Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, աւանդական դարձած տոհմիկ երեկոն տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակի առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին, ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզահամալիրին մէջ` պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծաթիւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ:
Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն յաջորդեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի բարի գալուստի խօսքը, զոր արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Աշխէն Գազանճեան:
Ան դիտել տուաւ, որ աւանդութեան վերածուած ԼՕԽ-ի այս տոհմիկ երեկոն կը համախմբէ ժողովուրդը` միասին յիշելու մեր հերոսական անցեալը, ապրելու մեր աւանդութիւնները եւ զանոնք կենդանի պահելու ու փոխանցելու նոր սերունդներուն: Ա. Գազանճեան յայտնեց, որ երեկոյին առանձնայատկութիւնն է ԼՕԽ-ականներուն կողմէ պատրաստուած Մուսա Լերան աւանդական ուտեստներն ու խմորեղէնները, որոնք մեզի հասած են մեր մայրերէն ու մեծ մայրերէն եւ պահպանուած` սերունդէ սերունդ:
Աշխէն Գազանճեան անդրադարձաւ նաեւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան` ըսելով, որ միութիւնը տարիներ շարունակ ծառայած է ու կը շարունակէ ծառայել գիւղի ժողովուրդին` հոգալով անոր կարիքները, ըլլան անոնք առողջապահական, ընկերային, կրթական, ձեռարուեստի փոխանցման (կամ ուսուցման) մարզերուն մէջ: Ան կոչ ուղղեց նաեւ Այնճարի երիտասարդներուն` իրենց մասնակցութիւնը բերելու գիւղի համայնքային կեանքին, անդամագրուելով ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի շարքերուն, որովհետեւ անոնց եռանդը, գաղափարները եւ ներկայութիւնը նոր շունչ պիտի հաղորդեն մասնաճիւղի աշխատանքներուն:
Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց աջակցութիւնն ու վստահութիւնը ուժ կու տան շարունակելու աշխատանքը եւ իրականութիւն դարձնելու նման գեղեցիկ ձեռնարկներ:
Ապա երեկոյին հաղորդավարը` Սեւան Կարապետեան-Անդամեան, ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ականներուն, որոնց ջանքերով ոչ միայն անգամ մը եւս տոհմիկ երեկոն կազմակերպուեցաւ, այլ անիկա վերածուեցաւ մշակոյթի, միութեան եւ ոգեկոչման խորհուրդի:
Ապա ընթացքին տեսերիզի վրայ ցուցադրուեցան ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի նուիրեալ անդամներուն տոհմիկ երեկոյի նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք կատարուեցան մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ:
Այնուհետեւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Սիւզի Նաշալեան, որ յատկանշական նկատեց այն, թէ տոհմիկ երեկոն համախմբած է բոլոր տարիքի հայորդիներ, որոնք նաեւ եկած են Լիբանանի զանազան շրջաններէն եւ աշխարհի չորս կողմերէն` վերանորոգելու Մուսա Լերան ուխտը եւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ միասնաբար ուրախանալու եւ վերյիշելու մեր հերոսական պատմութիւնն ու աւանդոյթները:
Ան անդրադարձաւ Այնճարի հիմնումին եւ ծաղկումին` նշելով, որ գաղթական ժողովուրդի Այնճարի մէջ առաջին օրերէն իսկ հիմնեց եկեղեցի, դպրոց, միութիւններ, եւ այս վերելքին մէջ իրենց ներդրումը ունեցան նաեւ ԼՕԽ-ականներ, որոնց նուիրուածութիւնն ու կամքը կը բխէր Մուսա Լերան գագաթէն, երբ մղուած հերոսամարտի քառասուն օրերուն մուսալեռցի կիները ճերմակ սաւանի վրայ կարեցին կարմիր խաչը, որ դարձաւ փրկութեան փարոսը: Ահա այս ոգին էր, որ կերտեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղը, որ մինչեւ այսօր նեցուկ կը կանգնի գիւղի ժողովուրդին, ըսաւ ան:
Ս. Նաշալեան յիշեց մուսալեռցի-այնճարցի գրագէտները, արուեստագէտները, հոգեւորականները, ազգային գործիչները, գիտնականները, ազատամարտիկներն ու նահատակները` յատկապէս այս առիթով անդրադառնալով մուսալեռցի գրագէտ Պօղոս Սնապեանի այն գրութեան, որուն մէջ կը նշուի, թէ երբ մուսալեռցիները 1915-ին ֆրանսական նաւերով հասան Պասիթի ծովեզերք, գիշերը բացօթեայ երկինքին տակ քունի կ՛անցնին, յանկարծ տեղատարափ անձրեւ կը սկսի, ժողովուրդը ոգեւորելու համար «խենթեր» կը հնչեցնեն տհոլ-զուռնան, եւ ժողովուրդը արթննալով` միասնաբար պար կը բռնեն եւ այսպիսով կը փրկուին հիւանդութենէն եւ մահէն:
Ան իր խօսքը եզրափակեց Մուսա Լերան մասին Սիմոն Վրացեանի վկայութեամբ, թէ` դարեր կ՛անցնին, սակայն Մուսա Լեռը կը մնայ իբրեւ անմեռ յուշ մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ` իբրեւ մահուան դէմ պայքարի խորհրդանիշ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով ան շնորհաւորեց այս տօնը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ականներուն` իրենց ջանքերով երեկոն իրականութիւն դարձնելնուն համար:
Ապա լիբանանահայ երգիչ Ղազար Քէօշկէրեան ազգային, հայրենասիրական ճոխ երգերով խանդավառեց երեկոն` նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին խօսքը արտասանեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Շահան Փանոսեան, որ դրուատեց ԼՕԽ-ականներուն նուիրումը` ոչ միայն նման երեկոյ մը կազմակերպելնուն համար, այլ` ընդհանրապէս գիւղին մէջ ունեցած մարդասիրական կարեւոր ներդրումին համար:
Ապա ան ըսաւ, թէ 111 տարիներ առաջ Մուսա Լերան մեր ժողովուրդը կանգնեցաւ պատմութեան առջեւ եւ հաստատեց` մենք պիտի չհեռանանք, պիտի չհրաժարինք մեր ինքնութենէն, պիտի պաշտպանենք մեր գոյութիւնը եւ մեր արժանապատուութիւնը, իսկ այս ոգին ու վճռակամութիւնը մուսալեռցիք իրենց հետ բերին Այնճար, որ Մուսա Լերան ժառանգութիւնն է:
Շ. Փանոսեան հաստատեց, որ Այնճարի հողին վրայ մեր նախահայրերը եկան ոչ թէ միայն ապրելու, այլ նաեւ` հայկական կեանք ստեղծելու. տուն կառուցեցին, դպրոց հաստատեցին, եկեղեցի շինեցին, ակումբներ հիմնեցին եւ, ամէնէն կարեւորը, իրենց զաւակներուն փոխանցեցին հայ ըլլալու գիտակցութիւնը: «Եւ այսօր այդ բոլորը մեզի վստահուած է: Բայց պէտք է մէկ բան շատ յստակ ըսենք: Մենք այս հողին տէրը չենք այն իմաստով, որ կրնանք զայն առնել ու ծախել մեր ուզած ատեն: Մենք այս հողը ժառանգած ենք մեր հայրերէն, մեր մայրերէն, մեր պապերէն` անոնց զոհողութիւններուն շնորհիւ, իսկ ժառանգութիւնը սեփականութիւն մը չէ միայն, այլ պատասխանատուութիւն է: Ուստի, երբ հայկական հողի մը մասին կը խօսինք, երբ Այնճարի հողին մասին կը խօսինք, պէտք է գիտակցինք, որ զայն դրամի դիմաց ծախելը, պարզ տնտեսական գործարքի վերածելը մեր ազգային պատասխանատուութեան ոգիին հետ չի կրնար հաշտուիլ», շեշտեց ան:
Առ այդ, Շահան Փանոսեան հրամայական նկատեց` այդ հողերուն տէր կանգնիլը, Այնճարի հայեցի դիմագիծը պահպանելն ու մեզի փոխանցուած ժառանգութիւնը իր հարազատութեամբ սերունդներուն փոխանցելը: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն այս պատասխանատուութիւնը շատ լուրջ կը գիտակցի, անոր պարտականութիւնն է կանգնիլ մեր ժողովուրդին կողքին, պաշտպանել գիւղին շահերը, զօրացնել հայկական կեանքը, պահպանել մեր կառոյցները եւ ամրացնել ամէն ինչ, որ դար մը առաջ մեզի վստահուեցաւ, բայց եւ այնպէս, ան առանձինն չի կրնար այս պայքարը յառաջ մղել, այլ գիւղին իւրաքանչիւր ընտանիք, ծնող, երիտասարդ, կառոյց, հողատէր ունի պատասխանատուութիւն, «Որովհետեւ այսօր եթէ հողը կորսնցնենք, վաղը կարելի չէ զայն վերստին գնել, այն իմաստով, որ հողը կարելի է գնել, բայց ժառանգութիւնը չի՛ գնուիր: Հողը կարելի է վաճառել, բայց կորսուած հայրենիքը դրամով չի՛ վերադարձուիր»: (Խօսքին ամբողջութիւնը):
Անկէ ետք Ղազար Քէօշկէրեան կրկին ներկայացուց փունջ մը երգեր:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեան, որ գնահատեց աւանդութիւնները պահպանող եւ հարազատ մթնոլորտ ստեղծող տոհմիկ երեկոյի կազմակերպիչ ԼՕԽ-ականները: Ան եւս, իր կարգին, յիշեցուց պապենական հողերուն կառչած մնալու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ ծնողներ երբ տուն-պարտէզ իբրեւ ժառանգ կը փոխանցեն իրենց զաւակներուն, պէտք է նաեւ փոխանցել պատգամը, որ այս տուները կը պահուին միայն շէնցնելով, իսկ հողերը` ոչ թէ ծախելով ու ծախսելով, այլ` մշակելով:
Քաղաքապետը իր խօսքին մէջ մէջբերեց Գարեգին Բ. Սարգիսեան վեհափառին Այնճարի հիմնադրութեան 40-ամեակի տօնակատարութեան առիթով տուած պատգամը. «Սիրելինե՛ր, այնճարցինե՛ր, դուք կ՛արժեւորէք հողը եւ փոխադարձաբար հողը կ՛արժեւորէ ձեզ»: Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ այս խորիմաստ արտայայտութիւնը տպաւորիչ էր եւ կը մնայ այժմէական` շեշտելով, որ գոյատեւելու եւ այս աննման գիւղը իր աւանդութիւններով, Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներուն յիշատակով ու ոգիով վառ պահելու համար կարեւոր է միասնաբար պահել Այնճարը, արժանապատիւ կերպով, մեր աչքի լոյսին նման:
Երեկոյին խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Մուսա Լերան տհոլ-զուռնայի նուագներով, Այնճարի աւանդական պարի կշռոյթով ձեռք ձեռքի սեղմուած շուրջպարով:
Տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան ուտեստներու վաճառք, վիճակահանութիւն, կատարուեցան նուիրատուութիւններ, նաեւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին անունով շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ երեկոյի իրականացման օժանդակողներուն, գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցներուն:
Երեկոն փակուեցաւ Ղազար Քէօշկէրեանի «Հայորդիք» երգով եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ:





