Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրապետական Մաղթանք Անթիլիասի Մէջ` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 29-Ամեակին Առիթով

July 5, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 30 յունիս 2024-ին, կաթողիկոսանիստ մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք (գոհաբանական աղօթք)` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռի արժանընտիր գահակալին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29-րդ տարեդարձին առիթով:

Միաբան հայրեր ս. խորան բարձրացան եւ գոհաբանական աղօթքներով, շարականի երգեցողութեամբ եւ աստուածաշնչական ընթերցումներով հայրապետին մաղթեցին արեւշատութիւն, առողջութիւն եւ արդիւնաւոր ծառայութիւն: Անոնք Տիրոջմէ խնդրեցին, որ կաթողիկոսին պարուրէ Իր քաղցր զօրութեամբ, որպէսզի ան անսայթաք կեանքով եւ առաքինի առաջնորդութեամբ Տիրոջ կամքը կատարէ` ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ ի պատիւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին անսասանութեան: Այս առիթով հաւատացեալ ժողովուրդ եւ հոգեւորականաց դաս միաբերան աղերսեցին Տիրոջ, որ Իր շնորհքներով զարդարէ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտը:

Յաւուր պատշաճի քարոզախօսութիւնը կատարեց պատարագիչ Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեան, որ անդրադարձաւ օրուան աւետարանական հատուածէն` 5000-ի կերակրումի հրաշքէն բխած երեք պատգամներու` գերադասել հոգեւոր սնունդը մարմնաւոր սնունդէն, անվարանօրէն ապաւինիլ Աստուծոյ եւ ամբողջութեամբ պահել ու պահպանել Աստուծոյ տուածը: Յղելէ ետք օրուան հոգեւոր պատգամը, հայր սուրբը ապա անդրադարձաւ կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 29-րդ տարեդարձին. «Այսօր յատուկ նշանակութիւն ունեցող կիրակի է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ համար: 29 տարիներ շարունակ մեր Ս. Աթոռը ունեցաւ տքնաջան ու ժրաջան հայրապետ, որ իր աշխատասիրութեամբ ու յանձնառութեամբ այլափոխեց կաթողիկոսարանին ու թեմերուն կեանքը: Անցնող 29 տարիները եղան լեցուն տպագրական, կրօնագիտական, եկեղեցագիտական, մշակութային ու պահանջատիրական ծրագիրներով ու իրագործումներով»: Ընդգծելէ ու լուսարձակի տակ առնելէ ետք Արամ Ա. կաթողիկոսին ծառայական գործունէութիւնը, յանուն Կիլիկեան ուխտի միաբանութեան, թեմերուն եւ ժողովրդեան` շնորհաւորեց վեհափառին գահակալութեան 29-րդ տարեդարձը` մաղթելով երկար ու բեղուն գահակալութիւն, արեւշատ օրեր եւ եկեղեցանուէր ու ազգանուէր նորանոր յաջողութիւններով լեցուն ծառայական առաքելութիւն:

Հայր սուրբը իր քարոզը եզրափակեց հայրապետական մաղթերգին բառերով. «Պահեա՛, ո՜վ Տէր, անսասան մեր Սուրբ Աթոռ Կիլիկեան. կեցցէ՛, կեցցէ՛ առ յաւէտ` Տէր Տէր Արամ հայրապետ»:

Նախորդը

Անահիտ Չարենցի Հետ

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի Վեցերորդ Թիւը

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.