Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը դատապարտէ այն անարգ ոտնձգութիւնը, որուն ենթարկուեցան հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբը` օրինազանց խմբակի մը կողմէ, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներէն կը պահանջէ հետապնդել օրինազանց տարրերը եւ հաշուետուութեան կանչել զանոնք` խուսափելու համար ապագային նմանօրինակ միջադէպերու կրկնութենէն: Պուրճ Համուտը այն շրջաններէն է, որ պահած...

Հաղորդագրութիւն.  Սկսաւ Համազգայինի Ուսանողական Մշակութային Հաւաքը

Հաղորդագրութիւն. Սկսաւ Համազգայինի Ուսանողական Մշակութային Հաւաքը

13 յուլիս 2024-ին ընթացք առաւ Համազգայինի ուսանողական մշակութային հաւաքը (ֆորում), Երեւանի մէջ: 13-24 յուլիս 2024-ին տեղի ունեցող ֆորումին պիտի մասնակցին զանազան երկիրներէ (Լիբանան, Սուրիա, Ֆրանսա, Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա եւ այլ) 20 ուսանող-երիտասարդներ, որոնք այդ ընթացքին պիտի ծանօթանան Հայաստանի պատմամշակութային արժէքներուն եւ կապ հաստատեն իրենց տարեկից հայ երիտասարդներու հետ: Ֆորում 2024-ի 20 ուսանող-երիտասարդներէն ոմանք ներկայ պիտի ըլլան իբրեւ մրցանակակիրներ: Տարիներու...

Կաթողիկոսարանի Տպարանի Հրատարակութիւններ

Կաթողիկոսարանի Տպարանի Հրատարակութիւններ

 «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք» Հրամանաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»-ի ԺԳ. տարուան թիւը` ձօնուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին: Հատորին խմբագիրն է «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան արք. Սարգիսեան: Հրատարակութիւնը իրականացաւ մեկենասութեամբ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ իր ընտանիքին` ի յիշատակ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` Շնորհալի...

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հարիւրամեակի Յոբելենական Պաշտամունք

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հարիւրամեակի Յոբելենական Պաշտամունք

Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ վերջնական պարպումէն ետք մեծ թիւով հայ վերապրողներ, հասնելով Միջին Արեւելքի երկիրներ, յատկապէս` Սուրիա եւ Լիբանան, վերակազմեցին իրենց հաւաքական կեանքը: Շատ չանցած` հայութեան այս բեկորները սկսան եկեղեցի եւ դպրոց կառուցել: ՄԱՀԱԵՄ-ի ստեղծուելէն առաջ իսկ հայ աւետարանական դպրոցներ եւ եկեղեցիներ ձեւ առին եւ համախմբեցին տարագիր հայութիւնը` նոր եւ յուսալից ապագայ մը կերտելու համար: ՄԱՀԱԵՄ-ն կազմակերպուեցաւ Հալէպի մէջ, 1924-ին,...

Երիտասարդ Քառեակ` ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» Մշակութային Միութեան Բեմին Վրայ

Երիտասարդ Քառեակ` ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» Մշակութային Միութեան Բեմին Վրայ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութիւնը 26 յունիս 2024-ին հրամցուց լարային քառեակի ելոյթ` բեմ բարձրացնելով տաղանդաւոր երիտասարդներ Ալեք եւ Առնօ Տօնէրեաններն ու Սագօ եւ Շահէ Աւագեանները: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ մատուցուած համերգին կազմակերպիչ վարչութեան անդամ, գեղանկարչուհի Մարալ Մանիս անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով ողջունեց ներկաները եւ ընդգծեց, որ առանց արուեստի, երգի ու երաժշտութեան` կեանքը պիտի ըլլար սեւ ու...

Իսկէնտէրեանի Եւ Կիրակոսեանի Գեղանկարները` Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Յարկին Տակ

Իսկէնտէրեանի Եւ Կիրակոսեանի Գեղանկարները` Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Յարկին Տակ

20 յունիս 2024-ին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լիզա Ճոնսըն Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ բացումը կատարեց «Յոյսի թելեր» ցուցահանդէսին: Դեսպանը նախապէս անձամբ այցելած էր Պէյրութի հանրայայտ ցուցասրահներ, ինչպէս` «Արթ սին», «Սալըհ Պարաքաթ», «Մարք Հեշըմ» ցուցասրահներ եւ ընտրած` լիբանանցի 16 արուեստագէտներու 68 գործեր: Ընտրուած 16 արուեստագէտներու խումբին մաս կազմեցին երկու լիբանանահայեր` ճարտարագէտ եւ գեղանկարիչ Քրիստ Իսկէնտէրեան, որուն գործերէն դեսպանը զատած...

«Ազդակ»-ի 69-րդ Առցանց Լսարան.  «Երկլեզու Դրութիւնը Հիմնովին Կը Նպաստէ Ճանաչողական Հմտութեան Զարգացման». Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան

«Ազդակ»-ի 69-րդ Առցանց Լսարան. «Երկլեզու Դրութիւնը Հիմնովին Կը Նպաստէ Ճանաչողական Հմտութեան Զարգացման». Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան

«Ազդակ»-ի 69-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 յուլիս 2024-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով 18:00-ին: Դասախօսն էր ընկերալեզուաբան դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որ խօսեցաւ «Արեւմտահայերէնի կենսունակացում. խնդիրներ, առաջարկներ եւ հեռանկարներ» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան նիւթը ներկայացուց` խօսելով ընկերալեզուաբանական գործօններուն, նիւթին առնչուած հետազօտութեան կորիզին ու անհետացող, վտանգուած եւ ապահով լեզուներու միջազգային դասակարգումներուն մասին: Այնուհետեւ...

ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Տիրոջ

ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Տիրոջ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեցին կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարք-կաթողիկոսին։ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին հայրենական վերջին իրադարձութիւններուն, Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի իրավիճակին, Արցախի ռազմաքաղաքական գերիներու ազատ արձակման հնարաւորութիւններուն եւ երկու կողմերու համահայկական նախաձեռնութիւններուն մասին։ Հանդիպումը առիթ եղաւ  զրուցելու նաեւ Լիբանանի ապահովական, տնտեսական եւ քաղաքական կացութիւններուն...

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի Ամավերջի Իւրայատուկ Եւ Խորհրդաւոր Հանդէսը

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի Ամավերջի Իւրայատուկ Եւ Խորհրդաւոր Հանդէսը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարիի, չորեքշաբթի, 3 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի ամավերջի հանդէսը, որուն ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեան, Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարի...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Օրպանի Շուշի Այցելութեան Եւ Կատարած Յայտարարութեան Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Ու Անոր Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Օրպանի Շուշի Այցելութեան Եւ Կատարած Յայտարարութեան Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Ու Անոր Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովին մասնակցութեան ու արտասանած խօսքին վերաբերեալ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ու միութեան անդամ 15 երկիրներու` Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Շուէտի, Չեխիոյ, Պելճիքայի, Դանիոյ, Նետերլանտներու, Աւստրիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Իտալիոյ, Պուլկարիոյ, Լեհաստանի եւ Մալթայի դեսպաններուն: Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Օրպանի բռնագրաւուած...

«Ընկերային Ցանցերը Եւ Դաշնակցական Պատանիները» Նիւթով Միօրեայ Սեմինար

«Ընկերային Ցանցերը Եւ Դաշնակցական Պատանիները» Նիւթով Միօրեայ Սեմինար

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, կիրակի, 30 յունիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատանիներու միօրեայ սեմինար մը, որուն նիւթն էր` «Ընկերային ցանցերը եւ դաշնակցական պատանիները»: Հաւաքին բացումը կատարեց ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի անդամ Շաղիկ Յարութիւնեան, որ նշեց, թէ նշեալ սեմինարին նպատակն է ծանօթանալ ընկերային ցանցերու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ` դրական եւ ժխտական...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «ՀՅ Դաշնակցութեան Ծածկանուններու Բառարան»  Եւ «Ազգային Հերոս Անդրանիկի Անտիպ Նամակները»  Հատորներու Շնորհահանդէս

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «ՀՅ Դաշնակցութեան Ծածկանուններու Բառարան» Եւ «Ազգային Հերոս Անդրանիկի Անտիպ Նամակները» Հատորներու Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 8 յուլիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «ՀՅ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան» եւ «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» հատորներուն շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճ Գրիգորեան: Տիգրան Ճինպաշեան ներկայացուց զոյգ հատորները:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Իրանի  Նորընտիր Նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Իրանի Նորընտիր Նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանը

Երկուշաբթի, 8 յուլիս 2024-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանին ուղղած իր յատուկ նամակով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, թեմերուն եւ յատկապէս Իրանի հայութեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը` իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Իրանի պատմական յարաբերութեան եւ բարի դրացնութեան, յոյս կը...

Պաշտօնական Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ  ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան  50-Ամեակը` «Դէպի Երկրորդ Յիսնամեակ»  Խորագիրով

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-Ամեակի Նշում. 50 Տարուան Հարուստ Եւ Հայավայել Պատմութեամբ` Դէպի Նոր Յիսնամեակ

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը 5 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հանդիսաւոր եւ արժանավայել կերպով նշեց իր 50-ամեակը` «Դէպի երկրորդ յիսնամեակ» խորագիրով: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկը ընթացք առաւ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա խորհրդաւոր կերպով սրահ մուտք գործեցին 31 ԼԵՄ-ականներ` իւրաքանչիւրը իրեն հետ բերելով հայութեան, Հայ դատին եւ հայրենի հողին համար իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը զոհաբերած ԼԵՄ-ականներուն լուսանկարները: Ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը ձեռնարկին լռելեայն, բայց խօսուն ներկայութիւն եղան նահատակ ԼԵՄ-ականներ Գէորգ Թէքէեանը, Կարպիս Պարսումեանը, Եղիկ Գայայեանը, Սարգիս Աբրահամեանը, Վարուժան Թելաքեանը, Անդրանիկ Տումանեանը, Երուանդ...

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2024 Տարուան Նիստ

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2024 Տարուան Նիստ

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 2024 տարուան նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 28 յունիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեան բացուած յայտարարեց ժողովը, որմէ ետք ընթացք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ   Շահէ արք. Փանոսեանի «Հայր մեր» եւ «Զգործս» աղօթքներով: Ապա խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, որ նշեց, թէ հակառակ...

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ-Ա.-  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները  Ճիպէյլի Մէջ

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ-Ա.- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Ճիպէյլի Մէջ

Լիբանանի հեռակայ հայաշատ շրջաններու հայութեան առողջապահական կարիքները գոհացնելու համար, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, ձեռնարկած է անվճար ծառայութիւններու արշաւի մը, որուն առաջին հանգրուանը եղաւ Ճիպէյլ: Ուրբաթ,  28 յունիս 2024-ին, կեդրոնի բժշկական պատուիրակութիւն մը այցելեց Ճիպէյլ եւ տեղւոյն Հայ կեդրոնին մէջ կատարեց բժշկական անվճար քննութիւններ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00: Առողջապահական օրը  վայելեց ԼՕԽ-ի...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2024-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայրենիքին ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող խնդիրներուն եւ տարածաշրջանը դիմագրաւող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն։

Պաշտօնական Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ  ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան  50-Ամեակը` «Դէպի Երկրորդ Յիսնամեակ»  Խորագիրով

Պաշտօնական Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան 50-Ամեակը` «Դէպի Երկրորդ Յիսնամեակ» Խորագիրով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 5 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կէս դարու ամեակը` «Դէպի երկրորդ յիսնամեակ» խորագիրով: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Վարանդ Կիրակոսեան, իսկ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Գէորգ Եագուպեան: Այս առիթով խօսք առին եւ ԼԵՄ-ի դերակատարութեան ու կարեւորութեան անդրադարձան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական...

Կոչ

37 ԼԵՄ-ականներ Տուին Դաշնակցականի Իրենց Երդումը Եւ Կոչուեցան «Արամ Մանուկեան» Սերունդ

Երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ 37 ԼԵՄ-ականներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին: Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ դաշնակցական մարդու պարտաւորութիւններուն մասին` շեշտելով, որ այս կուսակցութեան կառոյցը անհատներէ վեր է, անոր գաղափարականութիւնը խստօրէն սկզբունքային է եւ ծրագրային առաջադրանքները համազգային տեսլականներ են: Ընդունելով նորագիրներուն երդումը Տէր Խաչատուրեան...

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս

2023-24 տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու շրջանաւարտները անուանուեցան «Սուրէն Սարգիսեան» եւ «Անդրանիկ Մսըրլեան» սերունդ: - Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան նշանակուեցաւ գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար դատախազ Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 25 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2023-2024 տարեշրջանի աւարտական...

Page 59 of 364 1 … 58 59 60 … 364

Արխիւներ