Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Թղթակցութիւն Պատրաստելու Ձեւերն Ու Թղթակիցին Պարտաւորութիւնները

June 24, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները ուրբաթ, 21 յունիս 2024-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանի հետ, որ ծանօթացուց ընդհանրապէս թղթակցութիւնը, անոր կարեւորութիւնն ու իւրայատկութիւնը լրագրական բնագաւառին մէջ` շեշտը դնելով թղթակցութեան պատրաստութեան փուլերուն վրայ:

Իր նախաբանին մէջ` մեկնելով իր անձնական փորձառութենէն, ան անդրադարձաւ այն փուլերուն, որմէ անցաւ լրագրական ասպարէզը ընդհանրապէս եւ հայկական մամուլը մասնաւորաբար` շեշտը դնելով այն բազում մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք ծագեցան արհեստագիտութեան սրընթաց փոփոխութեամբ, որ դրականի կողքին, նաեւ տպագիր մամուլը նոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման դրաւ:

Ասկէ մեկնած` Ն. Բարսեղեան ներկայացուց ելեկտրոնային մամուլին եւ տպագիր մամուլին հասարակաց գիծերուն ու տարբերութիւններուն, իւրաքանչիւրին առանձնայատկութեան եւ անոնցմէ եղած ակնկալութիւններուն:

Ապա հանդիպումը կեդրոնացաւ թղթակցութիւն պատրաստելու ձեւերուն, տուեալներուն, տեսակներուն, որդեգրուած կանոններուն ու սկզբունքներուն վրայ: Դասախօսը ապագայ լրագրողներուն սորվեցուց թղթակցութիւնը կատարելու հմտութիւնները, շեշտը դրաւ թղթակիցին պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան վրայ`

«Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին հետեւողներուն յանձնելով ամբողջական, յաջող թղթակցութիւն մը պատրաստելու եւ ձեռնարկի մը ընթացքին տիրող մթնոլորտը հարազատութեամբ փոխանցելու բոլոր բանալիները:

Դասախօսը օրինակներով աւելի ընկալելի դարձուց իր ներկայացուցած տեսութիւնները,  նաեւ գործնական աշխատանքով մղեց մասնակիցները իրենց տրամադրութեան տակ դրուած թղթակցութիւն պատրաստելու կաղապարին հետեւելով տարբեր ձեռնարկներու ծանուցումներուն վրայ հիմնուած կարճ թղթակցութիւն պատրաստելու:

Հանդիպումին աւարտին Ն. Բարսեղեան անդրադարձաւ նաեւ յօդուածագրութեան որոշ ժանրերուն` քաջալերելով ապագայ լրագրողները, որ քաջաբար յայտնեն իրենց կեցուածքն ու տեսակէտները, անվախ ըլլան հայերէնով արտայայտելու իրենց միտքերը`  ընդգծելով, որ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը միշտ ալ իր նեցուկը պիտի տրամադրէ անոնց` ուղղելու, սրբագրելու եւ անոնց գրելու հմտութիւնները կատարելագործելու:

Նախորդը

Նեթանիահու. «Պաղեստինեան Ահաբեկչական Պետութեան, Պատերազմի Դադրեցման Եւ Համասի Գոյատեւման Դէմ Եմ»

Յաջորդը

Մքերի. «Եւրոպական Եւ Արեւմտեան Երկիրներու Իրենց Դեսպանները Լիբանանէն Տուն Կանչելու Սուտ Լուրերու Աղբիւրը Իսրայէլեան Է»

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.