Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երեւանեան երեկոյ» խորագիրով երգահանդէս` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Բ. անկախութեան:
«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, դիտել տուաւ, որ վարչութիւնը տարբեր առիթներով նախաձեռնած է նման երգահանդէսներու, աւելցնելով, որ սոյն թատերասրահը եղած է թատրոնի, նաեւ երգի մէջ սփիւռքահայ արուեստագէտներու բեմը: Ան ըսաւ, որ Լեւոն Գաթըրճեանի, Մանուէլ Մենենկիչեանի, Ատիս Հարմանտեանի եւ Յարութ Փամպուքճեանի նուիրուած երեկոներէն ետք, այս անգամ վարչութիւնը որոշած է Հայաստանի Հանրապետութեան Բ. անկախութեան նուիրուած «Երեւանեան երեկոյ» խորագիրով երգահանդէս մը կազմակերպել` կենդանացնելով հայրենի երգերը: Մխսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի հովանաւոր Հրայր Զաքարեանին:
Ապա, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ մասնակցութեամբ լիբանանահայ երաժիշտներու` պաս կիթառ` Կարօ Պասմաճեան, փըրքաշըն եւ տհոլ` Վահէ Սիմոնեան, հարուածային գործիքներ` Հրաչ Պետիրլեան, սոլօ կիթառ` Նարեկ Վասիլեան, ելոյթ ունեցան հետեւեալ հինգ երգիչները. Նորայր Գազանճեան, որ մեկնաբանեց «Երեւան», «Երկինքը մով է», «Արարատ», «Սիրում եմ քեզ, իմ Երեւան» երգերը, Սոնա Մանճիկեան` «Ազգ փառապանծ» «Քնքուշ հայրենիք», «Կռո՛ւնկ, գնա՛ մեր երկիր», «Մշոյ աղջիկ», Սերժիօ Ահարոնեան` «Տուն իմ հայրենի», «Անկախ Հայաստան», «Վաղ թէ ուշ» «Երթանք մեր երկիրը Մուշ», Շաքէ Պաղտասարեան` «Հայաստան», «2750 տարեկան», «Երեւանի գիշերներում», «Հզօր Հայաստան», Ղազար Քէօշկէրեան` «Երեւանս», «Երեւանի սիրուն աղջիկ», «Քեզ բարի լոյս», «Երազ իմ երկիր»: Աւարտին բոլոր երգիչները միասնաբար մեկնաբանեցին «Երեւան էրեբունի» երգը: Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Նայիրի Առնելեան` շուիով եւ տուտուկով:


