Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 24 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած թատերական ասպարէզին մէջ շուրջ 40 տարուան վաստակ ունեցող դերասան ու բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանին:
Բացման խօսքը արտասանեց Նանոր Սարգիսեան-Տէր Սարգիսեան: Այս առիթով խօսք առին լիբանանահայ դերասան եւ բեմադրիչ Յարութիւն Գնդունին եւ Զ. Եագուպեանի գործակից ու բարեկամ Թորգոմ Ջանան:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Զոհրապ Եագուպեանի մասին տեսերիզ եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Յուշ-երեկոյին մանրամասնութեամբ կ՛անդրադառնանք հետագային:


