Գաղութային

Բագրատունի. «Լիբանանեան  Բանակը` Հայրենիքի Պաշտպանը

Բագրատունի. «Լիբանանեան Բանակը` Հայրենիքի Պաշտպանը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի լիբանանեան բանակի տօնին առիթով Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Լիբանանեան բանակի տօնը… խօսքերը յարգանքով կը խոնարհին, իսկ գլուխները` հպարտութեամբ կը բարձրանան: Փա՛ռք մեր բանակին` հայրենիքի պաշտպանին եւ գերիշխանութեան դրօշակիրին»:  

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումը Աւարտեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումը Աւարտեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ

«Արարատի համար` կանգուն» մնալու հաստատակամութեամբ եւ չորս տարի ետք կրկին հանդիպելու խոստումով, շաբաթ, 1 օգոստոսի երեկոյեան, համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը իր աւարտին հասաւ փակման հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, որ վկան դարձաւ ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքին նոր յաջողութեան եւ յարատեւ կենսունակութեան: 1978-ին ճամբայ ելած համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու պատմութեան մէջ, անկասկած, 13-րդ բանակումը ունեցաւ իր յատուկ տեղը` լաւ կազմակերպուածութեամբ, նորարար յայտագիրներով եւ տեղեկատուական-քարոզչական մեծ արձագանգով: Փակման...

Հաղորդագրութիւն.  ՀՄԸՄ Հաստատեց «Կինես»-ի Համաշխարհային Մրցանիշ

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ Հաստատեց «Կինես»-ի Համաշխարհային Մրցանիշ

Երեքշաբթի, 28 յուլիս 2026-ին, ՀՄԸՄ մուտք գործեց համաշխարհային մրցանիշներու «Կինես» գիրք, երբ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի 809 մասնակիցներ, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ, նոր մրցանիշ մը հաստատեցին` կազմելով համաշխարհային սկաուտութեան աշխարհի մեծագոյն Շուշանածաղիկը: Նախորդ մրցանիշը հաստատուած էր 8 տարի առաջ` 29 յուլիս 2018-ին, Չեշիրի մէջ, Անգլիա, մասնակցութեամբ 445 սկաուտներու: Համաշխարհային ու պատմական այս մրցանիշին հաստատման ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ...

Բագրատունի Ընդունեց Իրաքի Խորհրդարանական «Սոյանա» Խմբակցութեան Նախագահը

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Իրաքի խորհրդարանի անդամ եւ քրիստոնեայ «Սոյանա» երեսփոխանական համախմբումի պետ Քալտօ Ռամզին, որուն հետ քննարկեց հասարակաց հետաքրքրութեան խնդիրներ: Ռամզի ներկայացուց Իրաքի ներկայ կացութիւնը եւ քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան իրավիճակը: Ան իբրեւ ասորի երեսփոխան սերտ կապեր ունի Իրաքի հայութեան հետ եւ գործակցութեան լայն դաշտ հաստատած է թէ՛ համայնքին եւ թէ՛ պետական...

Լիզպոնի Գործողութեան 43-Ամեակի Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Լիզպոնի Գործողութեան 43-Ամեակի Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, երկուշաբթի, 27 յուլիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 43-ամեակը: Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք սկիզբ առաւ ձեռնարկը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարէն Հերկելեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պատանեկան օրերէն երգերու ճամբով մեր լսած խիզախութիւնն ու նուիրումը մարմնաւորեցին Լիզպոնի 5 տղաքը`...

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Ամառնային Ճամբար

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Ամառնային Ճամբար

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի կազմակերպած ամառնային ճամբարը տեղի ունեցաւ 13-17 յուլիս 2026-ին «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ` համախմբելով 80 պատանի-պարմանուհիներ, որոնք հինգ օրերու ընթացքին մասնակցեցան ուսուցողական, հոգեբանական, ընկերային եւ ժամանցային բազմաբնոյթ ծրագիրներու` ձեռք բերելով նոր գիտելիքներ, հմտութիւններ եւ անմոռանալի փորձառութիւններ: Ճամբարին նախորդեց ծնողներու եւ մասնակիցներու ծանօթացման հանդիպումը, ուր ներկայացուեցան «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի առաքելութիւնն ու ամառնային ճամբարի նպատակն ու ծրագիրը: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ...

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Յիշատակի Ոգեկոչում Եւ Ազգային Արժէքներուն Կառչած Մնալու Ուխտի Վերանորոգութիւն

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Յիշատակի Ոգեկոչում Եւ Ազգային Արժէքներուն Կառչած Մնալու Ուխտի Վերանորոգութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 26 յուլիսի երեկոյեան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 43-ամեակի նշումը: Նախ Լիզպոնի Հինգի դամբարանին մօտ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ձեռնարկը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ հաւաքին նպատակը ոչ միայն յիշելն է պատմական դէպք մը կամ ոգեկոչել հինգ հայ երիտասարդներու յիշատակը, այլ...

Գարմեն Աճեմեանի «Աշուղներու Երգաշխարհ» Երգարանի Շնորհահանդէս

Գարմեն Աճեմեանի «Աշուղներու Երգաշխարհ» Երգարանի Շնորհահանդէս

Լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ անցնող օրերուն յատկանշական իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ ԳՈՀԱՐ ցուցասրահ-գրադարանին մէջ տեղի ունեցած աշուղական երգերու նոր երգարանի մը շնորհահանդէսը, որ համախմբեց` երաժշտասէրներ, մշակոյթի գործիչներ, երաժշտագէտներ եւ հայ երգի նուիրեալներ: Հայ մեծանուն աշուղներու մեծադիր լուսանկարներով զարդարուած ԳՈՀԱՐ գրադարանի գլխաւոր դահլիճին մէջ հիւրընկալուած երեկոն վերածուեցաւ ոչ միայն երգարանի մը ներկայացման, այլ նաեւ` հայ երգարուեստին ու ազգային յիշողութեան նուիրուած գեղեցիկ տօնախմբութեան:...

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Մէջ Հանդիպում Լիբանանահայ Վարժարաններու Պատասխանատուներուն Հետ

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Մէջ Հանդիպում Լիբանանահայ Վարժարաններու Պատասխանատուներուն Հետ

23 յուլիս 2026-ին «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէնութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Բարի գալուստի խօսքին մէջ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան անդրադարձաւ կառոյցի 60-ամեայ առաքելութեան` շեշտելով, որ անիկա իր բազմաբնոյթ ծրագիրներուն զուգահեռ, առաջնահերթ կը նկատէ երիտասարդ սերունդը պատրաստել ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն` զարգացնելով առաջնորդութեան, քննադատական մտածողութեան, հաղորդակցութեան եւ համայնքային պատասխանատուութեան հմտութիւնները: Այս ծիրին մէջ...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ  Հաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան  Անդրադարձող Դասընթացք Մը

ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինին Սինիրլիօղլուի Հարցով Նամակը` ԵԱՀԿ-ի Անդամ Պետութիւններու Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն յղեց հետեւեալ նամակը. «2026 թուականի յուլիս 8-ին, ռուս կատակարարներ (փրանքսթըր) Վլատիմիր Քուզնեցով (Վովան) եւ Ալեքսէյ Սթոլեարով (Լեքսուս) հեռաձայնեցին ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուին` ներկայանալով իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, եւ անկէ խնդրեցին աջակցիլ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի պաշտօնանկութեան, արշաւ մը, զոր վարչապետ Փաշինեան կը հետապնդէ...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանի Միջվարչական Ա. Ժողովը Հարուստ Էր Ողջոյնի Խօսքերով, Զեկուցումներով Եւ Շինիչ Աշխատանոցներով

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանի Միջվարչական Ա. Ժողովը Հարուստ Էր Ողջոյնի Խօսքերով, Զեկուցումներով Եւ Շինիչ Աշխատանոցներով

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի Միջվարչական Ա. ժողովը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 14 յուլիս 2026-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Լուսին Գազանճեան, որ յաջողութիւն մաղթեց ժողովին, ան ողջունեց պաշտօնական հիւրերն ու մասնակիցները` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւնները, շրջանային յանձնախումբերու ատենապետները եւ մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներու ատենապետները: Յաջորդաբար իրենց խօսքերը փոխանցեցին քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ: Համազգայինի Շրջանային վարչութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ.     «Պահպանե՛նք Մեր Խորհրդանիշները» Բնաբանով Հանդիսութիւն Եւ «Գունաւորե՛նք Մեր Ազգային Խորհրդանիշները» Գունաւորման Տետրակի Ներկայացում Ու Մրցանակաբաշխութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. «Պահպանե՛նք Մեր Խորհրդանիշները» Բնաբանով Հանդիսութիւն Եւ «Գունաւորե՛նք Մեր Ազգային Խորհրդանիշները» Գունաւորման Տետրակի Ներկայացում Ու Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ գործակցութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, ուրբաթ, 26 յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պահպանե՛նք մեր խորհրդանիշները» բնաբանով հանդիսութիւն եւ «Գունաւորե՛նք մեր ազգային խորհրդանիշները» ներկի տետրակի ներկայացում, ներկայութեամբ միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու, ներկայ եւ նախկին վարիչներու, ծնողներու...

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Արժանավայել, Իւրայատուկ Եւ Բարձրորակ Հանդէսը Արժանացաւ Ներկաներու Մեծ Գնահատանքին

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Արժանավայել, Իւրայատուկ Եւ Բարձրորակ Հանդէսը Արժանացաւ Ներկաներու Մեծ Գնահատանքին

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի պետական երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամի, հինգշաբթի, 16 յուլիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի ամավերջի հանդէսը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները ներկայացուցին թատերական ներկայացում մը, որուն վերնագիրն էր` «Իմ ներաշխարհը», որ կ՛անդրադառնար հանդէսի ընդհանուր թեմային` հսկայական տարբերութիւններ ունեցող անհատներու...

Լիզպոնի Գործողութեան 43-Ամեակի Նշում

Լիզպոնի Գործողութեան 43-Ամեակի Նշում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 26 յուլիսի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 43-ամեակի նշումը: Նախ Լիզպոնի հինգի դամբարանին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ձեռնարկը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Կիրակոսեան: Ապա խումբ մը ԼԵՄ-ականներ ընթերցեցին Լիզպոնի հինգ տղոց կենսագրութիւնները: Այնուհետեւ օրուան պատգամը...

Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումի Մասնակիցները Կը Տողանցեն Երեւանի Մէջ Եւ Յարգանքի Տուրք  Կ՛ընծայեն Եռաբլուրի Ու Ծիծեռնակաբերդի Մէջ

Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումի Մասնակիցները Կը Տողանցեն Երեւանի Մէջ Եւ Յարգանքի Տուրք Կ՛ընծայեն Եռաբլուրի Ու Ծիծեռնակաբերդի Մէջ

Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին երկրորդ օրը` շաբաթ, 25 յուլիսին, 900 բանակողներ հանդիսաւոր տողանցք կատարեցին Երեւանի մէջ: Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով, անոնք տողանցեցին Մաշտոցի անուան մատենադարանէն մինչեւ օփերայի «Ազատութեան» հրապարակ, ուր դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ ու նախկին անդամներու եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի պատասխանատուներու կողմէ: Հրապարակին վրայ, բանակողները ողջունեց համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի հերթապահ Շահան Աթմաճեան: Ապա, տողանցքի մասնակիցներուն խօսք արտասանեց...

Բագրատունի. «Իսրայէլ Հայոց  Ցեղասպանութեան Հարցը Օգտագործեց Իբրեւ  Թուրքիոյ Վրայ Ճնշման Գործիք»

Բագրատունի. «Իսրայէլ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Օգտագործեց Իբրեւ Թուրքիոյ Վրայ Ճնշման Գործիք»

«Գործնականին մէջ մենք մեծ ակնկալիքներ չունէինք, որ Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը, կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Այս մասին «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Անոր համաձայն, այդ քայլը հիմնականին մէջ մարտավարական բնոյթ ունէր` Թուրքիոյ որոշակի ուղերձ յղելու նպատակով: «Եթէ որեւէ պետութիւն բնական պայմաններու մէջ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը,...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումը Ընթացք Առաւ «Արարատի Համար` Կանգուն» Նշանաբանով

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումը Ընթացք Առաւ «Արարատի Համար` Կանգուն» Նշանաբանով

Երէկ` ուրբաթ, 24 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ ընթացք առաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի 26 շրջաններէն եւ Իրանի սկաուտական 4 միութիւններէն 900 բանակողներու: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան պաշտօնական հիւրեր, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ եւ հիւրընկալ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամներ: Հիւրերու շարքին էին Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Զաքարիա եպս. Բաղումեան, Հայաստանի մէջ...

Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան Այցելեց «Ազդակ»

Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան Նշանակուած Է INALCO-IMAS/Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան «Գերազանցութեան Հրաւիրեալ Ամպիոնի» Աթոռակալ Գիտապետ 2026-2027 Ակադեմական Տարեշրջանին Համար

«Ինալքօ» (Institut national des langues et civilisations orientales) մաս կը կազմէ Փարիզի Սորպոն Համալսարանին. բարձր վարկ կը վայելէ իր Հայկական եւ յատկապէս Արեւմտահայ մշակոյթի բազմազան երեսակներուն նուիրուած դասընթացից համար, համայն աշխարհէն բարձրորակ ուսանողներ հրապուրելով, եւ եզակի է իր տեսակին մէջ։ Առ ի հետաքրքրութիւն՝ 1900-ական թուականներուն անուանի Antoine Meillet լեզուաբանը, որ Հրաչեայ Աճառեանի ուսուցիչը եղած է, եւ որուն անունը կրող Hübschmann-Meillet...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումի Լիբանանի  Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Դէպի Երեւան

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումի Լիբանանի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Դէպի Երեւան

109 ՀՄԸՄ-ականներէ բաղկացած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքի պատուիրակութիւնը 23 յուլիսին արդէն իսկ հասաւ Հայաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու  Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին: «Երկար սպասումէ ետք ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութիւնը դարձեալ հայրենի հողին վրայ է:  Հայրենիքը մեզի միշտ նոյն ջերմութեամբ կը դիմաւորէ, իսկ մենք` նոյն սիրով ու խանդավառութեամբ կը վերադառնանք անոր գիրկը», կը նշուի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Դիմատետրի էջին վրայ` Հայաստանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ...

ՀՄԸՄ-ական Աշխուժութեամբ Եռուն Օրերը Կը Շարունակուին Հայաստանի Մէջ.  Այսօր Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումին Բացումը` 900 Մասնակիցով

ՀՄԸՄ-ական Աշխուժութեամբ Եռուն Օրերը Կը Շարունակուին Հայաստանի Մէջ. Այսօր Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումին Բացումը` 900 Մասնակիցով

Համա-ՀՄԸՄ-ական աշխուժութեամբ եռուն օրերը կը շարունակուին Հայաստանի մէջ, ուր մէկ շաբթուան ընթացքին երեք կարեւոր ու մեծ ձեռնարկներ գրեթէ միաժամանակ կը կատարուին Երեւանի, Աղվերանի եւ Բիւրականի մէջ: Կարեւորագոյն եւ մեծագոյն ձեռնարկը` համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ ընդհանուր բանակումը, ընթացք կ՛առնէ այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), պաշտօնական արարողութեամբ մը, որ ուղղակիօրէն կը սփռուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի բոլոր շրջաններու Դիմատետրի էջերէն: Բանակումին կը...

Page 6 of 364 1 … 5 6 7 … 364

Արխիւներ