Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի 2023-2024 Տարեշրջանի Փակումը Կատարուեցաւ Անթիլիասի Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին Մէջ

Յունիս 25, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այնպէս, ինչպէս դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանը կը բացուի Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին, նոյնպէս ալ կը փակուի Թարգմանչաց վարդապետներէն Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի տօնին: Առ այդ, վերջինիս զուգադիպող կիրակիին, 23 յունիս 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ձեռամբ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանին: Պատարագի մատուցումէն ետք վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը:

Իր յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ պատարագիչ հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ Ս. Աստուածածնի տփոյ գտման տօնին առիթով Աւետարանը կը յիշեցնէ մեր Տիրոջ` Քրիստոսի պատմած առակներէն որոմի առակը, որ ո՛չ միայն Տիրոջ` Իր բոլոր զաւակներուն հանդէպ ունեցած սիրոյն եւ համբերութեան մասին կը խօսի, այլ նաեւ հրաւէր մըն է բոլորիս` ջանալու նմանիլ Անոր օրինակին, ընդգծելով, որ ի տարբերութիւն արտի որոմին, որ բնաւ սերմ չի կրնար դառնալ, Աստուած համբերութեամբ առիթ կու տայ Իր «որոմ» զաւակներուն, որպէսզի հասկ դառնան: Հայր սուրբը նշեց, որ դպրեվանքը եւս, հետեւելով աւետարանական օրինակին, արտը կը մշակէ ու սերմը կը ցանէ պատրաստելու համար ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայասէր ղեկավարներ, որոնց պէտք ունինք այսօր աւելի քան երբեք: Քարոզի աւարտին ան կոչ ուղղեց ընտանիքներուն` իրենց զաւակները վստահելու դպրեվանքին:

Պատարագի աւարտին, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարան, ուր գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով դպրեվանքի 2023-2024 կրթական-ուսումնական տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանի սարկաւագներէն Երուանդ սրկ. Եղիայեան, որ յարգանք ու երախտագիտութիւն յայտնեց դպրեվանք կրթօճախին տարած առաքելութեան: Ընդգծելով անոր յատկութիւնները` Երուանդ սարկաւագ շնորհակալական խօսք արտասանեց` անցեալի եւ ներկայի տեսուչներուն, տեսչական անդամներուն, ուսուցիչներուն, տիկնանց խորհուրդին եւ ծնողներուն` վեր առնելով իւրաքանչիւրին ներդրումը դպրեվանքի գործունէութեան մէջ: Իր խօսքի աւարտին որդիական խորին երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որուն հայրական անսպառ հոգատարութիւնը, յորդորներն ու մշտական ներկայութիւնը դպրեվանեցիին կեանքին մէջ առաւել եւս կ՛իմաստաւորեն դպրեվանքին առաքելութիւնը:

Դպրեվանքի սաներէն Գարլօ Մարտիրոսեան երգեց «Ծիրանի ծառ»-ը, Յովիկ Խաչերեան ասմունքեց Պետրոս արք. Դուրեանի «Կը սիրե՞ս զիս» քերթուածը, իսկ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը հրամցուց «Մի գեղեցիկ» եւ «Մենք սաներն ենք» երգերը:

Ապա տեսչական իր խօսքը ուղղեց Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Ան իր արտասանած տեսչական խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ դպրեվանքը դադար չունեցող առաքելութեան լուսատու կայան մըն է, որ կը պատրաստէ ազգին ու եկեղեցւոյ նուիրուած սպասաւորներ: Ան շարունակեց` անդրադառնալով դպրեվանքի առաքելութեան յոյժ կարեւորութեան, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն մէջ. «երբ այսօրուան աշխարհը պատերազմ կը մղէ հոգեւոր, ազգային եւ բարոյական արժէքներուն դէմ, դպրեվանքը լծուած է իւրաքանչիւր աշակերտի մէջ գիտակցական տաճար մը կերտելու գործին, որուն ընդմէջէն դպրեվանեցին կը սորվի մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքներն ու սրբութիւնները անբիծ պահել եւ պատասխանատու նուիրումով զանոնք տարածել մեր ազգի հաւաքական կեանքին մէջ»: Հայր սուրբը աւելցուց, որ հոգեւոր կեդրոն մը ըլլալու կողքին, դպրեվանքի սաները բացակայ չեն գաղութային եւ տեղական կրթական եւ մշակութային զանազան ծրագիրներէ: Վերջապէս, ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց դպրեվանքի մեծ ընտանիքին` գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալին, եւ խոստացաւ հաւատարիմ մնալ դպրեվանքի առաքելութեան սրբազան աշխատանքին:

Հանդիսութեան աւարտին իր հայրապետական պատգամը յղեց վեհափառ հայրապետը: Ան յայտնեց, որ օրուան պատգամը վկայութիւն մըն է դպրեվանքին մասին, ուստի պատգամախօսը դպրեվանքը ի՛նքն է` իր գործով եւ առաքելութեամբ: Կաթողիկոսը ըսաւ, որ այս առաքելութեան բարձրագոյն նուիրումով իրագործուելուն մղիչ ուժը հաւատքն ու մարդակերտումի յանձնառութիւնն են եւ շարունակեց` կեդրոնանալով մարդակերտումին վրայ: Նկատի ունենալով, որ հայրապետը 2024-ը հռչակած է մարդուժի պատրաստութեան տարի, ան ընդգծեց մարդուժի պատրաստութեան յոյժ եւ անմիջական կարեւորութիւնը` մարդ բառին բուն իմաստով: Արարելէ ետք երկրագունդը, Աստուած երկրագունդի ստեղծագործութեան որպէս շարունակող ուժ ստեղծեց մարդը` զայն դարձնելով իր գործակիցն ու Քրիստոսի դեսպանը, որպէսզի Աստուծոյ հաւատարմութեամբ ու համարատուութեամբ շարունակէ ծաղկեցնել կեանքը. «Այսօր Մա՛րդ կը փնտռենք` Պուրճ Համուտէն մինչեւ Հալէպ, Աթէնքէն մինչեւ Ապու Տապի, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս, Փարիզ, Լոնտոն, Մոնրէալ, Արժանթին, Թեհրան եւ մինչեւ Երեւան… Մա՛րդ կը փնտռենք… ո՛չ սովորական մարդ, այլ` գիտակից, նուիրեալ ու հաւատարիմ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն. Մարդ, որ մեր կեանքին մէջ որոմ չէ, այլ հասկ է, որ կ՛աճի եւ պտուղ կու տայ», ընդգծեց հայրապետը: Ան իր խօսքը շարունակեց` խօսելով ազգային բոլոր բնագաւառներուն մէջ գլխագիր Մարդու պահանջին մասին` հրաւիրելով բոլորը ըլլալու իրատես, իրականութեան հետ ճիշդ կերպով առերեսուելու եւ պատրաստ` համապատասխան մօտեցում ճշդելու:

Խօսքը ուղղելով դպրեվանքի սաներուն` վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս յիշեցուց, որ անոնք սովորական կրթական օճախի աշակերտները չեն, եւ հրաւիրեց զանոնք` վերանորոգելու իրենց գիտակցութիւնը, թէ` անոնք կը ծառայեն իրենցմէ վեհ ու վսեմ իտէալներու ու արժէքներու: Վերջապէս, հայրապետը գնահատեց` տեսուչ հայր սուրբը, տեսչական եւ ուսուցչաց կազմերը, դպրեվանքի բարերարներն ու բարեկամները: Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, որ հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն` այս տարեշրջանին եւս կարողացանք յաջողութեամբ բոլորել դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանը:

Աւարտին հնչեց դպրեվանքի քայլերգ «Սիրտ ի սիրտ»-ը, որմէ ետք վեհափառը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց դպրեվանքն ու ներկաները: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգի եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգի միաբերան երգեցողութեամբ:

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Անօդաչու Սարքերը Փոխեցին Ժամանակակից Պատերազմի Օրէնքները

Յաջորդը

Փարիզ 2024. Թրոքատերօ Կամուրջին Մօտ Ողիմպիական Խաղերու Ամէնէն Հետաքրքրական Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?