Գաղութային

«Ֆայհա Կ՛երգէ Հայերէն» Խորագիրով Համերգ Այնճարի Մէջ

«Ֆայհա Կ՛երգէ Հայերէն» Խորագիրով Համերգ Այնճարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ   «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 16 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆայհա» երգչախումբին համերգը` «Ֆայհա կ՛երգէ հայերէն» խորագիրով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սարգիս Տօնիկեան, որ Համազգայինի վարչութեան անունով ողջունեց ներկաները` բարձր գնահատելով «Ֆայհա» երգչախումբին աշխատանքը եւ յատկապէս անոր խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանը: Պարգեւ Թասլաքեանի խմբավարութիւնը վայելող  Լիբանանի հռչակաւոր...

«Ազդակ»-Ի 68-րդ Լսարան. Գիտական Հարցախոյզերու Արդիւնքները Կրնան Ուղենիշ Դառնալ Սփիւռքեան Տարբեր Կառոյցներու Եւ Հարթակներու Ծրագրաւորումներուն

«Ազդակ»-Ի 68-րդ Լսարան. Գիտական Հարցախոյզերու Արդիւնքները Կրնան Ուղենիշ Դառնալ Սփիւռքեան Տարբեր Կառոյցներու Եւ Հարթակներու Ծրագրաւորումներուն

«Ազդակ»-ի 68-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 20 յունիս 2024-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին։ Դասախօսն էր սփիւռքագէտ, հասարակաբան, «Օքսֆորտ» համալսարանի դասախօս դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան։ Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։ Լսարանը գրանցեց 46 մասնակից։ Դասախօսութեան նիւթն էր՝ «21-րդ դարու սփիւռքահայը եւ սփիւռքի կառոյցները»։ Դոկտ․ Չիլինկիրեան դասախօսութիւնը բաժնեց 4 մասի։ Տարածք-աշխարհագրութիւն, սփիւռքի յղացք, դասական սփիւռքի կառոյցներ, սփիւռքահայերու տեսակէտներ։ Դասախօսութիւնը յագեցած էր մասնագիտական հարցախոյզերու ձեռք ձգած համեմատական...

Հայկազեան Համալսարանի  64-րդ Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Հայկազեան Համալսարանի 64-րդ Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Ամէն կրթական տարեշրջանի աւարտ խորքին մէջ կը պարփակէ նաեւ նոր յոյսի ու լոյսի խորհուրդ, ապագայակերտ ճանապարհի վերահաստատում, այլապէս ալ` կեանքը իմաստաւորելու համոզում եւ յանձնառութիւն: Ա՛լ ինչ խօսք, երբ վերոնշեալ մտածումը կ՛առնչուի ակադեմական մակարդակի հաստատութեան մը, որ 69 տարիներէ ի վեր կոչուած է ծառայելու հայութեան ու ամբողջ մարդկութեան՜ բարձրագոյն ուսում ջամբելով իրերայաջորդ սերունդներու: Ամբողջ սփիւռքի տարածքին, ըլլալով եզակի հայկական կաճառ, Հայկազեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հինգշաբթի, 20 յունիս 2024-ին, այցելեց Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարան, ուր տեսակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի հետ: Քննարկումի նիւթ դարձան լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերը: Երկրի տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի դժուարութիւնները անդրադարձ կ՛ունենան մեր հաւաքականութեան վրայ, հաստատեցին ներկաները, կեդրոնանալով ազգային իշխանութիւններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ: Յատուկ կարեւորութեամբ արծարծուեցան ժողովուրդ-եկեղեցի յարաբերութիւնը, մեր ազգային արժէքներն ու աւանդութիւնները...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ.  Ընկերային Ցանցեր, Լրագրութիւն Եւ Կեղծ Լուրեր

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Ընկերային Ցանցեր, Լրագրութիւն Եւ Կեղծ Լուրեր

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները ուրբաթ, 14 յունիս 2024-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին Հրակ Աւետանեան ներկայացուց հետաքրքրական զեկուցում մը` «Ընկերային ցանցեր, լրագրութիւն եւ կեղծ լուրեր» խորագիրով: Հ. Աւետանեան նախ ներկայացուց համացանց, բջիջային հեռաձայն եւ ընկերային ցանցեր գործածողներու թիւերը` ցոյց տալով անոնց աճը տարիներու ընթացքին:...

Կազմակերպութեամբ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան.  Համահայրենակցական Միութիւններու Խորհրդակցական Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան. Համահայրենակցական Միութիւններու Խորհրդակցական Հանդիպում

Երկուշաբթի, 17 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ, միութեան կողմէ կազմակերպուած եւ հրաւիրուած էին համահայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները` խորհրդակցական հանդիպումի մը: Մարաշի հայրենակցական միութեան կողմէ կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնը կը միտէր վերաշխուժացնել հայրենակցական միութիւններու դերը եւ անոնց հայապահպանման աշխատանքին սատար հանդիսանալ: Սոյն հանդիպումին ներկայ էին Այնթապի, Ամանոսի, Տէօրթեօլ-Չորք Մարզպանի, Տիգրանակերտի, Սիսի, Հաճնոյ, Կեսարիոյ, Պաղջէի, Լափաճի, Սասնոյ, Մարաշի,...

Եպիսկոպոսական Օծում` Բարսեղ Մանուէլ Ծ. Վ. Պաղտասարեանի

Եպիսկոպոսական Օծում` Բարսեղ Մանուէլ Ծ. Վ. Պաղտասարեանի

Շաբաթ, 15 յունիս 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Քանատայի Նարեկի Տիրամայր կաթողիկէ հայոց թեմին օգնական եպիսկոպոս Բարսեղ Մանուէլ Ծ. վրդ. Պաղտասարեանի եպիսկոպոսական օծումը` ձեռամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, առընթերակայութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեանի եւ փոխժողովրդապետ Կարապետ վրդ. Գըլնճեանի, խարտաւիլակութեամբ Պէյրութի թեմին...

«Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 7-րդ Դասարանի Ամավերջի Ունկնդրութիւն

«Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 7-րդ Դասարանի Ամավերջի Ունկնդրութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, երկուշաբթի, 17 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2023-2024 կրթական տարեշրջանի 7-րդ դասարանի ամավերջի ունկնդրութիւն` ներկայութեան Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան, որ նշեց, թէ...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ԼԵՄ-ի ԵՒ ԼՊՄ-ի Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագիրի Եզրափակիչ Հանդիպում Եւ Հաստատագիրներու Տուչութիւն Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ԼԵՄ-ի ԵՒ ԼՊՄ-ի Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագիրի Եզրափակիչ Հանդիպում Եւ Հաստատագիրներու Տուչութիւն Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Շաբաթ, 15 յունիս 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ` գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրի եզրափակիչ հանդիպումն ու հաստատագիրներու տուչութիւնը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ի պատասխանատու Քրիստ Գճըլեան, որ առաջին հերթին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Երեքշաբթի, 18 յունիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուժթապա Ամանին` ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական պատասխանատուներուն: Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը եւ այս ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում: Վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Արցախի հարցին` շեշտեց արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը, միջազգային հովանաւորութեան ներքեւ, եւ յիշեց Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ...

«Վերականգնում` Խաղի Միջոցով» Ծրագիրի Մեկնարկ

«Վերականգնում` Խաղի Միջոցով» Ծրագիրի Մեկնարկ

Ուրբաթ, 7 յունիս 2024-ին «Գարակէօզեան» հաստատութենէն ընթացք առաւ «ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ ԽԱՂԻ ՄԻՋՈՑՈՎ» ծրագիրի մեկնարկի նախագիծը` ներկայութեամբ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար տոքթ. Ֆիրաս Ապեատի, Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Քրիսթոֆր Վիվիքի, ԵՈՒՆԻՍԵՖ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ` «ԼԵԿՕ» միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն: Այս ծրագիրին հիմնական նպատակն է երեխաներուն տրամդրել ապահով միջավայր եւ միջոցներ` խաղալու, սորվելու, ինքնադրսեւորուելու եւ արտայայտուելու համար: Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին կողմէ:...

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն

Ձեռամբ ՆԱԳՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Շաբաթ, 15 Յունիս 2024-ի, ժամը 16.00-ին, Պուրճ Համուտի «Ս. Փրկիչ» Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Հայրապետական Ս. Պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի «Տիրամայր Նարեկի» Հայ Կաթողիկէ Թեմին Օգնական Եպիսկոպոսին Գերյարգելի Հայր Բարսեղ Ծ.Վ. Պաղտասարեանի Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկանի Աջակցութեան Դիմեց Արցախի Եւ Գերիներու Հարցով

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկանի Աջակցութեան Դիմեց Արցախի Եւ Գերիներու Հարցով

Քանի մը օրեր առաջ, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին հետ ունեցած իր հանդիպման ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց անցնող շրջանին Արցախի հարցին գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար` միաժամանակ խնդրելով, որ նոյն զօրակցութիւնը շարունակուի Արցախի հայութեան միջազգային երաշխաւորութեամբ Արցախ վերադառնալուն եւ Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակման գծով: Վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ վեհափառ հայրապետը նաեւ խօսեցաւ...

Յիսուսի Կենդանարար Մարմնոյ Հանդիսաւոր Թափօրով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը Օրհնեց Պուրճ Համուտը

Յիսուսի Կենդանարար Մարմնոյ Հանդիսաւոր Թափօրով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը Օրհնեց Պուրճ Համուտը

Նախագահութեամբ հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին, հրաւէրով Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան, հազարաւոր հայորդիներ մասնակցեցան Յիսուսի Սուրբ Սրտին ջերմեռանդութեան փակման տօնախմբութեան եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօնին: Ուրբաթ, 7 յունիս 2024-ի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին մատաղը օրհնուեցաւ ձեռամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին, առընթերակայութեամբ Զմմառու միաբանութեան Ս. Միքայէլ եւ երանելի Իգնատիոս...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երկրորդականի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 5 յունիսի երեկոյեան վարժարանի շրջափակին մէջ: Հանդէսին նախագահեց Շահէ արք. Փանոսեան` առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին: Հանդէսին ներկայ էին` Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ շրջանաւարտներու հարազատներ ու բարեկամներ: Շրջանաւարտներու պաշտօնական մուտքէն ետք հանդէսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Չորեքշաբթի, 12 յունիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ  Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Հանդիպման ընթացքին տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին կողմէ առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ. ա) Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը եւ յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը: բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը: գ) Երրորդ Վատիկանի ժողով մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը` գործօն ներկայութեամբ ոչ...

«Ֆայհա» Երգչախումբին Հայերէնով Համերգը Պանծացուց Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի 100-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւնը

«Ֆայհա» Երգչախումբին Հայերէնով Համերգը Պանծացուց Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի 100-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւնը

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ Երաժշտութեան միջազգային պատմութիւնն ու ծագումը երբ կ՛ուսումնասիրենք, այնտեղ յստակօրէն կը վկայենք անոր ներգործօն ազդեցութեան եւ մարդուն հոգիին խորը թափանցելու կարողութեան մասին: Անոր միջոցով կարելի է արտայայտել` մարդկային զգացումները, միտքերը, գաղափարներն ու ապրումները: Ըստ հոգեբաններու, երաժշտութիւնը ոչ միայն կը բարելաւէ տրամադրութիւնը, այլ նաեւ կ՛օգնէ հասնելու նպատակներուն, ըլլալու աւելի ինքնավստահ ու հաւատալու սեփական ուժերուն: Այս առումով, յոյն գիտնական եւ փիլիսոփայ...

Հանդիպում Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Հանդիպում Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Երկուշաբթի, 10 յունիս 2024-ին, Պքերքէի մարոնիներու պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Ռայի պատրիարքին եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին միջեւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մտահոգութիւններ եւ յատկապէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը: Վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց մարոնիներու պատրիարքը, որ յաջորդ օրը` երեքշաբթի, պիտի մեկնի Վատիկան` Արեւելեան համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տալու, նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մեկնի Վատիկան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մեկնի Վատիկան

Երեքշաբթի, 11 յունիս 2024-ի առաւօտուն, միօրեայ այցելութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պիտի մեկնի Վատիկան: Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած է Վատիկանի Արեւելեան համալսարանին մէջ դասախօսութիւն տալու` «Կրօնին դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ: Վատիկան կատարելիք իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարին, միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահին եւ արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքի նախագահին հետ: Սոյն...

Կալա-Ընդունելութիւն Ճեմարանի Մէջ

Ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ին, Ճեմարանի «Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեան» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընդունելութիւն մը, ներկայութեան աւելի քան 100 անձերու: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ճեմարանի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ներկայացուց օրուան յայտագիրը: Ապա խօսք առաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, որ հակիրճ ակնարկով զեկուցեց Ճեմարանի աշակերտութեան թիւին, կրթական ու այլ...

Page 61 of 364 1 … 60 61 62 … 364

Արխիւներ