ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին հարցազրոյց մը ունեցաւ լիբանանեան «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ: Զրոյցը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ շրջանին մէջ շարունակուող ապահովական անկայունութեան եւ Լիբանանի ներքին իրավիճակին վրայ:
«Չեմ ուզեր յոռետեսութեամբ սկսիլ զրոյցս, բայց կրնայ ըլլալ, որ Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ որոշ տարակարծութիւններ կային վարչակարգի թէ իշխանութեան գծով, սակայն ներկայիս հիմնական տարակարծութիւնը քաղաքացիութեան տագնապն է», ըսաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` նշելով, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս համայնքային պատկանելիութիւնը կը գերազանցէ հայրենասիրութեան: Վկայակոչելով լիբանանցի կարգ մը մտաւորականներու եւ քաղաքագէտներու կեցուածքները, ինչպէս` Էմիլ Էտտէ, Պշարա Խուրի, Սամի Սոլհ, Ռիատ Սոլհ, Քամիլ Շամուն հասնելով մինչեւ վերջերս Ուալիտ Ժոմպլաթի յուշագրութիւնները, Բագրատունի նշեց, որ կարելի չեղաւ իրականացնել լիբանանցիներու երազանքները: Մեծն Լիբանան եւ անկախութիւն կերտեցինք, սակայն ներկայիս 10.452 քառ. քմ տարածութեան մէջ նոյնքան տարակարծութիւններ կան: Տագնապը լիբանանեան հայրենիքին նկատմամբ քաղաքացիական պատկանելիութեան չգոյութիւնն է: Յակոբ Բագրատունի իր անձնական կեանքէն օրինակ նշելով յայտնեց, որ ինք չորս տարեկանին այցելած է Երուսաղէմ, ներկայիս եւս կը փափաքի այցելել, բայց ոչ անոր գրաւեալ վիճակին մէջ: Նոյնպէս` «կը փափաքիմ այցելել Ցեղասպանութեան բերումով ծնողքիս գրաւեալ բնակարանը եւ այն եկեղեցին, ուր հայրս ծառայած է, սակայն ոչ ներկայ գրաւեալ վիճակին մէջ, ոչ զբօսաշրջութեան նպատակով», ընդգծեց Բագրատունի:
Միջլիբանանեան երկխօսութեան անդրադառնալով Յակոբ Բագրատունի աւելի քան երբեք խիստ անհրաժեշտ նկատեց տարակարծիք կողմերու միջեւ երկխօսութիւնը: Իսրայէլեան յարձակումներուն դէմ պաշտպանութեան գծով Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ունի զինուորական սարքեր, զորս սակայն թշնամիին դէմ գործածելու լիազօրութիւնը չունի: Հանրապետութեան նախկին նախագահ եւ բանակի նախկին հրամանատար զօր. Միշէլ Սլէյմանի վերագրելով իր խօսքերը` Բագրատունի դիտել տուաւ, թէ ամերիկացիք զինուորական սարքեր տրամադրելու ընթացքին պայման կը դնեն զանոնք չգործածել Իսրայէլի դէմ: Այս գծով Բագրատունի յիշեցուց լիբանանեան բանակին նկատմամբ ժողովուրդին սէրն ու հայրենասիրութիւնը, երբ անդին աշխարհի մէջ եղած են բանակներ, որոնք վարձկան զինուորներ ալ ունեցած են:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դրուատեց նախագահ Ժոզեֆ Աունի ճիգերը, երբ ան Լիբանանի կայունութեան գծով Ֆրանսայէն մինչեւ Վատիկան ու այլ երկիրներ այցելեց: «Սակայն ներկայիս երկխօսութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է», շեշտեց Բագրատունի` պարզելով պետութէան եւ բանակին դերը նման երկխօսութեան իրականացման մէջ եւ աւելցնելով նաեւ, որ կարգ մը կողմեր պէտք է մեղմացնեն իրենց կարծր կեցուածքներն ու որոշ զիջումներ կատարեն: Այս ծիրին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) կեցուածքին անդրադառնալով Բագրատունի յայտնեց, թէ ՀՅԴ-ն միշտ դրական եղած է իր կեցուածքներուն մէջ` նշելով, որ կուսակցութիւնը միշտ ալ անկախ ու անկաշկանդ արտայայտուած է իր կեցուածքներուն մասին` առանց ազդուելու դաշնակից այլ կողմերէ:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու գործունէութեան դադրեցման գծով Բագրատունի յայտնեց, որ նոյնիսկ եթէ որոշուի յառաջիկայ դեկտեմբերին հեռանալ, տակաւին վեց-եօթը ամիս կ՛ուզեն այդ ուժերը լրիւ կերպով հեռանալու Լիբանանէն: Ան հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ նոյեմբեր-դեկտեմբերին այս մասին քայլեր առնուին` նշելով, որ խորհրդարանական պատկան յանձնախումբին անդամներուն հետ այս գծով այցելած են նախագահ Աունին եւ վարչապետ Սալամին: Անոնք նախագահին եւ վարչապետին յանձնեցին 86 երեսփոխաններու կողմէ ստորագրուած յուշագիրը, որ կ՛առաջարկէ (կը պահանջէ) ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան երկարաձգումը կամ գործունէութեան ժամկէտի վերանորոգումը: «Այս յուշագիրէն օրինակներ յղեցինք ՄԱԿ-ին եւ անոր Ապահովութեան խորհուրդին», աւելցուց Յակոբ Բագրատունի:
Այս ծիրին մէջ երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ նշեալ ուժերու առաքելութեան ժամկէտի նորոգութեան պարագային մասնակից երկիրներու ընտրութիւն կրնայ ըլլալ` իբրեւ օրինակ նշելով, որ կարելի չէ, որ մասնակցին Իսրայէլի դաշնակից ազրպէյճանական ուժեր, որոնք կրնան վտանգաւոր նկատուիլ լիբանանեան որոշ համայնքներու համար: Անոր այս կեցուածքը երկրորդած է նաեւ երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա: «Հակառակ պարագային, լիբանանեան բանակը կրնայ ստանձնել այդ ուժերուն դերը», դիտել տուաւ Յակոբ Բագրատունի` վկայակոչելով 1890-ին հիմնուած եւ 1902-ին Լիբանանի (1904) մէջ իր կառոյցը ստեղծած ՀՅԴ-ի դերը, երբ հայութիւնը դիմադրեց օսմանեան իշխանութեան թրքացման քաղաքականութեան: Աւելի՛ն, Բագրատունի նշեց նաեւ 451-ին Վարդանանց ճակատամարտի պարագան, երբ Վարդան Մամիկոնեան փոքրաթիւ խումբով դիմադրեց պարսկական բանակին: «Պարտուեցանք, բայց քրիստոնեայ մնացինք», ընդգծեց Բագրատունի:
Ան հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան արարքները ցեղասպանութիւն որակեց, ինչ որ ժամանակէն ու մարդկային կորուստէն անդին նաեւ յոյսի, մշակոյթի եւ ապագայի կորուստ է: «Այլ խօսքով` երբ Իսրայէլ կը հրկիզէ իր վերահսկած տարածքները, ատիկա կ՛ընէ լիբանանցին յուսալքելու եւ արտագաղթելու մղելու նպատակով», շեշտեց ան:
Լիբանանի եւ առհասարակ շրջանի կացութեան գծով Իրանի դիմադրութիւնն ու տոկալու կամքը մեծ դեր ունին, դիտել տուաւ Բագրատունի` նշելով, որ արաբական կարգ մը երկիրներ սկսած են անդրադառնալ, թէ շրջանին մէջ ուրուագծուող նոր վարչակարգը Քոնտոլիզա Ռայսի օրերէն սկսած ծրագիրի շարունակութիւնն է, որ պիտի իրականանայ օսմանեան իշխանութեան վերակենդանացումով եւ Միջին Արեւելքի ու շրջանի մասնատումով` թուրքեւիսրայէլեան համաձայնութեամբ (գործակցութեամբ): Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այս գծով վերյիշեց, թէ ինչպէս 2005-ին «Մարտ 14»-ի ուժերու պատուիրակութեան հետ Սուրիա այցելած եւ զգուշացուցած էր Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատը Թուրքիոյ վստահելէ եւ անոր հետ դաշնակցելէ: «Հետագային տեսանք, թէ ինչպէ՛ս Հալէպի գործարանները Թուրքիա փոխադրուեցան», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:


