Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

October 1, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 13 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Մեծարենցեան հերթական երեկոն տեղի ունեցաւ Զաւէն եւ Մարիա Ղարիպեաններու հիւրասէր բնակարանին մէջ: Երեկոն իր շուրջ համախմբեց մշակոյթով եւ երաժշտութեամբ հետաքրքրուող ներկաներ, որոնք առիթ ունեցան ունկնդրելու արաբական երաժշտութեան երկու նշանաւոր դէմքերու` Ասմահանի եւ Ֆարիտ Աթրաշի կեանքին ու արուեստին նուիրուած հետաքրքրական դասախօսութիւն մը:

Նաթալի Քենտիրճեան, ողջունելով եւ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ներկայացուց օրուան բանախօսը` Ուաժտի Պըրպերին, որ «Մեծարենցեան երեկոյ»-ներու ծիրին մէջ 10-րդ դասախօսութիւնն էր, զոր կը ներկայացնէր` նուիրուած արաբական քնարերգութեան եւ երաժշտութեան: Իսկ այդ երեկոյին նիւթը «Արաբական երաժշտութեան տիտանները` Ասմահան եւ Ֆարիտ Աթրաշ»-ն էր:

Ուաժտի Պըրպերի իր դասախօսութիւնը սկսաւ` յիշեցնելով, որ այս տարի կը լրանայ Ժըպրանի «Ռամլ ուս Զապատ» գիրքին հրատարակութեան հարիւրամեակը: Նոյն տարին Ամալ Աթրաշ` «Ասմահան», կ՛ամուսնանար Էմիր Հասան Եահեա Աթրաշի հետ եւ կը հաստատուէր Լեռնային Լիբանան:

Բանախօսը շեշտեց, որ իրեն համար Ասմահանի անունը պարզապէս  պատմական անձի մը անունը չէ, այլ անձնական հետաքրքրութեան մը առարկայ` յատկապէս անոր բացառիկ ձայնին ու երգարուեստին հանդէպ:

Ասմահանի կեանքը, սակայն, անբաժանելի է իր եղբօր` Ֆարիտ Աթրաշի կեանքէն: Երկուքին ճամբաները շարունակ զուգահեռ ընթացան երաժշտութեան, բեմի, յաջողութիւններու եւ դժուարութիւններու ընդմէջէն:

Ուաժտի Պըրպերի մանրամասնեց, որ պատմութիւնը կը սկսի Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, երբ Աթրաշ ընտանիքը ծանր պայմաններու մէջ կը գտնուէր: Հայրը` Ֆահտ Աթրաշ, ստիպուած եղաւ լքել իր հայրենիքը եւ հեռանալ Թուրքիայէն: Ընտանիքը ճամբայ ելաւ, եւ դուստրը` Ամալը, ծնաւ յունական շոգենաւի մը վրայ` գաղթի այդ դժուար օրերուն: Ընտանիքը վերջապէս հասաւ Պէյրութ: Մայրը` իշխանուհի Ալիյա Սալման Մունզիրը, Լեռնային Լիբանանի Պըրմմանա գիւղէն էր եւ երգելու բացառիկ շնորհք ունէր:

Այս երաժշտական շնորհքը պիտի փոխանցուէր իր զաւակներուն, որոնք հետագային պիտի դառնային արաբական երաժշտութեան ամէնէն ճանչցուած անուններէն:

Բանախօսը դիտել տուաւ, որ աւելի ուշ հայրը մեկնեցաւ Տրուզներու լեռ, սակայն ընտանիքը ստիպուեցաւ անցնիլ Եգիպտոս: Սահմանին վրայ անոնք դիմեցին Սաատ Զաղլուլի օգնութեան: Վերջապէս, Գահիրէի համեստ Պապ Պահր թաղին մէջ հաստատուելով` մայրը իր ամբողջ ուժերով հոգաց ընտանիքին կարիքները եւ զաւակները դպրոց ղրկեց` Քուսա ընտանեկան մականունով: Շուտով ի յայտ եկան Ամալի եւ Ֆարիտի երաժշտական բացառիկ շնորհները: Ընտանիքի բարեկամ Ֆարիտ Ղոսնիի միջոցով անոնք ծանօթացան ժամանակի նշանաւոր երաժիշտներու, յօրինողներու եւ բանաստեղծներու, որոնց շարքին` Մոհամետ Ղասապճի, Տաուտ Հուսնի, Ռիատ Սոնպաթի եւ ուրիշներ: Ինք` Տաուտ Հուսնին էր, որ Ամալին տուաւ այն բեմական անունը` Ասմահան, որով ան պիտի մտնէր արաբական երաժշտութեան պատմութեան մէջ: Ֆարիտ, նախ մանտոլինով, ապա ուտով սկսաւ նուագել, յօրինել եւ երգել «Մարի Մանսուր» սրճարանին մէջ: Ասմահան եւս իր ձայնով սկսաւ գրաւել ունկնդիրներու ուշադրութիւնը` նոյն այդ երաժշտական միջավայրին մէջ:

Սակայն Լիբանան հաստատուելէ ետք ընտանիքը սկզբնական շրջանին այնքան ալ համամիտ չէր, որ Ամալ Աթրաշ երգչուհի դառնայ եւ բեմ ելլէ: Ասմահանի ձայնը, սակայն, իր բացառիկ հնչերանգով եւ խոր զգայնութեամբ, շուտով իր տեղը գտաւ արաբական երաժշտութեան աշխարհին մէջ: Անոր երգերէն յիշատակուեցան նաեւ «Խոստացիր ինծի, ո՜վ սիրտս» (Ահիտինի եա քալպի)  եւ «Ո՞ւր են գիշերները» (Այն ալ Լայալի)  ստեղծագործութիւնները, որոնք դարձան անոր արուեստի յիշարժան էջերէն:

Դասախօսութեան յաջորդ հատուածին մէջ Ուաժտի Պըրպերի անդրադարձաւ Ասմահանի արուեստի բարձրակէտներուն: «Ո՜վ թռչուններ» (Եա թույուր)  երգը ներկայացուեցաւ որպէս Ասմահանի ձայնին ամէնէն բարձր դրսեւորումներէն մին: Բանախօսը յիշեց նաեւ, որ Ասմահան իր եղբօր` Ֆարիտի հետ գլխաւոր դերակատարութիւն ունեցաւ «Երիտասարդութեան յաղթանակը» (Ինթիսար շապապ) ժապաւէնին մէջ, ուր հնչեցին «Ո՜վ դուն, որուն սէրը միտքս գրաւած է» (Եալի հաուաք շաղըլ պելի) եւ «Ո՜վ հրաշալիք վարդ»  (Եա պատըհ ուարըտ) երգերը: Նոր երգերու ձայնագրութիւնը եւ հանրային ու անձնական համերգները շարունակուեցան, եւ անոնց շարքին էր «Ժամանակը ինչո՞ւ բաժնեց մեզ իրարմէ» (Լեհ ըլզաման ֆարաք մա պէյնանա) երգը: Աստղ Եուսեֆ Ուահպիի կողքին, ան գլխաւոր դերը կատարեց նաեւ «Սէր եւ վրէժ» (Ղարամ ուա ինթիքամ) ժապաւէնին մէջ, որմէ մնացին «Ե՞րբ պիտի գիտնամ, ե՛րբ» (Ամթա հաթաարաֆ) եւ «Ուրախութեան գիշերներ Վիեննայի մէջ» (Լայալիլ ունս ֆի Վիեննա) երգերը:

Բանախօսը խօսեցաւ նաեւ Ասմահանի մահուան ողբերգութեան մասին, որուն պայմանները մինչեւ այսօր մշուշոտ կը մնան: Ան նշեց, որ Ֆարիտ Աթրաշ խորապէս ազդուեցաւ քրոջ կորուստէն եւ զանազան առիթներով երգեր յօրինեց անոր յիշատակը յաւերժացնելու համար: Այդ երգերը հինգէն աւելի են, եւ անոնց շարքին են` «Ո՜վ ծաղիկ` իմ երեւակայութեանս մէջ» (Եա զաթրաթան ֆի խայալի) եւ «Աչքս կը խնդայ, սիրտս կ՛արտասուէ» (Այնայա պըթտհաք ուա ալպի պիըպքի):

Երեկոն աւելի հետաքրքրական եւ կենդանի դարձաւ բանախօսութեան ընթացքին փոխանցուած յաւելեալ պատմութիւններով եւ մանրամասնութիւններով:

Ներկաները իրենց հարցումներով մասնակցեցան զրոյցին, իսկ երեկոյի երաժշտական բաժինը ամբողջացաւ Ասմահանի եւ Ֆարիտ Աթրաշի երգերու ունկնդրութեամբ: Այսպէս, Մեծարենցեան այս երեկոն դարձաւ ոչ միայն երկու մեծ արուեստագէտներու կեանքին ու ստեղծագործութեան ծանօթացման առիթ, այլ նաեւ գեղեցիկ ճանապարհորդութիւն մը` դէպի արաբական երաժշտութեան ոսկեդարը, յիշեցնելով, որ իսկական արուեստը ժամանակներու սահմանները կը գերազանցէ եւ կը շարունակէ ապրիլ նոր սերունդներու սրտերուն մէջ:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս*
Գաղութային

Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս*

September 30, 2026
«Երեւանեան Երեկոյ» Խորագիրով Երգահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Վերանկախութեան
Գաղութային

«Երեւանեան Երեկոյ» Խորագիրով Երգահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Վերանկախութեան

September 30, 2026
Շեշտելով, Որ Հարաւի Դէմ Իսրայէլ Ցեղասպանութին Կը Գործէ.  «Օսմանեան Տիրապետութիւնը Վերակենդանացնելու Եւ Շրջանին Տիրելու Ծրագիր Կայ Թրքական Եւ Իսրայէլեան Գործակցութեամբ»  Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի
Գաղութային

Շեշտելով, Որ Հարաւի Դէմ Իսրայէլ Ցեղասպանութին Կը Գործէ. «Օսմանեան Տիրապետութիւնը Վերակենդանացնելու Եւ Շրջանին Տիրելու Ծրագիր Կայ Թրքական Եւ Իսրայէլեան Գործակցութեամբ» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.