ԺԱՆԻՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբերին «Գարակէօզեան» հաստատութեան 85 պաշտօնեաները ՔՋԱԿ-ի մէջ ունեցան կարեւոր հանդիպում մը` նուիրուած նոր ծրագիրներու պատրաստութեան եւ ապագայ աշխատանքներու ծրագրաւորման: Հանդիպումը առիթ եղաւ` մէկտեղելու մեր պաշտօնեաները, վերանայելու մեր կատարած աշխատանքները, անդրադառնալու մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ միասին մտածելու այն նոր քայլերուն մասին, որոնք պիտի օգնեն մեզի` աւելի արդիւնաւէտ կերպով շարունակելու մեր առաքելութիւնը:
Այս հանդիպումը յատկապէս նշանակալից էր, որովհետեւ տեղի ունեցաւ մեր հաստատութեան 85-ամեակի տարուան ընթացքին: 85 տարիներ շարունակ մեր հաստատութիւնը Լիբանանի ժողովուրդին հետ ապրած է երկրի դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները` միշտ ներկայ ըլլալով հոն, ուր մարդկային կարիքը եղած է: Այսօր եւս մեր առաքելութեան հիմքը կը մնայ նոյնը` մարդուն կողքին ըլլալ, ծառայել անոր եւ ստեղծել նոր հնարաւորութիւններ` անոր կեանքի որակը բարելաւելու համար:
Մեր աշխատանքը այսօր կը տարածուի տարբեր ոլորտներու վրայ եւ կը հասնի մեր ժողովուրդին զանազան մակարդակներու վրայ: Դպրոցական առողջապահութեան ծրագիրի ճամբով կը հասնինք դպրոցներ եւ աշակերտներուն կը տրամադրենք առողջապահական խնամք ու աջակցութիւն: Տնային այցելութիւններու ծրագիրին միջոցով մեր մասնագէտները կ’այցելեն անկողինին ծառայող եւ առողջական խնամքի կարիք ունեցող անձերու տուները` անոնց տրամադրելով անհրաժեշտ բժշկական խնամք:
Մեր կեդրոնէն ներս տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ հմտացած բժիշկներու եւ առողջապահական մասնագէտներու միջոցով կը շարունակենք մեր ժողովուրդին տրամադրել մասնագիտական եւ որակաւոր խնամք: Միաժամանակ, ընկերային զարգացման ծրագիրներու ընդմէջէն կը հասնինք համայնքի տարբեր խաւերուն` արձագանգելով անոնց կարիքներուն եւ ստեղծելով զարգացման ու ինքնաբաւութեան հնարաւորութիւններ:
Մեր աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ գործի հայթայթման գրասենեակը, որուն միջոցով կը փորձենք մարդիկը կապել աշխատանքի եւ նոր հնարաւորութիւններու հետ: Նոյնպէս, կիներու հզօրացման ծրագիրի դասախօսական շարքերուն միջոցով կը նպաստենք կիներու գիտելիքներու, կարողութիւններու եւ ինքնավստահութեան զարգացման:
Այս բոլոր աշխատանքները մէկ բան կը փաստեն` 85-ամեայ պատմութիւն ունեցող հաստատութիւն մը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն իր անցեալին մէջ: Ան պէտք է շարունակէ լսել ժամանակի ձայնը, տեսնել նոր կարիքները եւ պատրաստ ըլլալ նոր մարտահրաւէրներու:
Հանդիպման բացումը կատարեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, որ իր խօսքին մէջ գնահատեց պաշտօնեաներուն նուիրումն ու կատարած աշխատանքը` շեշտելով, որ հաստատութեան ձեռքբերումներուն ետին կանգնած է իւրաքանչիւր պաշտօնեայի պատասխանատուութիւնն ու հետեւողական աշխատանքը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ հաստատութեան վարչական կազմի նուիրեալ անդամ Սօսի Պալեան, որ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ ներկայացումով անդրադարձաւ հաստատութեան առաքելութեան եւ պատմութեան: Ան յատկապէս ընդգծեց, թէ ինչպէ՛ս 85 տարիներ շարունակ հաստատութիւնը Լիբանանի հետ ապրած է ժողովուրդին ուրախութիւններն ու ցաւերը` միշտ իր ձեռքը երկարելով հոն, ուր մարդկային կարիքը եղած է: Իր խօսքը աւելի անձնական ու հարազատ դարձաւ, երբ կիսեց նաեւ իր կեանքի փորձառութենէն` կապելով անձնական յիշողութիւններն ու հաստատութեան պատմութիւնը:
Օրուան առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուց կազմակերպական զարգացման մասնագէտ Արմէն Պալեան, որ գործնական օրինակներու եւ մասնակցային մեթոտներու միջոցով անդրադարձաւ «Հակամարտութիւններու լուծումը կազմակերպութիւններու մէջ» բնաբանին: Ան անդրադարձաւ փոխյարաբերութիւններու կարեւորութեան: Խօսեցաւ բաժանմունքներու միջեւ առողջ եւ արդիւնաւէտ փոխյարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ պաշտօնեայի եւ իրեն վստահուած պարագայի միջեւ ճիշդ յարաբերութեան կարեւորութեան մասին: Գործնական օրինակներու միջոցով ան ընդգծեց, թէ ինչպէ՛ս առողջ փոխյարաբերութիւնները կրնան նպաստել թէ՛ աշխատանքային միջավայրի բարելաւման եւ թէ՛ ծառայութիւններու որակի բարձրացման:
Ճաշի դադարէն ետք հաստատութեան տնօրէնի օգնական` Քրիստին Սիմիտեան ներկայացուց պաշտօնեաներուն վերաբերող օրէնքներն ու ներքին կանոնակարգերը` կարեւորելով աշխատավայրի մէջ փոխադարձ յարգանքի, պատասխանատուութեան եւ առողջ աշխատանքային միջավայրի պահպանումը:
Օրուան յաջորդ բաժինին հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան ներկայացուց SWOT Analysis-ի մեթոտը եւ անոր կիրարկումը մեր աշխատանքին մէջ: Պաշտօնեաները, ըստ իրենց բաժանմունքներուն, բաժնուեցան տասը խումբերու եւ իւրաքանչիւր բաժանմունք սկսաւ վերանայիլ իր աշխատանքը` բացայայտելով իր ուժեղ կէտերը, բարելաւման կարիք ունեցող ոլորտները, հնարաւորութիւններն ու մարտահրաւէրները:
Այս աշխատանքը պարզ վերլուծութիւն մը չէր: Անիկա առիթ դարձաւ, որ իւրաքանչիւր բաժանմունք վերանայի իր դերը ամբողջ հաստատութեան առաքելութեան մէջ, ճշդէ իր առաջնահերթութիւնները եւ մտածէ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ աւելի մեծ ներդրում բերել ոչ միայն հաստատութեան, այլեւ` մեր գաղութին եւ մեր ժողովուրդին:
Հանդիպման ընթացքին բաժանմունքները նաեւ անդրադարձան իրենց կատարած աշխատանքներուն եւ այն ազդեցութեան, որ անոնք ունին համայնքի կեանքին մէջ: Քննարկումներուն մէջ յստակ դարձաւ, որ մեր առաքելութիւնը բազմակողմանի է եւ կը ներառէ առողջապահական, ընկերային եւ զարգացման տարբեր նախաձեռնութիւններ: Այս ամբողջ աշխատանքը մեզ կը մղէ` շարունակաբար վերանայելու մեր ռազմավարութիւնը, ճշդելու մեր ուղղութիւնը եւ պատրաստ ըլլալու նոր կարիքներու արձագանգելու:
Օրուան գլխաւոր նպատակներէն մէկը նաեւ մեր աշխատանքի ռազմավարութիւնը շտկելն ու աւելի յստակ ուղղութիւններ ճշդելն էր: SWOT վերլուծութեան եւ բաժանմունքներու քննարկումներուն միջոցով կարելի եղաւ աւելի լաւ հասկնալ, թէ ո՛ւր կը գտնուինք այսօր եւ դէպի ո՛ւր կ’ուզենք երթալ վաղը:
Այսպիսով, մեր բաժանմունքները ոչ միայն վերանայեցան իրենց աշխատանքը, այլեւ պատրաստուեցան աւելի լաւ դիմագրաւելու յառաջիկայ նոր ծրագիրները` համագործակցաբար, աւելի կազմակերպուած եւ ընդհանուր տեսլականով:
85-ամեայ պատմութիւնը մեզի համար հպարտութեան աղբիւր է, սակայն միաժամանակ` պատասխանատուութիւն: Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր նախորդներուն կողմէ փոխանցուած առաքելութիւնը պէտք է շարունակենք նոր պայմաններու մէջ` նոր գաղափարներով, նոր ծրագիրներով եւ նոյն նուիրումով:
Օրուան աւարտին պաշտօնեաները միասին հատեցին հաստատութեան 85-ամեակի կարկանդակը` խորհրդանշական կերպով նշելով ոչ միայն անցած 85 տարիները, այլեւ` այն նոր ճանապարհը, որ միասին պիտի կառուցենք:
85 տարի ծառայութիւն, իսկ առջեւը` նոր ծրագիրներ, նոր մարտահրաւէրներ եւ նոր յոյսեր:
«Գարակէօզեան» հաստատութիւն


