Երեքշաբթի, 2 յուլիս 2024-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստան կատարած իր այցելութենէն ետք, այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանը եւ սփիւռքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող շարք մը խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն: