Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «Լիալուսին» Հատորի Շնորհահանդէս

September 25, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2026-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ  նոյն ցուցասրահի բարերար Լիւսի Թիւթիւնճեանին նուիրուած «Լիալուսին» հատորին շնորհահանդէսը եւ այս առիթով կազմակերպուած անոր գործերու ցուցահանդէսը:

Ձեռնարկի հանդիսավար Իզապէլ Տիարպի բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ յայտնեց, որ «Լիալուսին» հատորը հրատարակուած է «Լիւսի Թիւթիւնճեան ֆոնտ»-ին կողմէ:

Թիւթիւնճեան ընտանիքի խօսքը արտասանեց Քարլա Թիւթիւնճեան, որ  սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար` հաստատելով, որ  իրենց ներկայութիւնը  կը վկայէ, որ Լիւսի Թիւթիւնճեանին յիշատակը անոնց սրտերուն եւ հոգիներուն  մէջ վառ կը մնան:

Ան ըսաւ, որ գիրքի շնորհահանդէս կատարելը, զգացական վայրկեան մը ըլլալով հանդերձ, նոյն ատեն Լիւսի Թիւթիւնճեանի կեանքին եւ սիրոյ հետ ապրելու գեղեցիկ պահ մըն է մեզի համար:

Քարլա Թիւթիւնճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, որ յղացած էր այս գիրքի պատրաստութեան գաղափարը` նշելով, թէ գիրքը յիշատակի  ու յարգանքի մեր արտայայտութիւնն է, որուն իրականացման օրին արգելք հանդիսացաւ «Քորոնա» ժահրը: Ան շեշտեց, որ սոյն գիրքը դամբանական չէ, այլ` սիրոյ եւ յարգանքի գեղեցիկ արտայայտութիւն մը:

Եզրափակելով իր խօսքը` Թիւթիւնճեան շնորհակալութիւն  յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան սոյն ծրագիրին` գրութիւններով, նկարներու փոխանցումով եւ վկայութիւններով:

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարեց Լիւսի Թիւթիւնճեանի անձին, անոր դրական եւ գործօն ներկայութեան, համախմբող, ազնիւ, բարի, հոգատար, անկեղծ նկարագրային գիծերուն, որոնցմէ փոխանցուած պատգամով պէտք է առաջնորդուիլ: Ան յայտնեց, թէ Լիւսի Թիւթիւնճեանին նուիրուած «Լիալուսին» հատորը, որ հարուստ է անոր մասին վկայութիւններով, երկար տարիներու  հրատարակչական իր ասպարէզին մէջ ունեցաւ կենսական նշանակութիւն, աւելցնելով, որ հատորին խմբագրութիւնը եւ պատրաստութիւնը բնազդօրէն հանգիստ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ ընթացաւ: «Հոն տեղ գտած բոլոր յօդուածներուն, վկայութիւններուն, արժեւորումներուն եւ կարծիքներուն մէջ կայ հասարակ յայտարար գիծ մը, որ կը բնորոշուի` ամբողջական անկեղծութեամբ, երախտագիտութեամբ, համամարդկային եւ ազգային վեհ գաղափարներու շեշտադրումով», դիտել տուաւ ան: Այս առիթով, Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց Թիւթիւնճեան ընտանիքի անդամներուն, որոնք գործնապէս սատարեցին սոյն հատորի պատրաստութեան:

Եզրափակելով իր խօսքը` Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ Համազգայինի մեծ ընտանիքը երախտապարտ կը մնայ Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլին, հաստատելով, որ սոյն սրահը սովորական ցուցասրահ մը չդարձաւ, այլ վերածուեցաւ մշակոյթի գործիչներու ու մշակութասէր հանրութիւնը համախմբող միջավայրի մը, որուն երթը պիտի շարունակուի` շնորհիւ իրենց զաւակներուն ու նաեւ իրենց գործին հաւատացող ազնիւ անհատներու զօրակցութեան: (Յակոբ Հաւաթեանի խօսքը ամբողջութեամբ):

Արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ սոյն շնորհահանդէսը վկայութիւնն է Լիւսի Թիւթիւնճեանի ազնուութեան, մարդասիրութեան եւ անկեղծութեան, աւելցնելով, որ իբրեւ արուեստագէտ` ան գնահատուած է ոչ միայն իր եւ ներկաներուն կողմէ, ոչ միայն հայ գաղութին կողմէ, այլ նաեւ` օտարներու կողմէ, որոնց վկայութիւնները ամփոփուած են նոր հրատարակուած այս գիրքին մէջ:  Ան կարգ մը վկայութիւններ տուաւ Լիւսի Թիւթիւնճեանի մարդկային գիծերուն մասին` հաստատելով, որ  ան բարիք կ՛ընէ ոչ թէ ուրիշին համար, այլ` իր ուրախութեան եւ հոգեկան գոհունակութեան համար:

Մ. Հերկելեան ըսաւ, որ Համազգայինը տէր եղաւ Լիւսի Թիւթիւնճեան անունին, որուն ինք արժանի էր, բայց Համազգայինը եւս արժեցուց, որովհետեւ այսօր Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահին մէջ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն բազմաթիւ արուեստագէտներ կ՛ուզեն ցուցադրել իրենց գործերը, որովհետեւ այս սրահը ստեղծած է որակ եւ մակարդակ` արժանի դարձնելով Լիւսի Թիւթիւնճեան անունը:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեանե» երաժշտանոցի ուսանող Ճեսի Աւետիսեան, որ ջութակի վրայ մեկնաբանեց Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն հատուած մը:

Կրթական մշակ եւ պատմաբան դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր ծանօթութիւնը Թիւթիւնճեան ամոլին հետ բաւական հին է: Ան ըսաւ, որ իրեն ուրախութիւն պատճառած է ամոլին այն որոշումը, որ իրենց զաւակները հայկական վարժարան պիտի ուղարկէին, անոնք հայկական ոգիով պիտի աճէին եւ քրիստոնէական հաւատքով պիտի լեցուէին:  Զ. Մսըրլեան յայտնեց, որ Լիւսի Թիւթիւնճեան իր գեղարուեստական ցուցահանդէսներու հասոյթներէն կարեւոր բաժին մը կը տրամադրէր հայկական վարժարաններուն, որոնք յետպատերազմական շրջանին կը դիմագրաւէին նիւթական մեծ տագնապ: Ան հոգածու եւ գուրգուրոտ մայր էր եւ մօտէն կը հետաքրքրուէր իր զաւակներուն ուսումնառութեան եւ նկարագիրի կերտումով:

Զաւէն Մսըրլեան վկայեց, որ Լ. Թիւթիւնճեան ժպտերես, համեստ, հիւրասէր, ազնիւ խօսքի ու ազնիւ նկարագրի տէր տիպար հայուհի էր:

Աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան կատարեց հատորին գինեձօնը եւ արտասանեց իր եզրափակիչ խօսքը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ մտերմիկ ձեւով հաւաքուած ենք սոյն յարկին տակ, ուր երկար ժամանակէ ի վեր չէինք կրցած հաւաքուիլ, դիտել տալով, որ այս կ՛առաջնորդէ յուզումներու: Սրբազանը իր  գնահատանքը յայտնեց Համազգայինին, որ մեր երախտաւոր դէմքերը պատուելու առիթ կը ստեղծէ մեզի համար:  Ան շեշտեց, որ անկասկած այս բոլորին արժանի էր Լիւսի Թիւթիւնճեանը եւ վստահաբար նաեւ յաճախակի կերպով մեր երախտաւորները մեր ուշադրութեան կը յանձնուին, որպէսզի մենք ալ ձգտինք մնայուն արժէքներ հաստատել մեր միջավայրէն ներս:

Աւարտին ներկաները ստացան «Լիւսի Թիւթիւնճեան ֆոնտ»-ի կողմէ որպէս յիշատակի նուէր տրամադրուած «Լիալուսին» հատորէն օրինակներ, իսկ յետմահու կազմակերպուած Լիւսի Թիւթիւնճեանի գործերու ցուցահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի «Լիւսի Թիւթիւնճեան ֆոնտ»-ին, որ կ՛օժանդակէ նորահաս սերունդին մշակութային տաղանդներու յայտնաբերման:

Նախորդը

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*

RelatedPosts

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

September 25, 2026
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ

September 25, 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.