Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Հինգշաբթի, 20 յունիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, պետական դէմքերու, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան: Լիբանանի, Հայաստանի...

Հայրապետական Մաղթանք Անթիլիասի Մէջ` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 29-Ամեակին Առիթով

Հայրապետական Մաղթանք Անթիլիասի Մէջ` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 29-Ամեակին Առիթով

Կիրակի, 30 յունիս 2024-ին, կաթողիկոսանիստ մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք (գոհաբանական աղօթք)` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռի արժանընտիր գահակալին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29-րդ տարեդարձին առիթով: Միաբան հայրեր ս. խորան բարձրացան եւ գոհաբանական աղօթքներով, շարականի երգեցողութեամբ եւ աստուածաշնչական ընթերցումներով հայրապետին մաղթեցին արեւշատութիւն, առողջութիւն եւ արդիւնաւոր...

Մայքըլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Լիբանանի Մէջ

Մայքըլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Լիբանանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին, ուրբաթ, 28 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ եւ գլխաւոր դերասան Մայքըլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Յանձնախումբի անդամ Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան արտասանեց բացման խօսքը, որուն մէջ նշեց, որ յանձնախումբը, իւրաքանչիւր հայու նման, կը տագնապի հայաշխարհին ապրած  ներկայ ցաւալի  ու սրտաճմլիկ իրադարձութիւններով, որոնք անցնող քանի մը տարիներէն սկսեալ եւ...

Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երեքշաբթի, 2 յուլիս 2024-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստան կատարած իր այցելութենէն ետք, այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանը եւ սփիւռքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող շարք մը խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն:

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Դերասան  Եւ Բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանի

Թատերական Կեանքին Մէջ 40 Տարուան Վաստակ Ունեցող Դերասան Ու Բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանին Նուիրուած Յուշ Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, երկուշաբթի, 24 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած թատերական ասպարէզին մէջ շուրջ 40 տարուան վաստակ ունեցող դերասան ու բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանին: Բացման խօսքը արտասանեց Նանօր Սարգիսեան-Տէր Սարգիսեան, որ ըսաւ, թէ Զոհրապ Եագուպեան երիտասարդ տարիքին` 70-ականներու սկիզբը, յանդգնութիւնը ունեցաւ իր ընկերներուն հետ հրապարակ գալ` նոր ուղիներ կերտելու  կամքով...

Համազգայինի Մ. Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան.   ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Համազգայինի Մ. Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Երեքշաբթի, 18 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու: Բացման խօսքը արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Ինչպէս ամէն սկիզբ վերջ մը ունի, նոյնպէս ալ մեր Կանաչ դասարանի փոքրիկներուն...

Վեհափառ Հայրապետը Կ՛եզրափակէ Մայրավանքի Հոգեւոր Լսարանի Եւ Աստուածաշունչի Սերտողութիւնները

Վեհափառ Հայրապետը Կ՛եզրափակէ Մայրավանքի Հոգեւոր Լսարանի Եւ Աստուածաշունչի Սերտողութիւնները

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը իր բազմաճիւղ գործունէութեան ծիրին մէջ միշտ յատուկ կարեւորութիւն տուած է հոգեւոր լսարաններու: Այս ուղղութեամբ, օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կիլիկեան ուխտի միաբան հայրեր շաբաթական դրութեամբ մայրավանքին մէջ կը կատարեն աստուածաշնչական սերտողութիւններ ու հոգեւոր դասախօսութիւններ: Անցնող ինը ամիսներու ընթացքին, ամէն երեքշաբթի առաւօտ, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր դաստիարակութեան ու քրիստոնէական...

Միջազգային Հաւատարմագրման Հետազօտողները Այցելեցին «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Միջազգային Հաւատարմագրման Հետազօտողները Այցելեցին «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Չորեքշաբթի, 14 յունիս 2024-ին Միջազգային հաւատարմագրման հետազօտողները (Accreditation Surveyors) այցելեցին «Գարակէօզեան» հաստատութիւն` համապարփակ գնահատում իրականացնելու հաստատութեան մատուցած բժշկական եւ մտային առողջապահական խնամքին` իբրեւ Առաջնակարգ առողջապահական կեդրոն: Այցելութիւնը սկսաւ տնօրէնութեան ժողովասրահի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումով` ներկայութեամբ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի եւ հաստատութեան իւրաքանչիւր բաժնի պատասխանատուներուն, որոնք ներկայացուցին հաստատութեան ծաւալած համապատասխան գործունէութիւններն ու ձեռքբերումները: Այս նիստէն ետք հետազօտող քննիչները շրջագայեցան հաստատութեան զանազան...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումներն Ու Դասախօսութիւնը Վատիկանի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումներն Ու Դասախօսութիւնը Վատիկանի Մէջ

Վատիկան կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին, որուն նպատակը Վատիկանի Արեւելեան եւ Գրիգորեան համալսարանին մէջ դասախօսութիւն տալ էր, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի հետեւեալ բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ. Ա) Վատիկանի վարչապետը նկատուող կարտինալ Փարոլինի բացակայութեան, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ Քալաղըրին հետ քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները եւ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի...

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Խաղաղութեան Կայծեր` Վաղուան Արշալոյսին» Խորագրեալ Իր Եօթներորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Խաղաղութեան Կայծեր` Վաղուան Արշալոյսին» Խորագրեալ Իր Եօթներորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 12 յունիս 2024-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 15 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք  բեմ բարձրացան, ապա Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի  քայլերգները ներկայացնելէ ետք անոնք հանդէս եկան «Աշխարհիս խաղաղութիւն եւ մաքրութիւն է պէտք»...

«Թռչնոց Բոյն»-ի Ամավերջի Հանդէսը Եւ Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխումը

«Թռչնոց Բոյն»-ի Ամավերջի Հանդէսը Եւ Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխումը

Կազմակերպութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի վարչութեան եւ մանկապարտէզի ու միջնակարգի ուսուցչական կազմին, ուրբաթ, 14 յունիս 2024-ին տեղի ունեցան «Թռչնոց բոյն»-ի ամավերջի հանդէսը եւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխումը: Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց` թատրոն, երգ, պար, ասմունք եւ տեսահոլովակ, որ կ՛ամփոփէր «Թռչնոց բոյն»-ի առօրեան եւ բոլորած 2023-2024 տարեշրջանը: Յայտագիրը տեղի ունեցաւ երկու փուլով, նախ աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած երգախառն թատրոնի ներկայացում, ապա` գաղութիս սիրուած երգչուհիին` Լոռի Կիւլիւմեանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Փոթորիկի Մէջ Մնացած Լիբանանեան Նաւը Անմիջական Կարիքը Ունի Նաւապետի»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Փոթորիկի Մէջ Մնացած Լիբանանեան Նաւը Անմիջական Կարիքը Ունի Նաւապետի»

Այսպէս արտայայտուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոս 25 յունիս 2024-ին, մարոնի եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքերքէի մէջ կայացած Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերու հաւաքին: Մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին հրաւէրով տեղի ունեցած յիշեալ հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Ռայի պատրիարք, կարտինալ Փարոլին, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Աուտէ արքեպիսկոպոս. իսկ իսլամներուն կողմէ` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Տըրիան, շէյխ Ապի Մունա եւ շէյխ Ալի Քատուր: Բոլորը...

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 25 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00­ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2023­2014 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը, ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին գեղարուեստի բոլոր դպրոցները: Հանդէսին զուգահեռ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչը

Երկուշաբթի, 24 յունիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի ու Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի ներքին կացութեան եւ վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներուն:

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Դերասան  Եւ Բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանի

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Դերասան Եւ Բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանի

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 24 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած թատերական ասպարէզին մէջ շուրջ 40 տարուան վաստակ ունեցող դերասան ու բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանին: Բացման խօսքը արտասանեց Նանոր Սարգիսեան-Տէր Սարգիսեան: Այս առիթով խօսք առին լիբանանահայ դերասան եւ բեմադրիչ  Յարութիւն Գնդունին եւ Զ. Եագուպեանի գործակից ու բարեկամ Թորգոմ Ջանան: Ձեռնարկին...

Դպրեվանքի 2023-2024 Տարեշրջանի Փակումը Կատարուեցաւ Անթիլիասի Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին Մէջ

Դպրեվանքի 2023-2024 Տարեշրջանի Փակումը Կատարուեցաւ Անթիլիասի Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին Մէջ

Այնպէս, ինչպէս դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանը կը բացուի Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին, նոյնպէս ալ կը փակուի Թարգմանչաց վարդապետներէն Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի տօնին: Առ այդ, վերջինիս զուգադիպող կիրակիին, 23 յունիս 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ձեռամբ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանին: Պատարագի մատուցումէն ետք վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ.  Թղթակցութիւն Պատրաստելու Ձեւերն Ու Թղթակիցին Պարտաւորութիւնները

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Թղթակցութիւն Պատրաստելու Ձեւերն Ու Թղթակիցին Պարտաւորութիւնները

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները ուրբաթ, 21 յունիս 2024-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանի հետ, որ ծանօթացուց ընդհանրապէս թղթակցութիւնը, անոր կարեւորութիւնն ու իւրայատկութիւնը լրագրական բնագաւառին մէջ` շեշտը դնելով թղթակցութեան պատրաստութեան փուլերուն վրայ: Իր նախաբանին մէջ` մեկնելով իր անձնական փորձառութենէն, ան անդրադարձաւ...

Մանկապարտէզի Վկայականց Բաշխում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Մանկապարտէզի Վկայականց Բաշխում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Հինգշաբթի, 6 յունիս 2024-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ խանդավառ մթնոլորտով տեղի ունեցաւ վարժարանի 2023-2024 տարեշրջանի  «Ես մի ծիլն եմ քո արտի» խորագիրը կրող հանդէսը: Ներկայ էին` վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, խնամակալութեան անդամներ, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան եւ վարչութեան անդամներ, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, ԼՕԽ-ի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու թաղականութիւններու եւ տիկնանց...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  «Սիրան Մանուկեան« Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. «Սիրան Մանուկեան« Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ազգ.  Ե. Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 12 յունիսին, վարժարանին շրջափակին մէջ: Հանդէսին ներկայ էին, Ազգային վարչութեան եւ ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, վարժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հարազատներ: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հանդէսին բացման խօսքը կատարեցին Ծաղիկ դասարանէն քանի մը աշակերտներ, որոնք հայերէնով, անգլերէնով եւ արաբերէնով ներկաներուն ներկայացուցին իրենց հանդէսին...

Page 60 of 364 1 … 59 60 61 … 364

Արխիւներ