Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 25 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 20232014 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը, ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին գեղարուեստի բոլոր դպրոցները:
Հանդէսին զուգահեռ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ցուցահանդէսը:
Աւարտին վկայականներ ստացան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 8 եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցներու երկու աշակերտներ:
2023-2024 տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու շրջանաւարտները անուանուեցան «Սուրէն Սարգիսեան եւ Անդրանիկ Մսըրլեան սերունդ»:
Հանդիսութեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Քամիլա Երկանեան-Քէշիշեան նշանակուեցաւ գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն:
Հանդէսին մանրամասնութիւնները կը ներկայացնենք հետագային:


