Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-րդ ամեակի առիթներով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2026-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիւղի արուեստագէտներէն Կարպիս Քենտիրճեանի անհատական ցուցահանդէսի բացում:
Բացման խօսքը արտասանեց Կարինէ Շաննագեան, որ ծանօթացուց օրուան արուեստագէտը` իբրեւ գիւղի զաւակ եւ մարդկային արժէքներու տէր անձ: Ապա «Օրհնանք»-ի աղօթքէն մը ետք, Եզեկիէլ վրդ. Սելլումեանի կողմէ, հրաւիրուեցան բոլոր ներկայ հոգեւոր հայրերը, Այնճարի քաղաքապետը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ Համազգայինի վարչութեան ատենապետը` կատարելու բացումը:
Ներկաները զմայլանքով անցան սրահին մէջ զետեղուած արուեստի գործերուն դիմացէն եւ հոգեպէս յագեցած դուրս եկան:





