Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեհափառ Հայրապետը Կ՛եզրափակէ Մայրավանքի Հոգեւոր Լսարանի Եւ Աստուածաշունչի Սերտողութիւնները

Յուլիս 2, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը իր բազմաճիւղ գործունէութեան ծիրին մէջ միշտ յատուկ կարեւորութիւն տուած է հոգեւոր լսարաններու: Այս ուղղութեամբ, օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կիլիկեան ուխտի միաբան հայրեր շաբաթական դրութեամբ մայրավանքին մէջ կը կատարեն աստուածաշնչական սերտողութիւններ ու հոգեւոր դասախօսութիւններ:

Անցնող ինը ամիսներու ընթացքին, ամէն երեքշաբթի առաւօտ, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր դաստիարակութեան ու քրիստոնէական կազմաւորման հաւաքներ: Կատարուեցան սաղմոսի ընթերցումներ, արտասանուեցան աղօթքներ, տեղի ունեցան շարականի ուսուցումներ, ինչպէս նաեւ` հոգեւոր խորհրդածութիւններ:

Առ այդ, երեքշաբթի,18 յունիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին մայր տաճարին մէջ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնած հոգեւոր լսարանի եւ Աստուածաշունչի սերտողութիւնները իրենց աւարտին հասան: Վերոյիշեալ եզրափակիչ սերտողութեան հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ վեհափառ հայրապետը եւ իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն:

Աւանդութիւն դարձած յիշեալ հանդիպումը ընթացք առաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք լսարանի մասնակիցները երգեցին հոգեւոր երգեր:

Իր պատգամի սկզբնաւորութեան Արամ Ա. կաթողիկոս մեծ ուրախութեամբ ողջունեց մասնակիցները, որոնք անցնող ամիսներու ընթացքին մնայուն կերպով ներկայ գտնուեցան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած դասախօսական շարքերուն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններուն: Այս առումով, հայրապետը անդրադարձաւ Աստուածաշունչի կարեւորութեան եւ շեշտեց անոր պատգամները մեր կեանքին մէջ ապրելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կարեւորեց մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդութիւնները պահելու, պահպանելու եւ նոր սերունդին փոխանցելու յոյժ կարեւորութիւնը: «Մեր հաւաքական թէ անհատական կեանքին մէջ պէտք է ապրինք ու արժեւորենք մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները. այդ արժէքներով պէտք է դաստիարակենք մեր զաւակները եւ սորվեցնենք զանոնք ամրօրէն պահելու անհրաժեշտութիւնը»,  իր պատգամը եզրափակեց կաթողիկոսը:

Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ վեհափառին կողմէ արտասանուած «Պահպանիչ» աղօթքով, աջահամբոյրով եւ յիշատակի խմբանկարով:

 

Նախորդը

Ապահովե՛նք Պատանիներուն Իրաւունքները

Յաջորդը

Սրբազան Պայքարին Ներքին Տրամաբանութիւնը

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?