Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս*

September 30, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով, չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորած` Արցախի նուիրուած երեք հատորներու`  «Արցախ անաւարտ պատերազմ», հեղինակ` Դաւիթ Ղահրամանեան, «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն 1» եւ «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն 2», հեղինակ` Րաֆֆի Քորթոշեան,  շնորհահանդէսը եւ արցախցի նկարիչներու ցուցահանդէսը:

Ցուցադրուած էին գործերը` Յովիկ Գասպարեանի, Հրանդ Մնացականեանի, Սամուէլ Թաւադեանի, Լիանա Քոչարեանի, Գայեանէ Շուշեցիի, Գէորգ Սարգսեանի, Արմէն Մնացականեանի, Արմէն Ղուկասեանի, Ռոպերթ Ասգարեանի եւ Սերգէյ Արստամեանի:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց հրատարակչատան անձնակազմէն Իզապէլ Տիարպի:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ  Զաքար Քէշիշեան, որ իր փորձառութենէն մեկնած` անդրադարձաւ Արցախէն բռնի տեղահանութեան դաժան պատկերին: Ապա նշեց, որ սոյն շնորհահանդէսը եւ արցախցի գեղանկարիչներու ցուցահանդէսը կը կատարուի յատկապէս այս օրերուն, երբ արցախեան մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը խեղաթիւրելու ազերիական նկրտումները եւ պետական բարձր կազմակերպուածութեամբ իրագործուող յարձակումները նոր թափ ստացած են: Անդրադառնալով հատորներուն` ան ըսաւ, որ «Արցախ անաւարտ պատերազմ» հատորը 44-օրեայ հերոսական պատերազմի թոհուբոհը, Արցախի ահաւոր շրջափակումը պատկերող   լուսանկարչական պատումն է` արցախցի արհեստավարժ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեակի ոսպնեակէն դիտուած: «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի առաջին հատորը Համազգայինի 2023-ի հրատարակութիւնն է` համագործակցութեամբ վաղամեռիկ Սամուէլ Կարապետեանի հիմնադրած «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»-ին, հեղինակութեամբ  Րաֆֆի Քորթոշեանի, իսկ 2025-ին, երբ արդէն Արցախը հայաթափ եղած էր, հրամայական նկատուեցաւ հրատարակել «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն» երկրորդ հատորը, ուր տեղ գտան մինչ այդ հայոց վերահսկողութեան տակ գտնուող մշակութային հոյակերտ ժառանգութեան նմուշներ, նաեւ` նորակառոյց բազմաթիւ եկեղեցիներ ու յուշարձաններ:

Զաքար Քէշիշեան հաստատեց, որ իր տեսակին մէջ եզակի այս երկհատորեակը պատկերազարդ ու մասնագիտական ցուցակագրումն է այս հարստութիւններուն, որոնց գոյութիւնը վտանգուած է ներկայիս, աւելցնելով, որ հատորներու հրատարակութենէն ետք արդէն իսկ կազմաքանդուած են մեծաթիւ կոթողներ, կառոյցներ, իսկ ոմանք ենթակայ են խեղաթիւրման:

Ան տեղեկացուց, որ շուտով լոյս կը տեսնէ նաեւ չորրորդ պատկերագիրքը` «Բիձրանանք Շուշի» (Բարձրանանք Շուշի), շուշեցի արհեստավարժ լուսանկարիչ եւ բեմադրիչ Վլատիմիր Գէորգեանի լուսանկարներով:

Իր խօսքը եզրափակելով` Զաքար Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով իրենց ներդրումը ունեցան նման կարեւոր հրատարակութիւններու լոյս ընծայման, որովհետեւ հատորները խորքին մէջ վաւերագրումներ են: (ստորեւ՝խօսքին ամբողջութիւնը):

Խօսք առաւ եւ հատորներուն արժէքին մասին խօսեցաւ նաեւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, որ նշեց, թէ մինչ դարաշրջանի մը մէջ, երբ պատմութիւնը կրնայ ջնջուիլ, եկեղեցի մը կրնայ ակնթարթի մէջ քանդուիլ, եւ ուրացուիլ անոր գոյութիւնը, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը կրնայ տեղահան ըլլալ եւ աշխարհին ըսուիլ, թէ անոնք հոն երբեք չեն ապրած, տպագիր գիրքը կու գայ անոնց մասին կենդանի վկայ դառնալու եւ կը մնայ որպէս զօրեղ ապացոյց Արցախի գոյութեան:

Սրբազանը հաստատեց, որ սոյն նկարչութիւններն ու հրատարակուած գիրքերը շատ աւելին են, քան` լոկ թուղթ ու մելան, անոնք այն հողին ձայնն են, զոր աշխարհն այսօր կը փորձէ լռեցնել: Ան նշեց, որ այս հատորները կը վկայեն երեք անհերքելի ճշմարտութիւններու մասին` մեր դարաւոր պատմութեան, թէ Արցախի բնիկ ժողովուրդը հայն է, մեր մշակոյթի եւ դարաւոր կրօնական ժառանգութեան  եւ մեր արդար Դատին մասին:

Մակար արք. Աշգարեան շեշտեց, որ այս տպագիր գիրքերը մեր մշակոյթի ապահովագրութիւնն են մշակութային ցեղասպանութեան դէմ, աւելցնելով, որ անոնք կը փաստեն Արցախի ժողովուրդի ազատ կամքը: Ան ըսաւ, որ մեր արդար Դատը կ՛անտեսուի եւ աշխուժ կերպով կը կեղծուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ, որոնք այս նպատակով միլիառներ կը ծախսեն, կեղծ գիրքեր կը տպեն, պատմութիւնը վերստին կը գրեն: «Անոնց իւրաքանչիւր տպած կեղծ գիրքի դիմաց մենք պէտք է ներկայացնենք տասը իրական գիրք, անոնց Արցախի մասին ըսած իւրաքանչիւր սուտի դիմաց մենք պէտք է ցոյց տանք էջ մը, որ տպուած է աւելի քան հարիւր տարի առաջ, երբ անոնք որպէս պետութիւն տակաւին գոյութիւն չունէին», ըսաւ սրբազան հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը` հաստատեց, որ Արցախը կորսուած չէ, այլ կ՛ապրի, քանի դեռ անոր վկան կ՛ապրի, եւ քանի դեռ այս գիրքերը եւ ասոնց նմանները կան ու կ՛ապրին մեր դարակներուն վրայ, գրադարաններուն եւ մեր ձեռքերուն մէջ: (ստորեւ՝խօսքին ամբողջութիւնը):

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչ Կասիա Լեւոնեան եւ սրինգի վրայ ուսանող Նաթալի Առաքելեան` երաժշտական կատարումով:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորներու եւ նկարներու վաճառք:

 

—

Այս Պատկերագիրքերը Արժանի Են
Լայն Տարածումի, Մանաւանդ` Օտար Ակադեմական,
Կրօնական Ու Քաղաքական Շրջանակներու Մէջ*

Հակարիի կամուրջը անցանք այնպէս, ինչպէս անցած էինք Տէր Զօրի անապատը: Կերպն ու ժամանակը տարբեր էին, սակայն բովանդակութիւնը` նոյնը:

Կամուրջը անցանք` մեր ետին ձգելով Լիբանանի չափ հայրենի հող, շաղախուած մեր արի այրերու արեամբ, մեր պապերու քրտինքով:

Կամուրջն անցանք այնտեղ ձգելով մեր տուները, զորս կառուցած էինք դարերու ընթացքին ու վերջին երեսնամեակին վերանորոգած ու վերակահաւորած էինք զանոնք` ամէն տարի նոր բան մը աւելցնելով այնտեղ:

Կամուրջն անցանք մեր ետին ձգելով մեր պապերուն ու որդիներուն գերեզմանները, որոնք այսօր կ՛անարգուին ու կը սրբապղծուին թշնամիին կողմէ:

Կամուրջն անցանք մեր ետին ձգելով մեր յիշատակներն ու յիշողութիւնները, որոնք անդառնալի են:

Սակայն, անձնականէն անկախ ու զուգահեռ, կամուրջն անցանք մեր ետին ձգելով մեր հաւաքական հարստութիւնները, վանքերն ու եկեղեցիները, խաչքարերն ու հինաւուրց ամրոցներու մնացորդները, որոնք նոյնպէս կը սրբապղծուին, կ՛անհետացուին ու լաւագոյն պարագային` կ՛աղուանացուին:

Արցախեան շարժման արշալոյսէն ի վեր եռամիասնութիւն դարձած` մենք արցախեան մեր տուն-ամրոցը կառուցեցինք հաւաքաբար, սակայն, եռամիասնութեան փլուզումով, ազգային գաղափարախօսութեան նահանջով, մեր ազգային արմատներուն կառչած մնալու հաւատամքին թուլացումով, աշխարհաքաղաքական վերիվայրումները առաւելագոյնս նպաստեցին թշնամիին`  մեզ տկարացնելու ու մեր ոտքի տակի հող – հայրենին մեզմէ խլելու իր մշտական երազանքի իրականացման ճանապարհին:

Պարտուած ենք, եւ թշնամին առաւելագոյնս կ՛օգտուի յաղթողի իր դիրքէն` միջազգային ընտանիքի բացայայտ մեղսակցութեամբ:

Այս կացութեան մէջ, հայ իրականութեան մէջ լայն տեղ կը գտնէ իրերամերժ ու այլամերժ ատելութեան քարոզը: Կարծէք այն միակամ ազգը չենք այլեւս, որ 1988-էն ի վեր, մէկ բռունցք դարձած, պայքարեցանք ու պատմակերտ յաղթանակ արձանագրեցինք: Կարծէք այն ազգը չենք այլեւս, որ 44-օրեայ պատերազմին միասնականութեան օրինակելի վարքագիծ ցուցաբերեցինք: Այսօր, յետպարտութեան,  արցախցի-հայաստանցի եւ հայաստանցի-սփիւռքահայ հոգեւոր կապի թուլացման վկան ենք ամէնուրեք: Արցախցին իր իսկ հայրենիքին մէջ տարագիր, հոգեկան ու կենցաղային ամենադժնի կացութեան մէջ կ՛ապրի այսօր: Հոգեխոցը օր ըստ օրէ առաւել կը մաշէ զինք: Հայրենիքի մէջ առաւել քան երեսնամեակի մը Արցախի համաժողովրդային զօրակցական մթնոլորտը, զգալի մեծամասնութեան մը մօտ, զարմանալի արագութեամբ  վերափոխուեցաւ առնուազն անտարբերութեան ու անտեսումի: Չկայ այլեւս երբեմնի եղբայրական փոխօգնութեան առողջ ենթահողը: Սփիւռքը, իր հերթին, կ՛ապրի յետպատերազմեան  խարխափումի ու անորոշութեան մէջ:

Ահաւասիկ այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ է, որ հայաթափ Արցախէն հեռու, Լիբանանի մէջ հաւաքուած ենք կրկին, այս անգամ շնորհահանդէս կատարելու Համազգայինի` վերջին տարիներուն հրատարակած քաղաքական ու պատմական կարեւորութեան երեք հատորներու: Այս շնորհահանդէսն ու արցախցի գեղանկարիչներու ցուցահանդէսը կը կատարուին յատկապէս այս օրերուն, երբ արցախեան մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը խեղաթիւրելու ազերիական նկրտումները եւ պետական բարձր կազմակերպուածութեամբ իրագործուող յարձակումները նոր թափ ստացած են:

Պատկերագիրքերէն առաջինը` «Արցախ- Անաւարտ պատերազմ» հատորը, 44-օրեայ հերոսական պատերազմի թոհուբոհը, ինչպէս նաեւ ծանօթ շրջափակումը պատկերող սահմռկեցուցիչ օրերու լուսանկարչական պատումն է` արցախցի արհեստավարժ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի ոսպնեակէն դիտուած:

Երկրորդը` «Արցախ-Վտանգուած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի առաջին հատորը, Համազգայինի 2023-ի հրատարակութիւնն է` համագործակցութեամբ վաղամեռիկ Սամուէլ Կարապետեանի հիմնադրած` Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամին` ի դէմ Րաֆֆի Քորթոշեանի:

Ցաւօք, մինչ կը հրատարակուէր այս հատորը, նոյն օրերուն ամբողջութեամբ հայաթափուեցաւ Արցախը` ստիպելով մեզ հատորին վրայ ցաւով աւելցնել «Հատոր առաջին» վերտառութիւնը եւ այնուհետեւ, 2025-ին հրատարակել «Արցախ-Վտանգուած ժառանգութիւն» երկրորդ հատորը, ուր տեղ գտան մինչ այդ հայոց վերահսկողութեան տակ գտնուող մշակութային հոյակերտ ժառանգութեան նմուշներ, ինչպէս` Գանձասար ու Ամարաս, ինչպէս` Բերձորի, Ասկերանի ու Ստեփանակերտի թէ այլ աւաններու նորակառոյց բազմաթիւ եկեղեցիներ ու յուշարձաններ:

Իր տեսակին մէջ եզակի այս երկհատորեակը պատկերազարդ ու մասնագիտական ցուցակագրումն է այս հարստութիւններուն, որոնք այժմ կը գտնուին ծայրայեղ վտանգի տակ: Հատորներու հրատարակութենէն ետք արդէն իսկ կազմաքանդուած են Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին, Շուշիի Յովհաննու Կարապետը կամ ինչպէս ժողովուրդը կը կոչէ` Կանաչ ժամը,  Ստեփանակերտի հոյակերտ Սուրբ Աստուածամօր Հավանու մայր տաճարը ու այլ կոթողներ: Շուշիի անգմբէթ ու վիրաւոր Սուրբ Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ մայր տաճարը կը շրջափակուի բնակելի շինութիւններով ու անմիջապէս անոր կողքը սկսած է կառուցումը տարածաշրջանի մեծագոյն մզկիթին:  Իսկ Գանձասարն ու այլ հայկական կոթողներ պատմական խեղաթիւրումով կ՛աղաւաղուին ու կ՛աղուանացուին:

Առաջին անգամը չէ, որ ազերիներ կը փորձեն խեղաթիւրել մեր մշակոյթը: Դեռ աւելի՛ն. անոնք հայութեան լուռ մեղսակցութեամբ կը փորձեն իւրացնել ամէն մշակութային երեւոյթ, որ հայկական է: Այս բոլորը կը կատարեն պետականօրէն, մինչ մենք համարժէք պետական մակարդակի պատասխանի փոխարէն` կը բաւարարուինք Մատենադարանի գիտաշխատողներու մակարդակի գիտական, բայց քաղաքական առումով անբաւարար հակազդեցութեամբ:

Խորհրդային օրերուն` 1980-ականներու երկրորդ կէսին, շուշիաբնակ ազերի երաժշտագէտ մը, որ Շուշիի բնակիչ ըլլալուն համար Շուշինսքի կոչուած է, երեք լեզուներով` ազրպէյճաներէն, անգլերէն եւ ռուսերէն պատկերազարդ ու գունագեղ ստուար հատոր մը լոյս ընծայեց ու տարածեց երաժշտական ակադեմական լայն աշխարհին մէջ: «Ազրպէյճանական ժողովրդական նուագարաններ» խորագիրով հատորը, ուր կ՛իւրացուէին ո՛չ միայն  տուտուկն ու շուին, թառն ու քամանչան, քանոնն ու զուռնան, այլ նաեւ` պայմաններու բերումով իրենց ազգանուններէն «եան» վերջածանցը հանած հայազգի նշանաւոր նուագածուներ` Սաշա Օկանեւսկին,  Լեւոն Կարախանն եւ ուրիշներ … այդ օրերուն, ի պատասխան, Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ վախուորած ու անհրապոյր, սակաւաթիւ ու դեղնաւուն թուղթի վրայ տպուած պրակ մը միայն, այն ալ` լոկ հայերէն լեզուով…

Այսօր, Համազգայինի Հայաստանի ու Արցախի գրասենեակներու բծախնդիր աշխատանքով, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ի լոյս ընծայած է եռալեզու այս եռեակ պատկերագիրքերը, որոնք արժանի են լայն տարածումի, մանաւանդ` օտար ակադեմական, կրօնական ու քաղաքական շրջանակներու մէջ:

Շուտով լոյս կը տեսնէ նաեւ չորրորդ պատկերագիրքը` «Բիձրանանք Շուշի» (Բարձրանանք Շուշի), այս պարագային ալ`  շուշեցի արհեստավարժ լուսանկարիչ եւ բեմադրիչ Վլատիմիր Գէորգեանի լուսանկարներով: Հոն պատկերուած է գեղեցկագոյն ա՛յն Շուշին, որուն շէնքերն ու կառոյցները ոչ եւս են այլեւս:

Իսկ, ինչպէս կը տեսնէք, արցախցի նկարիչները իրենց բնօրրանէն դուրս իրենց ներկապնակով կ՛ապրին ու կ՛ապրեցնեն Արցախ աշխարհը` դիմակայելով հոգեխոցին ու կենցաղային դժուարին պայմաններու:

Բծախնդրութեամբ կազմակերպուած մարդաշատ այս ձեռնարկին առիթով, յանուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, շնորհակալութեան ու երախտիքի խօսք ունիմ` պատկերագիրքերու հեղինակներուն եւ մեկենասներուն, ցուցահանդէսին մասնակից արցախցի տասնեակ մը գեղանկարիչներուն, Հայաստանի ու Արցախի Համազգայինի գրասենեակներու զոյգ տնօրէններուն, «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահի տնօրէնին ու անձնակազմին, եւ` ձեր բոլորին, որ ահաւասիկ ձեր ներկայութեամբ եկած էք ըլլալու արցախահայութեան եւ արցախեան մշակոյթի պահպանման ու տարածման համար տարուող Համազգայինի կատարած ու կատարելիք նախաձեռնութիւններու կողքին:

* Արցախեան պատկերագիրքերու շնորհահանդէսին եւ արցախցի գեղանկարիչներու ցուցահանդէսին առիթով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին խօսքը:

——-

Արցախը Կորսուած Չէ, Քանի
Դեռ Անոր Վկան Կ՛ապրի, Եւ Քանի Դեռ
Այս Գիրքերը Եւ Ասոնց Նմանները Կան*

ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ

Այսօր այս սրահին մէջ մեր հաւաքուիլը եւ ներկայութիւնը պարզապէս որոշ գեղանկարչական ստեղծագործութիւններու եւ երրեակ հրատարակութիւններ դիտելու համար չէ վստահաբար, այլ վկաները դառնալու` ճշմարիտ վկաներուն:

Դարաշրջանի մը մէջ, երբ պատմութիւնը կրնայ ջնջուիլ մէկ սեղմումով, երբ եկեղեցի մը կրնայ քանդուիլ մէկ գիշերուան մէջ, եւ յաջորդ առաւօտ ուրացուիլ անոր գոյութիւնը, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը կրնայ տեղահան ըլլալ եւ աշխարհին ըսուիլ, թէ անոնք հոն երբեք չեն ապրած, տպագիր գիրքը կու գայ անոնց մասին կենդանի վկայ դառնալու եւ կը մնայ որպէս զօրեղ ապացոյց, չի խմբագրուիր ու չի կեղծուիր, այլ կը կանգնի որպէս կենդանի եւ անհերքելի վկայ:

Եւ այս պարագային չկայ տեղ մը, ուր այդ վկայութիւնը աւելի անհրաժեշտ է, քան` Լեռնային Ղարաբաղի, Արցախի համար:

Այս նկարչութիւններն ու հրատարակուած գիրքերը պարզապէս թուղթ, գոյն եւ թանաք չեն: Անոնք ձայնն են այն հողին, զոր աշխարհն այսօր կը փորձէ լռեցնել: Անոնք կը վկայեն երեք անհերքելի ճշմարտութիւններու մասին:

Ա.- Անոնք կը վկայեն մեր դարաւոր պատմութեան մասին: Անոնք կու գան վկայելու, թէ հայն է բնիկ ժողովուրդը Արցախին, թէ` հայն է ապրած, շնչած, քրտնած, ստեղծագործած, տագնապած, քանդակագործած, կառուցած, շէնցուցած եւ ապրած է այդ տարածքին վրայ, եւ միշտ ալ հայու անունն է հնչած ու արձագանգած այդ աշխարհատարածքին վրայ: Շատ առաջ քան Ազրպէյճան անունը յայտնուի Կովկասի քարտէսին վրայ 1918-ին, Արցախը Մեծ Հայքի տասներորդ նահանգն էր: Անոր ժողովուրդը եկուոր չէ: Անոնք նորաբնակ չեն, այլ` ժառանգորդները անոնց, որոնք երկու հազար տարի առաջ կառուցեցին Տիգրանակերտը: Այս գիրքերը կ՛ապացուցեն, որ մենք` արցախցիները, եկուոր չենք, այլ Արցախն է, որ կու գայ մեզմէ:

Բ.- Անոնք կը վկայեն մեր մշակոյթի եւ դարաւոր կրօնական ժառանգութեան մասին:

Աշխարհն ամբողջ վերացական կը խօսի «մշակութային ժառանգութեան» մասին: Արցախի մէջ ան քարէ դէմք ունի: Անիկա Դադիվանքն է` 9-րդ դարէն: Ան Գանձասարն է, ուր դարերով նստած են մեր կաթողիկոսները: Ան Ամարասն է, ուր Ս. Մեսրոպ Մաշտոց բացաւ առաջին դպրոցը` հայոց այբուբենը ուսուցանելու համար: Ան աւելի քան 6000 խաչքար է ու հազարաւոր ձեռագիրներ:

Բանակ մը կրնայ ոչնչացնել խաչքարեր, ինչպէս տեսանք Նախիջեւանի` Հին Ջուղայի մէջ: Պուլտոզըր մը կրնայ հողին հաւասարեցնել գերեզմանատուն մը: Բայց չէք կրնար պուլտոզըրով քանդել Լոնտոնի, Փարիզի, Վենետիկի, Վատիկանի գրադարանները, ուր կը պահուին բազմաթիւ ձեռագիրներ, վկայութիւններ միջին դարերէն եւ մանաւանդ 1850-ին տպուած գիրքը նոյն վանքին փորագրութեամբ, պարզ հայերէն արձանագրութեամբ:

Այս տպագիր գիրքերը մեր մշակոյթի ապահովագրութիւնն են մշակութային ցեղասպանութեան դէմ:

Գ.- Եւ ամէնէն կարեւորը` անոնք կը վկայեն մեր արդար Դատին մասին, ինչո՞ւ Արցախը հայկական է: Ոչ անոր համար, որ մենք այդպէս կ՛ըսենք յուզականօրէն, այլ նաեւ այդպէս կ՛ըսեն միջազգային իրաւունքը, պատմական արդարութիւնը եւ մարդկային կամքը: Այս գիրքերը կը փաստեն Արցախի ժողովուրդի ազատ կամքը` 1991-ի հանրաքուէն, ինքնապաշտպանութիւնը Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերուն դէմ, եւ հայրենի հողին վրայ արժանապատուօրէն ապրելու իրաւունքը, եւ անոնք կը բացայայտեն ցաւալի ճշմարտութիւն մը, որ արդար Դատը մինչեւ այսօր կ՛անտեսուի: Կ՛անտեսուի աշխարհէն, որ կը նախընտրէ նաւթի եւ կազի պայմանագիրները` մարդկային իրաւունքներէն, որ կը նախընտրէ ցեղային զտումը կոչել` կամաւոր հեռացում` պատասխանատուութենէն խուսափելու համար:

Կ՛անտեսուի եւ աշխուժ կերպով կը կեղծուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ, որոնք միլիառներ կը ծախսեն կեղծ գիրքեր տպելու համար` պատմութիւնը վերստին գրելու համար, մեր եկեղեցիները «աղուանական» եւ մեր հողերը «հնագոյն ազրպէյճանական» անուանելու համար:

Բայց ճշմարտութիւնը միլիառներու պէտք չունի: Անոր պէտք է մէկ վաւերական վկայ:

Ուստի պէտք է կարդանք, պահպանենք ու տպագրենք: Անոնց իւրաքանչիւր տպած կեղծ գիրքի դիմաց մենք պէտք է ներկայացնենք տասը իրական գիրք: Անոնց Արցախի մասին ըսած իւրաքանչիւր սուտի դիմաց մենք պէտք է ցոյց տանք էջ մը, որ տպուած է աւելի քան հարիւր տարի առաջ, երբ անոնք որպէս պետութիւն տակաւին գոյութիւն չունէին:

Արցախը կորսուած չէ, քանի դեռ անոր վկան կ՛ապրի, եւ քանի դեռ այս գիրքերը եւ ասոնց նմանները կան ու կ՛ապրին մեր դարակներուն վրայ, գրադարաններուն եւ մեր ձեռքերուն մէջ. Արցախը կ՛ապրի:

* Արցախեան պատկերագիրքերու շնորհահանդէսին եւ արցախցի գեղանկարիչներու ցուցահանդէսին առիթով արտասանուած խօսք: 

Ծանօթագրութիւն

– Մակար եպս. Պարխուտարեանց «History of Artsakh – պատմութիւն Աղուանի» 1850: 1895-էն աւելի ընդարձակուածը…
– Jacques de Morgan-Mission scientifique au caucase, (Paris, 1889) vol. 1 օրինակը կը գտնուի Biblotique National de France, Paris.
– British Library, London: Bishop Sargis Jalalyants, Journey to Greater Armenia (Tiflis, 1858):
– Venice-Mekhitarist library. «Dictionary of Armenian Topography» by father Ghukas Inchichian (Venice 1822):

Նախորդը

«Երեւանեան Երեկոյ» Խորագիրով Երգահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Վերանկախութեան

RelatedPosts

«Երեւանեան Երեկոյ» Խորագիրով Երգահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Վերանկախութեան
Գաղութային

«Երեւանեան Երեկոյ» Խորագիրով Երգահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Վերանկախութեան

September 30, 2026
Շեշտելով, Որ Հարաւի Դէմ Իսրայէլ Ցեղասպանութին Կը Գործէ.  «Օսմանեան Տիրապետութիւնը Վերակենդանացնելու Եւ Շրջանին Տիրելու Ծրագիր Կայ Թրքական Եւ Իսրայէլեան Գործակցութեամբ»  Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի
Գաղութային

Շեշտելով, Որ Հարաւի Դէմ Իսրայէլ Ցեղասպանութին Կը Գործէ. «Օսմանեան Տիրապետութիւնը Վերակենդանացնելու Եւ Շրջանին Տիրելու Ծրագիր Կայ Թրքական Եւ Իսրայէլեան Գործակցութեամբ» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

September 28, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.