեան նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան...

Կիլիկեան Ուխտի Միաբանական Շարքերուն Միացան Երկու Կուսակրօն Քահանաներ

Կիլիկեան Ուխտի Միաբանական Շարքերուն Միացան Երկու Կուսակրօն Քահանաներ

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, կիրակի 21 յունիս 2026-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած ս. պատարագի ընթացքին, Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան կուսակրօն քահանայ (աբեղայ) ձեռնադրեց եւ օծեց դպրեվանեցի երկու բարեշնորհ սարկաւագներ` Յովհաննէս Պայտունեան եւ Աբրահամ Պայտունեան` զանոնք վերակոչելով Նորայր աբեղայ եւ Հրայր աբեղայ: Խարտաւիլակ Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան` դպրեվանքի...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզի 2025-2026 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը` «Երազանքներու Քաղաքը»

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզի 2025-2026 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը` «Երազանքներու Քաղաքը»

Հինգշաբթի 11 յունիս 2026-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տօնական եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 2025-2026 տարեշրջանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` «Երազանքներու քաղաքը» խորագիրով: Հանդէսը ներկաները փոխադրեց երազանքներու եւ մանկական անմեղութեան աշխարհ մը. արդարեւ, բեմը վերածուած էր իսկական քաղաքի` գեղեցիկ ձեւաւորումով: «Գիշերուան թագուհի»-ին առաջնորդութեամբ, աշակերտները հանդիսատեսը առաջնորդեցին երազանքներու քաղաք: Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան»  Շքանշանով Պարգեւատրեց Կիպրոսի Նախագահը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան» Շքանշանով Պարգեւատրեց Կիպրոսի Նախագահը

Չորեքշաբթի, 24 յունիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Նիկոսիոյ նախագահական պալատին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտիսը: Պարգեւատրման հանդիսութեան Լիբանանէն ներկայ էին մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերեճեան, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան եւ գաւազանակիր Սարգիս վրդ. Աբրահամեան. իսկ...

Միջազգային Համալսարանի (IU) Պաշտօնական Բացման Ակադեմական Ձեռնարկը` Պէյրութի Սալումի Շրջանին Մէջ

Միջազգային Համալսարանի (IU) Պաշտօնական Բացման Ակադեմական Ձեռնարկը` Պէյրութի Սալումի Շրջանին Մէջ

Հինգշաբթի, 18 յունիս 2026-ին Պէյրութի Սալումի շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Միջազգային համալսարանի (IU) գլխաւոր մասնաշէնքին` պաշտօնական ակադեմական ձեռնարկով մը` նուիրուած համալսարանի բացման: Ձեռնարկին ներկայ էին` համալսարանի տնօրէնութիւնը, երեսփոխաններ, զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դպրոցներու տնօրէններ: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի քայլերգով, ապա բարի գալուստի խօսքէն ետք համալսարանի փոխնախագահ, փրոֆ. Կեպի Խուրի արտասանեց իր խօսքը: Ան յայտնեց, որ նոր շէնքի բացման այս արարողութիւնը կը...

Ֆրանսացի Նախարարն Ու Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեցին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն Եւ Բարձր Գնահատեցին Մատուցուող Ծառայողական Աշխատանքը

Ֆրանսացի Նախարարն Ու Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեցին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն Եւ Բարձր Գնահատեցին Մատուցուող Ծառայողական Աշխատանքը

Վերջերս Լիբանան այցելեցին միջազգային տարբեր պատուիրակութիւններ, որոնք եկան մօտէն ծանօթանալու Լիբանանի իրավիճակին` վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Այս ծիրին մէջ միջազգային գործընկերութիւններու, ֆրանսախօս երկիրներու եւ արտերկրի մէջ բնակող ֆրանսացիներու նախարար Էլէոնոր Քարուա եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, ընկերակցութեամբ «Ամել միջազգային միութեան» գործադիր տնօրէն դոկտ. Ահմետ Ապպուտի, «Ֆրանսական բարգաւաճման կազմակերպութեան» (AFD) ներկայացուցիչ Ռուպա Խաթիպի «Միջազգային առաջին շտապ օգնութեան» (Première Urgence...

Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան Այցելեց «Ազդակ»

Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան Այցելեց «Ազդակ»

Յունաստանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ վեր. Վիգէն Չոլաքեան 24 յունիսին այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Վերապատուելի Չոլաքեան պատասխանատուն է Հայ աւետարանական եկեղեցիներու արխիւներու թուայնացման բաժնին: Ան զեկուցեց տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն պատկանող արխիւներու ուսումնասիրութեան եւ թուայնացման աշխատանքին մասին: Հանդիպումը առիթ էր նաեւ վերապատուելիին հետ զրուցելու Յունաստանի մէջ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ գործունէութեան, հոգեւոր եւ ազգային տարբեր...

Page 8 of 364 1 … 7 8 9 … 364

Արխիւներ