Չորեքշաբթի, 14 յունիս 2024-ին Միջազգային հաւատարմագրման հետազօտողները (Accreditation Surveyors) այցելեցին «Գարակէօզեան» հաստատութիւն` համապարփակ գնահատում իրականացնելու հաստատութեան մատուցած բժշկական եւ մտային առողջապահական խնամքին` իբրեւ Առաջնակարգ առողջապահական կեդրոն: Այցելութիւնը սկսաւ տնօրէնութեան ժողովասրահի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումով` ներկայութեամբ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի եւ հաստատութեան իւրաքանչիւր բաժնի պատասխանատուներուն, որոնք ներկայացուցին հաստատութեան ծաւալած համապատասխան գործունէութիւններն ու ձեռքբերումները: Այս նիստէն ետք հետազօտող քննիչները շրջագայեցան հաստատութեան զանազան բաժանմունքներուն մէջ եւ կատարեցին մանրակրկիտ քննութիւն:
Օրուան աւարտին ներկայացուցին առաջին տպաւորութիւնը. անոնց մանրամասն գնահատումը կը ներառէր հաստատութեան գործունէութեան բոլոր մարզերը` սկսած հիւանդի խնամքէն մինչեւ վարչական արդիւնաւէտութիւն: Հետազօտող քննիչները շատ տպաւորուած էին «Գարակէօզեան» հաստատութեան խումբի նուիրուածութեամբ եւ պահպանուած բարձր չափանիշներով: Անոնք նշեցին, որ կեդրոնը ինքզինք գերազանցած է բացառիկ առողջապահական ծառայութիւններ մատուցելով, նաեւ` հիւանդներու անվտանգութեան ապահովման ե՛ւ աջակցող ե՛ւ արդիւնաւէտ աշխատանքային միջավայրի ստեղծման առումով: «Գարակէօզեան» հաստատութեան պատասխանատուները նշեցին, որ դրական արձագանգները ոչ միայն կը վերահաստատեն գերազանցութեան հանդէպ յանձնառութիւնը, այլ նաեւ կը մղեն` շարունակելու բարձրորակ խնամք տրամադրել համայնքին: