Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համատեղ թղթակցութիւն`
ՆԱՆՕՐ ԹԱՇՃԵԱՆ, ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ,
ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ եւ հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով յառաջացած «Օշական» գիրքի ակումբի երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերին տեղի ունեցած առաջին «Զում» ձեւաչափով հանդիպումը համախմբեց երկու տասնեակէ աւելի ընթերցասէրներ` սփիւռքէն եւ Հայաստանէն:

Հանդիպումը, զոր վարեց հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, սկսաւ ծանօթացման օրակարգով: Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ օրուան քննարկումի հատորը` Յակոբ Օշականի «Ծակ Պտուկը»:

Յայտնենք, որ այս հատորը վերջին անգամ վերահրատարակուած է իբրեւ «Բագին» մատենաշար-դասական շարքով 2024-ին եւ անոր խմբագրութիւնը կատարած է Յարութիւն Քիւրքճեան:

Հաւաթեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այս ծրագիրի անհրաժեշտութեան, որ կը միտի հայ գիրքը եւ ընթերցանութիւնը դարձնել ուշադրութեան առանցք: Ան վստահեցուց, որ աշխատանքը հետեւողականութեամբ պիտի ներգրաւէ նոր մասնակիցներ, ու նաեւ հանդիպումներուն նախատեսուած է հիւրընկալել գրողներ եւ գրաքննադատներ:

Գիրքի քննարկումի անցնելէ առաջ, հայ գրականութեան դասատու եւ մանկավարժ Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան ամփոփ կերպով ներկայացուց Յակոբ Օշականի կենսագրական տեղեկութիւնները, որոնք դերակատար դարձած են գրագէտի-անձի կազմաւորման, մշակած գրական-քննադատական-վերլուծական ստեղծագործ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ հայ գրականութեան «Մեծ վարպետ»-ին ունեցած լայնածաւալ ներդրումին` իր աշակերտներէն իսկ քաղուած տպաւորութիւններու ու վկայութիւններու ճամբով:

Սալբի Թաշճեան ընդգծեց Յակոբ Օշականի հարուստ բառապաշարն ու լեզուի ճոխութիւնը, վէպերուն ու պատմուածքներուն մէջ ներկայացուած հարուստ տեղեկութիւններն ու նկարագրութիւնները` գաւառի կեանքը, ժողովուրդին մտայնութիւնը, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, եւ այն բնաբանները, որոնց հիւսուածքով ընթերցողը կը ծանօթանայ ժամանակաշրջանի տուեալներուն ու դժուարութիւններուն:

Ակումբի մասնակիցները դիտել տուին, որ հեղինակին վէպերուն շարքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ «Ծակ Պտուկը»`  իր հոգեբանական խորութեամբ, երգիծանքով եւ գաւառական կեանքի մութ ու մարդկային կողմերու անպաճոյճ եւ իրապաշտ պատկերացումով: Հեղինակը չի փորձեր սրբագրել կամ գեղեցկացնել իրականութիւնը. ան կը ներկայացնէ կեանքը իր բոլոր կոշտ ու դաժան կողմերով:

Վէպը կը նկարագրէ պոլսահայ ու գաւառական միջավայրի մէջ ապրող հասարակութեան մը ներքին կեանքը, ընտանեկան յարաբերութիւններն ու բարքերը: Առանցքային կերպարը` Ծակ Պտուկը, իր միջավայրին մէջ ծաղրուած, հարստահարուած եւ միեւնոյն ատեն ողբերգական դէմք մըն է: Օշական այս կերպարին միջոցով ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս հասարակական ճնշումը, նախապաշարումները եւ մարդկային չարամտութիւնը կրնան աղաւաղել անհատի մը ճակատագիրը: Վէպին մէջ խորապէս քննադատուած են միջավայրի տգիտութիւնը, բամբասանքը եւ մարդկային տկարութիւնները:

Դիտել տրուեցաւ, որ Օշականի գրականութեան ամէնէն ուշագրաւ կողմերէն մէկը անոր համարձակ եւ սահուն նկարագրութիւնն է: Հեղինակը առանց վարանելու` կը ներկայացնէ մարդկային կիրքերը, ցանկութիւնները, զգացումները եւ յարաբերութիւնները:

Մասնակիցները արտայայտուեցան որ «Ծակ Պտուկը» հետաքրքրական եւ արկածախնդրային վէպ մըն է, որ ընթերցողը կը պահէ լարուածութեան մէջ, սակայն գործին իրական արժէքը միայն արկածախնդրութեան մէջ չէ: Օշական իր պատմութեան ընդմէջէն մեզի կը բացայայտէ գիւղի բարքերը, պատիւի հասկացողութիւնը, կնոջ նկատմամբ հասարակութեան վերաբերմունքը եւ սեռային բարոյականութեան երկակի չափանիշները: Այս ամբողջին մէջ Նազիկը` հերոսուհին, կը նկատուի առաջին հերթին զոհ մը: Նազիկին պատմութիւնը կարելի չէ դատել` առանց նկատի առնելու անոր ապրած պայմանները: Ան հազիւ 12-13 տարեկան աղջիկ մըն է, կը մեծնայ տան մը մէջ, ուր հայրը սանձարձակ եւ զեխ կեանք կ՛ապրի: Այսպիսի միջավայր մը բնականաբար իր ազդեցութիւնը պիտի ունենար մանուկի մը մտածելակերպին եւ վարքին վրայ: Նազիկը իր կեանքի այդ փուլին չունէր այն գիտակցութիւնը, փորձառութիւնը եւ ազատ ընտրութեան հնարաւորութիւնը, որ հասուն մէկը կրնայ ունենալ: Իր կեանքի առաջին իսկ սխալի պատճառավ հասարակութիւնը զինք պիտակաւորեց: Զայն մերժեցին, դատեցին եւ պատժեցին, եւ այդ դատապարտումը ի վերջոյ բաժին դարձաւ ծանր ու դաժան ճակատագրի մը:

Հաստատուեցաւ, որ Օշական յաջողած է կեանքի երկու կարեւոր հասկացողութիւնները` մահը եւ սէրը, իրարու շաղկապել ու իբրեւ այդպիսին` իրական փիլիսոփայութիւնը լուսարձակի տակ դնել: Վէպին մէջ մահը եւ սէրը կը քալեն միասին, եւ մէկը միւսով կ՛իմաստաւորուի:

Մասնակիցները անդրադարձան այն հակասութեան, որ կը բացայայտէ այս վէպը: Նազիկին հայրը կը վարէ անբարոյական կեանք մը, սակայն քանի որ տղամարդ է, հասարակութիւնը մեծ մասամբ կը հանդուրժէ այդ վարքը: Նազիկի պարագային, սակայն, նոյն հասարակութիւնը անզիջող է: Այլ խօսքով, այստեղ լուսարձակի տակ կը բերուի արական եւ իգական սեռերու միջեւ տարբերակումը, ուր հասարակութիւնը միշտ ալ կը վերաբերի անարդարօրէն եւ երկակի չափանիշներով: Դիտել տրուեցաւ, որ «Ծակ Պտուկը» անցեալի մը պատմութիւնը չէ, ու անոր ժամանակակից դրսեւորումը մեր ներկային մէջ յամեցող կնոջական իրաւունքներու հաւասարութեան սկզբունքի անբաւարար ընկալումն է:

Մասնակիցները նշեցին նաեւ որ վէպին մէջ Օշականի հերոսուհին եւ զինք իրենց ենթակայութեան տակ առնել փորձող այլ մարդիկ նոյն վէպին մէջ կը համընկնին հայ-թուրք յարաբերութիւններուն եղանակին, ուր հայը եղած է ներշնչող, ստեղծագործ, իսկ թուրքը փորձած է միշտ իշխել անոր կարողութիւններուն: Վէպին մէջ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու կողք կողքի ապրելու ընդհանուր նկարագրութեան ընթացքին արդէն իսկ կը բացայայտուին թուրքի տիրապետող ու հակահայ ընթացքի ծալքերը:

Օշականի լեզուն կը բնորոշուի բարդ նախադասութիւններով, հարուստ բառապաշարով եւ գաւառական բարբառային երանգներու բնական գործածութեամբ: Օշականի լեզուն ընթերցողը կը տանի ուրիշ ժամանակաշրջան մը եւ կը ներկայացնէ արեւմտահայ գիւղական կեանք մը, որ այսօր մեծ մասամբ պատմութեան մաս կը կազմէ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Օշականի գործերուն մեծ տարողութեամբ թարգմանուած չըլլալու իրողութեան, հակառակ անոր որ Մարկ Նշանեան հատուածներ թարգմանած է անոր «Մնացորդաց»-ը վէպէն: Ինչ որ վերագրուեցաւ իր բարդ ոճին եւ խորունկ հոգեբանական նկարագրութիւններուն, որոնք թարգմանելու համար մասնագիտական մօտեցումի կարիք կայ:

Օշականի գործին ամէնէն յաջող կողմերէն մէկն ալ այն է, որ ան մեզ չի ձգեր պարզապէս կարդալ եւ անցնիլ: Ան մեզ կը ստիպէ դատել, վերանայիլ մեր չափանիշները եւ հասկնալ, որ երբեմն այն մարդը, որ հասարակութիւնը մեղաւոր կը հռչակէ, իրականութեան մէջ ինքն է հասարակութեան սխալ մտածելակերպին զոհը: Այդ պատճառով ալ «Ծակ Պտուկը» ոչ միայն անցեալի մը պատմութիւնն է, այլ նաեւ` այսօրուան մարդուն առջեւ դրուած հարցադրում մը:

Գիրքին մէջ կը հանդիպինք նաեւ վրէժխնդրութեան հարցին` անհատական միջոցներով վրէժ լուծելու յետամնաց մտածելակերպին:

Հայրենի մասնակիցները յայտնեցին, որ Օշականի գործերը արեւելահայերէնով սակաւ կը գտնեն, որուն պատճառով ալ Հայաստանի ընթերցողներուն Օշականը հասանելի չէ անհրաժեշտ տարողութեամբ: Հատ ու կենտ արեւելահայերէնի վերածուած օրինակներ կան:

Զրուցավարը յայտնեց, որ գիրքի ակումբը կոչած է «Օշական» եւ առաջին ընթերցման գիրքը ընտրած են Օշականի վէպը ճիշդ այս նպատակին համար` խօսելու Օշականի մասին եւ իր գործերու ընթերցումը խթանելու հայրենի թէ սփիւռքահայ բոլոր ընթերցասէրներուն մօտ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Գրիգոր Պըլըտեանի «Ծակ Պտուկը» վէպի վերլուծութեան:

Հարց դրուեցաւ, թէ ի՞նչ կարելի է ընել Օշականը կարդալ տալու նաեւ երիտասարդ սերունդին, արդեօ՞ք կրճատուած տարբերակ մը հրապարակել «Ծակ Պտուկը» գիրքէն, որպէսզի աւելի նուազ ծաւալով հասանելի ըլլայ եւ երիտասարդները կարդալու մղէ: Այս ուղղութեամբ հակառակ կարծիք հնչեց, որովհետեւ Օշականը կրճատելով` աղաւաղած կ՛ըլլանք իր գործը: Կարելիութիւն նկատուեցաւ ծաղկաքաղի մը պարունակին մէջ օշականեան որոշ պատմուածքներ փոքր հատորով արժանացնել աշակերտներու ընթերցանութեան:

Զրոյցը տեւեց մէկ ժամ, 15 վայրկեան եւ առիթ հանդիսացաւ օգտաշատ կարծիքներու արտայայտման ու քննարկման:

Հաւաթեան յաջորդ հանդիպումին համար խնդրեց, որ մասնակիցները գիրքերու անուն առաջարկեն:

Յայտնենք, որ երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 5 հոկտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան 8:00-ին: Պիտի քննարկուի Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները» հատորը:

Մասնակցութեան համար կարելի է ամբողջացնել հետեւեալ լինքը: https://forms.gle/rY1Lys6XhZA6UbCEA

 

 

 

Նախորդը

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է

Յաջորդը

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին
Գաղութային

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին

November 11, 2026
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ
Գաղութային

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ

November 11, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.